ԱԿՆԱՐԿ - 150 - ՄԻԱՅՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՐԻ…

Հայաստանի մէջ ահաւոր ու սարսափելի սովորութիւն մը սկսած է լայն տարածում գտնել մեր հասարակութեան մէջ, տարիները նուիրել կենդանիներու. Օրինակ՝ օձի, ձիի, եւ այլն: 

Դեկտեմբեր ամիսէն սկսեալ օրացոյցներ, ժամացոյցներ, նկարներ եւ այլ իրեր տարուան կենդանիներու նկարներով, նշաններով:

Մարդիկ անյագօրէն կը գնեն այդ օրացոյցները, ժամացոյցները, նկարները՝ «զարդարել»ու համար իրենց տուները, առանց գիտակցելու, թէ ի՛նչ կ՚ընեն, առանց մտածելու իրենց կատարածին անբնականութիւնը, առանց խորհելու այդ արարքին հետեւանքներու մասին:

Ի՞նչ կը նշանակէ տարին յանձնել կամ նուիրել կենդանիի մը: Կենդանիի մը, որ մարդուն իշխանութեան տակ է, տրուած է մարդուն համար: Մարդ, այդպիսով, իրեն տրուած իշխանութիւնը կ՚ոտնակոխէ, ինքզինք կ՚անարգէ, ինքզինք յանձնելով այդ կենդանիներուն:

Այս սովորութիւնը, սակայն, ո՛չ մէկ առընչութիւն ունի հաւատքի կամ քրիստոնէութեան հետ: Այս սովորութիւնը կու գայ Չինաստանէն, որ սկիզբ առած է Ն.Ք. 2-րդ հազարամեակէն եւ իր ամբողջական ձեւով գործածութեան դրուած է Հան Դինաստիայի ժամանակաշրջանին (Ն.Ք. 206 - Ք.Ե. 220): Այս սովորութիւնը անմիջականօրէն առընչուած է չինական լուսնային օրացոյցին, որ կը բաղկանայ 12 տարիներու շրջանով մը, եւ իւրաքանչիւր տարի ներկայացուած է կենդանիի մը միջոցով, այսպէս.

Առնէտ: Եզ: Վագր: Ճագար: Վիշապ: Օձ: Ձի: Այծ: Կապիկ: Աքաղաք: Շուն: Խոզ:

Այս կենդանիները, իրենց հերթին պատահականօրէն չեն ընտրուած: Չինացիները այս կենդանիներուն մէջ մարդկային բնաւորութիւններ, բարոյական գիծեր եւ ճակատագրական հակումներ կը գտնեն:

Անդին, ըստ չինական առասպելաբանութեան, Երկնային Կայսրը՝ Եու Հուանը, մրցում մը կազմակերպած է, ըստ որում, այն կենդանին, որ ամենէն շուտը հասնէր, տարիներու հերթականութեան մէջ տեղ պիտի գրաւէր: Այդ մրցումին արդիւնքին համաձայն ալ որոշուած են այդ տասներկու կենդանիները:

Ինչպէս նշեցինք, տարին կենդանիի մը նուիրելու սովորութիւնը սկսած է Չինաստանի մէջ եւ երկա՜ր ժամանակ անոր սահմաններէն դուրս չէ եկած: Ժամանակի ընթացքին, սակայն, այդ սովորութիւնը դուրս գալով Չինաստանէն, սկզբնական շրջանին տարածուած է ասիական ժողովուրդներու մէջ եւ ապա անցած է նաեւ արեւմտեան որոշ երկիրներ եւս:

Ինչ կը վերաբերի մեզի՝ հայերուս, ապա մեր աւանդութեան մէջ տարին կենդանիի մը կամ այլ որեւէ մէկ իրի կամ արարածի նուիրելու սովորութիւն չկայ եւ չէ՛ եղած երբեք: Այն ինչ ներկայիս կը տեսնենք, յատկապէս Հայաստանի մէջ, արդիւնք է մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան տգիտութեան, ըստ որում լայն տարածում գտած է այդ սովորութիւնը մեր մէջ: 

Զուտ մարդկայնօրէն երբ կը մտածենք այս սովորութեան մասին, ապա առողջ բանականութիւն եւ մտածելակերպ ունեցող մարդը, նման սովորութեան մը կը մօտենայ զզուանքով ու արգահատանքով: Ի՞նչ կը նշանակէ կամ ի՞նչ իմաստ ունի մարդուն կեանքը կապել կենդանիի մը եւ ըստ այդմ որոշումներ կայացնել, յոյսեր փայփայել, նպատակներ կապել, եւ այլն: Հիւանդոտ ուղեղը միայն կրնայ նման մօտեցում ցուցաբերել (ցաւօք այդ ուղեղներուն թիւը շա՜տ մեծ է մեր հասարակութեան մէջ՝ շարքային քաղաքացիէն սկսած մինչեւ բարձր ուսում ստացած քաղաքացին): 

Գալով հաւատքի տեսանկիւնին: Տարին կենդանիի մը նուիրելը կամ առնչելը ո՛չ միայն տգիտութիւն է, այլեւ՝ անարգանք Արարիչ Աստուծոյ նկատմամբ, որ աշխարհը ստեղծելէ ետք, աշխարհն ու անոր մէջ եղող ամէն ինչ՝ ընդ որում կենդանիները յանձնեց մարդուն, ըսելով. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք» (Ծն 1.28): Արդարեւ, մարդ ինչքա՜ն ինքզինք պիտի ստորացնէ, որ տարին իրենց յանձնուած կենդանիի մը նուիրէ: 

Աւելին, քրիստոնեայ հաւատացեալին համար պարզ պէտք է ըլլայ, որ ամէն ինչ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջն է, Անոր կը պատկանի ամէն ինչ եւ որպէս այդպիսին, ինք պէտք է իւրաքանչիւր տարի եւ բոլոր տարիները Աստուծոյ յանձնէ եւ Աստուծոյ ապաւինի, ու ո՛չ թէ իր յոյսը դնէ իր խնամքին ու իր իշխանութեան յանձնուած կենդանիներու:

Ըսինք, թէ ամէն ինչ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ է: Այս հաստատումին ամենէն զօրաւոր վկայութիւններէն մէկը Դանիէլի մարգարէութեան հետեւեալ տողերն են. «Աստուծոյ անունը յաիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ըլլայ, վասն զի իմաստութիւնն ու զօրութիւնը Անորն են: ԱՏԵՆՆԵՐՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ ՓՈԽՈՂԸ (մատնանշումը մե՛րն է), թագաւորներ վերցնողն ու թագաւորներ հաստատողը անիկա է. անիկա իմաստուններուն իմաստութիւն կու տայ ու հանճարեղներուն՝ գիտութիւն. խորունկ ու ծածկուած բաները Ինք կը յայտնէ, մութի մէջ եղածը գիտէ ու լոյսը Անոր քով կը բնակի: Ես Քեզի գոհութիւն ու փառք կը մատուցանեմ, ո՛վ իմ հայրերուս Աստուածը, որ ինծի իմաստութիւն ու զօրութիւն տուիր ու հիմա ինծի գիտցուցիր ինչ որ Քեզմէ խնդրեցինք, քանզի թագաւորին բանը մեզի գիտցուցիր» (Դն 2.20-23):

Այո՛, ատեններն ու ժամանակները փոխողը Աստուած Ի՛նք է եւ երբ այդ յատկութիւնը Աստուծմէ առնելով կենդանիներուն կը վերագրենք, ապա այդպիսով անարգած կ՚ըլլանք մեր Արարիչը եւ մենք մեզ դատապարտութեան ենթարկած կ՚ըլլանք: Դանիէլ մարգարէին այդ տողերը կը վկայեն ո՛չ միայն Աստուծոյ ատեններն ու ժամանակները փոխողը ըլլալուն, այլեւ, թէ ամէն ինչ Անոր ձեռքերուն մէջ է: 

Տարին կենդանիի մը կամ որեւէ մէկ այլ իրի նուիրելը հեթանոսներուն յատուկ սովորութիւն է, ինչպէս Երեմիա մարգարէն կը գրէ. «Ազգերուն ճամբաները մի՛ սորվիք ու երկինքի նշաններէն մի՛ զարհուրիք, վասն զի անոնցմէ հեթանոսները կը զարհուրին: Քանի ժողովուրդներուն սովորութիւնները ունայնութիւն են…: Անոնցմէ մի՛ վախնաք, վասն զի չարիք մը չեն կրնար հասցնել, ո՛չ ալ բարիք ընելու կարող են: Ո՛վ Տէր, Քեզի նման մէ՛կը չկայ. Դուն մեծ ես ու Քու անունդ զօրութեամբ մեծ է: Քեզմէ ո՞վ պիտի չվախնայ, ո՛վ ազգերու Թագաւոր, քանզի Քեզի կը վայելէ. վասն զի ազգերու բոլոր իմաստուններուն մէջ եւ անոնց բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ Քեզի նման մէ՛կը չկայ: Բայց անոնք բոլորովին անբան ու անմիտ են. անոնց կրօնքը ունայնութեան վարդապետութիւն է, փայտ է» (Եր 10.2-3, 5-8): Նոյնը կը վերաբերի Չինաստանէն եկած այս սովորութեան, որը հեթանոսական է եւ ո՛չ մէկ առնչութիւն ունի Աստուծոյ եւ Անոր արարածներու պսակին՝ մարդուն հետ: 

Նախքան որեւէ մէկ բանի հաւատալը, մեր տուն բերելը, մեր կեանք ու առօրեայ հրաւիրելը, պահ մը ուսումնասիրենք, մտածենք, փորձենք հասկնալ, թէ ի՛նչ է, ի՛նչ ծագում ունի, նոր միայն քայլի դիմենք: Աւելին, մէկ բան պէտք է յստակ ըլլայ, որ այս եւ բոլոր տարիները պէտք է Աստուծոյ եւ միայն Աստուծոյ նուիրուած ըլլան: Ո՛չ միայն տարիները, այլ՝ մենք մեզ եւս Աստուծոյ պէտք է նուիրենք՝ յանձնուելով ու ապաւինելով Անոր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 8, 2026