ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱԿԱՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ
Պետութիւններն ու ժողովուրդները մշտապէս եղած են մեծ մրցակցութիւններու մէջ՝ իրենց դատերը, գաղափարներն ու մշակոյթները տարածելու համար: Մեծ տնտեսական շահի հովանոցին տակ տեւաբար կատարուած են բազմաթիւ գործունէութիւններ ու քարոզչութիւններ՝ նայած դարաշրջանի ու ժամանակի գործիքաւորումներուն ու իւրայատկութեանց արհեստագիտութիւններուն: Քարոզչութիւնը միշտ ալ զէնքերէն մէկը եղած է պետութիւններուն ու ժողովուրդներուն, իսկ մեր ներկայ ժամանակը ամենաշատ զարգացած շրջանն է քարոզչութեան, ինչ որ կախեալ է արհեստագիտական յառաջդիմութենէն ու բաց աշխարհէն: Հնարաւորութիւններու ահռելի աճ արձանագրուեցաւ մեր ժամանակներուն եւ բոլոր ժողովուրդները ուղղակի կամ անուղղակի, ուղղորդուած կամ ակամայ, ինքնիշխանաբար կամ ենթակայութեամբ իրենց գովազդելու առիթը ստացան զանազան բնագաւառներու մէջ: Լրատուութիւնը, համացանցն ու մետիան մեծ ասպարէզներու վերածուեցան եւ մարդկային գործունէութեան մեծ մասը տեղադրուեցաւ այդ հարթակներ եւ մետիայի միջոցաւ գոյացաւ ապրուստի ու առօրեայի դրսեւորումներ: Այո՛, մնաց իրական կեանքի եւ ապրուածութեան յայտնաբերումներն ու եզրակացութիւնները՝ զանազան տեղերու եւ երկիրներու կեանքի ու կենսակերպի բաղդատման միջոցաւ, ինչ որ, նոյնպէս, ձեւով մը մեր ներկայ ժամանականերու բարեմասնութիւններէն են:
Արդի քաղաքական ամենամեծ քարոզչութեան ու հակաքարոզչութեան օրինակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Սովետական Միութեան միջեւ տեղի ունեցաւ, ինչ որ աւարտեցաւ Սովետական Միութեան խայտառակ պարտութեամբ: Վերջինիս կատարած սուտ ու կեղծ քարոզչութիւնը փլուզուեցաւ, երբ երկաթէ վարագոյրը քանդուեցաւ եւ միլիոնաւոր մարդիկ Արեւելեան Եւրոպայէն ու նախկին Սովետական Միութեան երկիրներէն անցան-խուժեցին Արեւմուտք: Այդ իրադարձութիւնը պատմութեան ամենացայտուն ու մարմնաւորուած օրինակն էր, քարոզչութեան մը բաժանման եւ ընդհանուր քարոզչութեան հասկացողութեան սնանկացման: Այո՛, որեւէ քարոզչութիւն ունի իր չափազանցութեան ու կեղծիքի ալ չափաբաժինը, բայց, Սովետական Միութեան պարագային այդ քարոզչութեան ու գաղափարախօսութեան ծանուցման արժէքը պարունակազրկուեցաւ։ Եւ մինչեւ հիմա Արեւելքը կը տառապի այդ մէկէն, թէեւ Չինաստան կը փորձէ այդ բեռէն ազատիլ։ Արեւմուտքը, Սովետական Միութեան քայքայումէն ետք, շահեցաւ աւելի վաւերականութիւն ու իր քարոզչութիւնը արդարացաւ, այսպէս ըսած ճերմկցաւ Սովետական Միութեան ձախողման ու բարձր կեղծիքի ֆոնին վրայ: Արդի աշխարհը, որ կազմուեցաւ 90-ականներէն յետոյ, անշուշտ, դարձաւ աւելի գովազդային եւ հետզհետէ աճ արձանագրեցին տնտեսական պարունակով մեծ գովազդները: Արեւմտեան կենսակերպն ու տնտեսական կազմուածքը ներխուժեց ու գրաւեց բոլոր երկիր մոլորակը։
Արդի քաղաքական պատմութեան ամենամեծ քարոզչութեան ու հակաքարոզչութեան օրինակը ցոյց տուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Սովետական Միութիւնը։ Անոնց հակաքարոզչութիւնը աւելի ցցուն ու աղմկոտ կը համարուի, քանի բացասականութիւններու վրայ կը կեդրոնանային: Անշուշտ, այդ մէկը աւելի անազնիւ էր, բայց, միշտ պարարտ հող շահելու տեղ ունէր: Ներկայիս պետական մակարդակով հակաքարոզչութեան ամենացայտուն օրինակը կը համարուի Իրանի կատարածը Իսրայէլին հանդէպ (անկախ անոր միջոցներու սակաւութեան) եւ Ռուսաստանի ու Հիւսիսային Քորէայի կատարածը նոյնպէս Արեւմուտքի դէմ: Այո՛, համաշխարհային լրատուութիւնը, մետիան ու զանգուածային քարոզչական միջոցները արեւմտեան ու զարգացած երկիրներուն սեփականութիւնն են, բայց եւ այնպէս, անոնք տեղ մը կ՚ազդուին հակաքարոզչութենէն: Ազատ աշխարհ հասկացողութեան երկսայրութիւնը այն է, որ զարգացած երկիրներն ալ հակադրուած են ընդունելու իրենց յօրի ու բացասական կէտերը, որոնք Ռուսաստանի նման երկիրներու արդարացումներ կու տան: Եւրոպային եւ ԱՄՆ-ին դէմ կատարուած հակաքարոզչութիւնը կը կայանայ մի քանի առանցքի շուրջ. փտած, նեխած ընկերութիւններ, այլասերած հասարակութիւններ, համատարած միասեռականութիւն, ընկճուածութիւն ու հոգեկան հիւանդութիւններ։ Եւ Ռուսաստանի Ուքրայնա ներխուժումէն ետք կատարուեցաւ այն քարոզութիւնը, թէ եւրոպացիները աղքատացած են ու մեծամասնութիւնը տնտեսական հարցեր ունի: Անաչառ ըլլալու համար կրնանք ըսել, որ թէեւ վերոյիշեալ բացասական կէտերը կան Եւրոպայի ու ԱՄՆ-ի մէջ, սակայն, փաստը կը մնայ փաստ, որ ներկայ բացայայտ աշխարհին մէջ, ուր ինչքան ալ կեղծիքն ու ամբոխավարութիւնը տեղ ունին (հակառակ իրենց ամենացած մակարդակներուն վրայ են, բաղդատմամբ անցած դարերուն), պարզ մարդիկ՝ թէ՛ արեւելքէն, թէ՛ հարաւէն կամ հիւսիսէն, տակաւին կը ձգտին տեղափոխուիլ Եւրոպա ու ԱՄՆ եւ այդ մէկը ցուցանիշներուն ցուցանիշն է: Իսկ պարզ ու անզէն աչքով կը տեսնենք, թէ միջին եւրոպացին ու ամերիկացին ուրախ է եւ ինքնաբաւ, աւելի զարգացած է, հարուստ ու քաղաքակիրթ, բաղդատմամբ Ռուսաստանի կամ Միջին Արեւելքի երկիրներու քաղաքացիներուն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան