ԱՍՏՂԵՐԷՆ ՀԵՌՈՒ (Ա.)
Հնակարկատին մեծ ասեղը փոքրիկ տղուն բերած վարդագոյն ծաղկաւոր կօշիկը կը նորոգէր։ Քրոջ կօշիկն էր. քանիերորդ նորոգուիլն էր՝ չէր գիտեր, բայց գիտէր, որ իր կօշիկին վիճակն ալ երանելի չէր...
Նոր կօշիկը երազել դիւրին էր, հասկնալը՝ դժուար։
Հասկցած էր տղան, որ ծայրը ծայրին բերելու համար քանի մը գործ աշխատող իր հօր եւ ամիսներէ ի վեր վիրահատութիւնը յետաձգած իր մօր համար շա՜տ դժուար էր հիմա, ա՛ս պահուն նոր կօշիկներու մասին մտածել։
Առաջնահերթութիւն մը կար, կա՛յ, կեանքին մէջ, մի՛շտ. երազելու, ցանկալու, պահանջելու եւ ունենալու կատարեալ իրաւունք ունեցող մանուկի մը ուսին դրուելիք ծա՜նր բեռ մը, որ գոհունակութեամբ շալկած էր այս տղան։
☆ Ժամանակակից դաստիարակութիւնը կը թելադրէ, որ մեր մանուկներուն կարողութիւններէն աւելի ծանր բարոյական պահանջքներով չծանրաբեռնենք զանոնք։
Հնակարկատին հին, ճմռթկուած, սեւ տոպրակներէն մէկուն մէջ փաթթուած քրոջ նորոգուած վարդագոյն կօշիկը գանձի մը պէս թեւերուն մէջ՝ դուրս ելաւ խանութէն։
Նոր տոպրակներ չկան, չե՛ն ըլլար հոն։
☆ Որքան ուշադրութիւն կը դարձնենք, անկախ անոնց մէջինէն, մեր շալկած տոպրակներուն ձեւերուն, գոյներուն, անոնց վրայ գրուածներուն, գծուածներուն, պիտակներուն, երեւցածներուն ու չերեւցածներուն։
Տղան վստահ էր, որ անհամբեր քոյրը զինք (կօշիկը) կը սպասէր, բայց ընելիքներ ունէր դեռ. մայրը զինք թելադրած էր հաց եւ գետնախնձոր գնել։
Մեծ ու փոքր հացերուն պէս՝ լաւ ու գէշ էին նաեւ գետնախնձորները։ Յըս-տակ էր կեանքը տղուն դիմաց. մեծ հացերը՝ առջեւ, փոքրերը՝ ետեւ։ Հասուն, մաքուր գետնա-խընձորները՝ վեր, փոքր, փոշոտ խակերը՝ վար։
Իրենց յարմարող հացն ու գետնախնձորները առնելու համար կօշիկին սեւ տոպրակը դուրսը տեղ մը դրաւ տղան, ներսէն առնելիքները առաւ, վաճառողին հարցումներուն պատասխանեց, եւս երկու հին տոպրակ ձեռքին՝ գնաց կօշիկին տոպրակը առնելու։
Չգտաւ։
Աջ, ձախ նայեցաւ՝ անօգուտ. տոպրակը չկար։
Քոյրը ուրախացնելու խանդավառութեամբ վազելով կտրելիք ճամբան երկնցուց ու երկնցուց իր ծա՜նր քայլերով, բայց, որքան ալ յետաձգէր, պիտի հասնէր տուն։
Դրան շեմին էր քոյրը.
-Կօշիկս բերի՞ր։
-Բերի։
-Ո՞ւր է։
-Մաման չըսա՞ւ, որ բերելուս պէս գետնախնձորները կեղ-ւես։
-Յետոյ կը կեղուեմ։ Կօշիկս ո՞ւր է։
-Առաջ կեղուէ՛, մաման չնեղուի։
Քոյրը հասկցաւ, որ կօշիկը եղբօր հետ չէ.
-Չի՞ նորոգուիր, հարցուց աղջիկը՝ յուսահատ։
-Նորոգուեցաւ, բայց ես կորսնցուցի։
Քրոջ աչքերը լեցուեցան։
Մօր կանչը լսուեցաւ։
Խօսակցութիւնը ընդհատուեցաւ։
Առաջնահերթութիւն մը կար...
Առանձին սենեակ (սենեակներ) չունէին այս մանուկները թաքուն խօսակցութիւն մը վարելու, բայց լուծում մը գտած էին անոնք. օրուան տարբեր խնդիրներուն մասին խօսող, վիճող ծնողներուն դիմաց նստած՝ իրենց միջեւ գացող-եկող դպրոցի տետրերուն մէջ գրելով կը զրուցէին անոնք.
-Ի՞նչպէս կորսնցուցիր կօշիկս, գրեց քոյրը։
-Պիտի գտնեմ. մամային, պապային բան մը չըսես։
-Վաղը ի՞նչպէս դպրոց պիտի երթամ։
-Իմ կօշիկներս հագիր։
-Մեծ են...
-Վնաս չունի։
-Դուն ի՞նչ պիտի հագնիս։
-Մի՛ հոգար, դուն։
-Շատ աղտոտած են կօշիկներդ...
-Հիմա կը լուանք, մաս-մաքուր կ՚ըլլան։
Ժպտացին մե՜ծ սրտերով այս մանուկները եւ լուացին ճղճիմ կեանքին աղտոտած կօշիկները։
☆ Բացի մեր ձեռքերէն, այսօր կա՞յ բան մը, որ տակաւին մեր ձեռքերով կը լուանք մենք։
Յաջորդ օրը, դպրոցին մէջ, ոտքէն քանի մը չափ մեծ կօշիկ հագած աղջնակը աչքերը գետնին, ամչնալով, քայլ մը առջեւ, տասը՝ ետեւ քալած պահուն ի՜նչ տեսնէ. իր վարդագոյն կօշիկները։
Գլուխը բարձրացուց, կօշիկներուն տէրը տեսնելու. իրմէ փոքր դասարանի աղջնակ մըն էր։
Կրնա՞ր սխալած ըլլալ։
Չէ։ Չէր սխալած։
Ի՛ր կօշիկներն էին։
lշարունակելի…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ