ԱՂՈՒՈՐ «ՎԻՈՒ»Ն

-Կ՚երթամ, ըսաւ տղաս։ 

-Վստա՞հ ես, հարցուցի։ 

-Կ՚երթամ, կրկնեց ան։ 

Տասներկու տարեկան տղաս առաջին անգամ ըլլալով եռօրեայ պտոյտի մը պիտի մասնակցէր եւ փաստօրէն՝ երկու գիշեր տունէն դուրս պիտի քնանար։ Զարմացայ անոր այսքան հանդարտ ընդունած որոշումէն, բայց մտածեցի, որ նորութիւնն է, թերեւս, զինք գրաւողը այս պարագային. պտոյտ ըսածս, իսկութեան մէջ, փոքրիկ բանակում մըն էր։ 

Քիչ մը մանրամասնեմ. 

Ի տարբերութիւն Գահիրէի հայկական համայնքին մէջ ընդունուած աւանդոյթին, բազմազբաղ մանուկ մը չէ տղաս։ Տեղի եւ հայկական միութիւններէն ներս ֆութպոլէն-պասքէթ, լողէն-փինկ փոնկ, հոսկէ-հոն վազող մայր ու տղայ չենք մենք։ Խնդրեմ, սխալ չհասկցուի։ Չեմ քննադատեր, երբե՛ք։ Երանի՜ ես ալ կարենայի այս տեսակի վազվզուք մը աւելցնել իմ գործերուս ու պարտաւորուածութիւններուս վրայ, բայց՝ անկարելի է, չե՛մ կրնար։

Է՜հ, մեր ծնողներուն արդիւնքն ենք մենք եւ մեր արդիւնքն են մեր զաւակները. գիտեմ, կը գիտակցիմ եւ յոյս մը սրտիս՝ բարին կը յուսամ։ 

Այսպէս, հատուկենտ իր զբաղմունքներուն մէջ, սիրով ընդունած էր ան իր հայ մտերիմ ընկերոջ հետ մասնակցիլ արաբ քրիստոնեայ եկեղեցիի մը հովանաւորած շաբաթական հանդիպումներուն, որոնք, ըստ էութեան, իր տարիքին յարմար, հաճելի եւ օգտակար ըլլալու էին, այլապէս՝ չէր շարունակեր յաճախել։ 

Ուաթսափի վրայ եռօրեայ բանակումը հրապարակուեցաւ։ Տղաքը հրճուեցան։ Մինչեւ վերջին վայրկեան տղայէս «չեմ երթար» մը ակնկալելով բանակումի ելլելու պատրաստուեցանք։ 

Եկաւ մեկնումի պահը եւ ջուրը ինկան ակնկալութիւններս։ Իրենց ծնողներուն հրաժեշտ տալու համար հանրաշարժէն իջնող մանուկներուն մէջ՝ իր տեղը նստած, մեզի հանդարտօրէն «պայպայ» մը ընող տղաս դիտեցինք մենք, եւ աւելին՝ ձեռքին հեռաձայն ըլլալով հանդերձ, երեք ժամ վերջ, իր ընկերոջ մամայէն իմացանք, որ «խերով-բարով» հասեր են տղաքը… 

Ա՞ս է իմ տղաս։ 

Տեղեկացուած էինք բոլորս, թէ հոն հասնելով հեռաձայնները մանուկներէն պիտի առնուին եւ յատուկ պահերու պիտի տրուին՝ մեզի հետ կապուելու համար։ Ի՛նչ նամակներ գրեցի տղուս նոյն հասած գիշերը, յաջորդ առտու, կէսօրին… անպատասխան։ 

Զիս մխիթարողը հրաշագործ ուաթսափին վրայ տեղադրուող լուսանկարներն էին։ Ամբողջովին օտար այս միջավայրին մէջ բոլոր նկարներուն մէջ ուրախ էր տղաս։ 

Փոքրիկ-մոքրիկ, բայց բանակումի մը բոլոր մանրամասները ապրեցան անոնք. վրան, քար, գամ, պարան, արեւ, քրտինք, փայտ, կայմ, դրօշակ, խաղ, վազվզուք, ցեխ, իյնալ, աղտոտիլ, չմաքրուիլ, լոգնալ, մաքրութիւնը զանազանել, աւազան, ծով, այրիլ, վառած ուսեր, կարմիր այտեր եւ, եւ… կիսուիլ, սիրել, չսիրել, ընդունիլ, ուտել, չուտել, ենթարկուիլ, ստիպուիլ, ընել, չընել, կաշկանդուիլ, դիմանալ, ազատ ըլլալու յարգը գիտնալ, համեմատել, գիտակցիլ… վստահ էի, որ այս քանի մը օրը արժէքաւոր բաներ պիտի աւելցնեն մանուկներուն հոգիներուն մէջ։ 

Երկրորդ օրուան երեկոյեան՝ նամակներս տեսաւ տղաս։ Գրաւոր չպատասխանեց, զանգեց. 

-Ուրա՞խ ես, հարցուցի։ 

-Այո՛, ըսաւ։ 

-Կերակուր կ՚ուտե՞սկոր։ 

-Այո՛… 

-Լաւ քնացա՞ր, անօթի մնացի՞ր, վախցա՞ր։

-Հիմա պէտք է գոցեմ։ Քեզի վիտէօ մը պիտի ղրկեմ։ Պալքոնէն «վիուն» շատ աղուոր է, ըսաւ տղաս։ 

Սպասած պատասխաններս քօղարկելու համար էր «աղուոր այդ վիուն», զգացի, բայց ուշ էր. միջնորդը ես՝ կեանքի առաջին դասերէն մէկը առած ըլլալու էր տղաս։ 

Զղջացի։ Այդ նեղ պահուն հարցուելիք հարցումնե՞ր էին ասոնք։ Չեմ գիտեր, ուրախանա՞մ, թէ՝ տխրիմ, որ սորվելիք, շա՜տ սորվելիք ունիմ դեռ։ 

Հալէպ, ուշացած գիշերներուս, պատուհանին առջեւ զիս ոտքի՛ սպասող մօրս պատկերը աչքիս՝ անքուն, տառապալի գիշեր մը անցուցած՝ դեռ քիչ էին անպատասխան մնացած հարցումներս. համբերութեամբ զինուած՝ սպասեցի։ 

-This is the last day, mom, գրեց տղաս վերջին գիշերը։ 

Ահա՛ քեզի նամակ. Ուրախութի՞ւն է աս, թէ տխրութիւն։ Լաւ որ, թէ՝ ափսոս, որ վերջին օրն էր… չհասկցայ։ 

Բանակումը վերջացաւ։ Ցաւօք, գործիս բերումով չկրցայ տղաս դիմաւորելու երթալ։ Հօրը հետ տուն վերադարձաւ ան։ Ուշացած տուն հասայ։ Յոգնած, բայց ուրախ, հանգիստ, գոհ, ախորժակով կերակուր ուտող տղաս գրկեցի, դեռ մէկ օր առաջուայ զղջումս ամբողջովին մոռցած՝ երեւի երեսուն-քառասուն հատ ալ հարցում հարցուցի եւ ենթադրեցի որ երկա՜ր-բարակ կը պատմէ ան։ 

Այդպէս չեղաւ։ 

Քիչ մը մոպայլովս խաղա՞մ, հարցուց տղաս եւ հեռացաւ։ 

Աւելի ուշ, գիտցայ, որ բանակումի երեք օրերուն ընթացքին իրար փակցուած անկողիններուն վրայ երբեք չէ քնացած, համարեա՜ կերակուր չէ կերած ու վերջին օրը անօթութենէն փորի ցաւով վերադարձած ու այս բոլորին մասին հօրը պատմած է տղաս։ 

Տխրելու, զայրանալու պատճառ չկար։ Աս է բանակումը։ Իր ընտրութեան, որոշումներուն, ընդունածին ու մերժածին պատասխանատուութիւնը լուռ կրած, դիմացած ու յաղթական վերադարձած էր ան։ 

Հարցում չէ՝ արդէն։ 

Ա՛ս էր իմ տղաս։ 

Մօտեցայ. 

-Ի՞նչու ինծի ալ չպատմեցիր։ 

Լռութիւն։ 

Ե՞րբ, ինչպէ՞ս լուռ մնալ կը սորվին մանուկները։ 

-Պայուսակիդ մէջ բաներ մը դրած էինք, որ եթէ անօթի մնաս…

-Արգիլուած է, մամա՛, չե՞ս գիտեր։

Գիտէի, բայց չգիտնալ ձեւացուցի։ Մանուկի մը, կեանքի մագիլներուն դեռ չհպած պայծա՜ռ մաքրութիւնը շնչեցի։ 

-Ի՞նչու ինծի ալ չպատմեցիր, տղաս, կրկնեցի։ 

-Որ չնեղուիս… 

Այս անգամ ե՛ս լռեցի։ 

Տուած, չտուած բոլոր հարցումներուս պատասխանը լսած էի ես։ 

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2025