ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԻ ՍԱՐՍԱՓ
Անցնող օրերուն եւ տարիներուն:
Քննարկումներու օրեր «Ալ-Ֆէյսալ» ճաշարանէն ներս, եւ վերլուծումներու ու երկխօսութիւններու տարիներ Լեռնալիբանանի եւ ալ-Րաուշէի սրճարաններուն մէջ: Այն օրերուն, երբ մեզմէ ոեւէ մէկը նոյնիսկ իր ձեռքին մէջ եղած լոլաճը (sandwich) չէր ուտեր՝ մինչեւ չզրուցէր անոր հետ եւ վերլուծէր արաբական եւ միջազգային կեցուածքը, իրենց բոլոր կողմերով:
Այո՛, անցնող այդ օրերուն եւ տարիներուն՝ նման մահամերձի աչքերուն, թէեւ տասը հոգի միասին մէկ սենեակի մէջ կը քնանային եւ քսան հոգին մէկ սեղանի շուրջ կը նստէին, մեզմէ մէկը եթէ հեռուն տեսնէր ընկեր մը կամ հին դրացի մը՝ որ խճողումին մէջ կը կորսուի, անմիջապէս մայթէ մայթ կը ցատկէր, կ՚անտեսէր երթեւեկութեան լուսացոյցը, ճանապարհային ոստիկանին վրայէն ալ կը ցատկէր, որպէսզի հասնի անոր՝ գրկէ եւ համբուրէ, ինչպէս նաեւ անձրեւի նման հարցումներ թափէ վրան՝ առողջութեան եւ որպիսութեան, ընտանիքին ու դրացիներուն, դպրոցի ընկերներուն, մանկութեան ընկերներուն, աշխատանքին ու ամսականին մասին. տակաւին, հիւրանոցի մէ՞ջ կը քնանայ, օտարականի մը նման ճաշարանէն նե՞րս կ՚ուտէ, քաղաքին մէջ տուն եւ ընտանիք ունի՞:
Իսկ հիմա, այս օրերուն մանաւանդ, եթէ մեզմէ ոեւէ մէկը Պէյրութի մէջ կամ այլուր մօտիկէն կամ հեռուէն հին կամ նոր ընկեր մը տեսնէ, փողոցի խճողումին մէջ ինքզինք կը կորսնցնէ. աւելին, կը շտապէ մայթէ մայթ ցատկելու, կ՚անտեսէ ճանապարհային լուսացոյցը, ճանապարհային ոստիկանին վրայէն ալ կը ցատկէ, աւելին՝ ամբողջ ճանապարհային կառոյցին վրայէն կը ցատկէ, փախուստ տալով եւ փախչելով որեւէ մէկ ողջոյնէ կամ խօսքէ, կամ յիշողութիւններէ: Այլեւս իր հոգը չեն ընկերն ու ազգականը, դպրոցի կամ բանտի ընկերը, մանկութեան կամ չափահասութեան կամ մանակապարտէզի ընկերը:
Ո՛չ մէկուն կը վստահի եւ ո՛չ մէկը կը վստահի իրեն:
Ո՛չ մէկ դուռ կը թակէ եւ ո՛չ ոք իր դուռը կը թակէ:
Ո՛չ մէկ հիւանդի կ՚այցելէ եւ ո՛չ ոք կ՚այցելէ իրեն:
Ո՛չ ոք կը հիւրընկալէ եւ ո՛չ ոք ալ կը հիւրընկալէ զինք:
Մարդիկը նամակատան գոց սնտուկներու նման եղած են, կողք կողքի են, բայց ո՛չ ոք գիտէ, թէ իր քովինին մէջ ի՛նչ կայ:
***
Անցեալին, ընկերութիւնը տարիներով, սերունդներով վրէժխնդրութեան պատերազմներու նման երկա՜ր կը տեւէին, իսկ սէրը՝ մայրիի ծառին նման առ յաւէտ էր: Նոյնիսկ երկու սիրահարներու ձեռքերու հպումին նշանները՝ ազդեցութիւնը, ամիսներով ու տարիներով չէր վերանար: Իսկ հիմա, թշնամանքի, աւերի նշոյլները նոյն օրն իսկ կը վերանան… Նշանտուքը, ամուսնութիւնն ու ամուսնալուծութիւնը մէկ շաբթուան ընթացքին կ՚աւարտին: Կարծէք յիսունականներէն ասդին կայ մէկը, որ ամէն ջանք կը թափէ, որպէսզի արաբ ժողովուրդները դատարկեցնէ ամէն տեսակի արժէքաւոր եւ հազուագիւտ բաներէ, ինչպէս հին տուները՝ նախքան ատոնք քանդելը:
Այլապէս, մահուան աստիճան ամօթ եւ նախատալից պիտի չըլլա՞յ, որ երեսուն տարի գիրքեր ու հատորներ, պատշգամներէն պատգամներ, հրապարակներուն վրայ պարեր՝ շուրջպարեր, մեկնաբանութիւններ, թերթերու եւ ռատիոկայաններու մէջ մեկնաբանութիւներ՝ միասնութեան, համերաշխութեան եւ համախմբուածութեան, ինչպէս նաեւ որակական եւ ճակատագրական համախմբուածութեան մասին՝ արաբ ժողովուրդներուն միջեւ, այլեւս մէկ սենեակի մէջ երկու անկողին իսկ չտեսնուի, կամ երկու բաժակներ, որոնք իրարու հանդիպին սրճարանի մը մէջ, կամ կօշիկի մէկ հատը միւսին կողքին՝ տան մէջ:
Նոյնիսկ ամենէն խիտ անտառներուն մէջ եւ անգամ ամենէն կատաղի փոթորիկներուն ընթացքին, այլեւս չի տեսնուիր, որ ծառ մը ուրիշ ծառի մը կը դպնայ, կամ ճիւղ մը՝ ուրիշ ճիւղի մը:
Իւրաքանչիւրը առանձինն կ՚աճի, կը քանդուի ու կը ցաւի:
Բանաստեղծը առանձին է իր սենեակին մէջ:
Գծագրիչը առանձին է իր գծարանին մէջ:
Սիրահարածը առանձին է իր անկողինին մէջ:
Բանտարկեալը առանձին է իր զնտանին մէջ:
Ճամբորդը առանձին է իր նստարանին վրայ:
Մանուկը առանձին է իր մանկապարտէզին մէջ:
Պատերազմիկը առանձին է իր խրամատին մէջ:
Հայրենիքն ալ առանձին է իր քարտէսին վրայ:
Ա՞յս է հետեւեաբար միասնութիւնը՝ որու համար արաբ ժողովուրդը տասնեակ տարիներէ ի վեր պայքարած է եւ հազարաւոր նահատակներ տուած է, իրագործելու համար զայն:
Արաբական Էմիրութիւններէն ներս նախկին պայքարող մը, որ առանձինն նստած էր գիշերը իր պատշգամին վրայ, ըսաւ ինծի.
-Ներկայիս, այլեւս Պաղեստինը չե՛մ ուզեր, միայն կ՚ուզեմ՝ «բարեւ դրացի» մը լսել…:
Յանդիմանեցի զինք պարտուողական այս կեցուածքին համար եւ հեռացայ անոր քովէն նեղանալով անոր ժխտողականութենէն եւ չգիտակցելէ ծալքերը ներկայ պատերազմին, որ կը մղենք: Նոյն գիշերը գրեթէ ուղտի մը հետ պիտի ձեռնուէի Տուպայի փողոցներուն վրայ, հարցնելու համար անոր որպիսութիւնը, զաւակներուն մասին, թերեւս ինք եւս հարցնէր ինծի իմ որպիսութիւնս եւ զաւակներուս մասին:
Չեխովի նշանաւոր պատմուածքին մէջի կառապանը, որ կը սգար իր զաւակին կորուստը, երբ զինք լսող ականջներ չի՛ գնտեր իր յաճախորդներուն մէջ, որպէսզի պատմէ անոնց իր ողբերգութիւնը… ուշ գիշերին զայն իր ձիուն կը պատմէ:
Արաբ մարդն ալ, որ իր մէկէ աւելի զաւակները, հողն ու ապագան կը սգայ, որո՞ւ պէտք է պատմէ իր ողբերգութիւնը ուշ գիշերին:
Մերսետեսի՞ն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ