ՀՈԳԵՒՈՐ ԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ (Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեանի դէպքը իբրեւ պատմագիտական դիտարկում)

Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեանի դէպքը Պոլսոյ եկեղեցական կեանքի նորագոյն պատմութեան մէջ կը ներկայացնէ միաժամանակ թէ՛ անհատական, թէ հաստատութենական գործընթացներու հատման կէտ մը։ Իր կեանքը՝ սկիզբ առած Գումգաբուի հոգեւոր ու կրթական միջավայրին մէջ, եւ հասած մինչեւ եպիսկոպոսական ծառայութեան ու անկման բարդ հանգրուանը, մաս կը կազմէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան փոխյարաբերութիւններու լայնագոյն դաշտին։ Այս ուսումնասիրութիւնը կը փորձէ վերակազմել Խոսրով (Անդրանիկ) Էմիրզէեանի կենսագրական ուղին՝ հիմնականին մամուլային աղբիւրներու եւ վկայութիւններու հիման վրայ, զայն դիտարկելով իբրեւ պատուհան՝ բացուած 20-րդ դարու երկրորդ կէսի պոլսահայ հոգեւոր-հասարակական իրականութեան վրայ։ Աշխատութիւնը կը միտի ո՛չ միայն փաստագրել պատմական որոշ դէպք մը, այլ նաեւ բացայայտել այն խորքային հակասութիւնները, որոնք կը բնորոշեն եկեղեցական կոչումին եւ անձնական ինքնութեան յարաբերութիւնը։

Պոլսոյ եկեղեցական կեանքի մօտաւոր անցեալի անցուդարձերուն հարեւանցի ծանօթութիւն մը ունեցողներն իսկ գիտեն անշուշտ հոգելոյս Տ. Խոսրով Աւ. Քհնյ. Էմիրզէեանի անունը։ Դեռ կ՚ըլլան անձեր ալ, որոնք անձնական շփում եւ ծանօթութիւն ալ ունեցած ըլլան իրեն հետ, բարեկամացած, վայելած մտերմութիւնը։

Ես իսկ, դեռ դպրոցական, ծանօթացած էի հետը. օր մը Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ բանկալին առջեւ, ողբ. Կարօ սրկ. Թէրզեան (ապա Տ. Կարապետ քահանայ) բռնեց օձիքէս ու իրեն յատուկ շեշտով «համբուրէ տեսնեմ սրբազանին ձեռքը» ըսելով, զիս դրաւ առջեւը մէկու մը, զոր նախապէս չէի տեսած, չէի ճանչցած, անունն իսկ չէի լսած։ Աշխարհական հագուստով, նիհար ու երկայնահասակ, մելամաղձիկ արտայայտութեամբ, հեզ ու խոնարհ երեւոյթով եւ զիս տեսնելուն պէս շրթներուն գծագրուած քաղցր ու ամօթխած ժպիտով անձ մը… «Աստուած օգնական», ըսի կարկամած եւ աջը առնելով համբուրեցի ու ճակատս տարի։ Այդ օրէն ետք յաճախ սկսայ լսել այդ անձի անունը՝ Խոսրով Էմիրզէեան, նախկին եպիսկոպոս, որ շուտով վերստին քահանայացաւ ու իր ծառայութիւնը մատուցեց Հայց. Եկեղեցւոյ։ Այս փոքրիկ աշխատասիրութիւնը իր մասին է եւ իր յիշատակին համար…

*

Անցեալի փառքէն մերկացած ըլլալով հանդերձ, 1930-ականներուն Գումգաբուն տակաւին կը պահէր հայկական թաղի իր ինքնութիւնը։ Տեղւոյն Պէզճեան Մայր վարժարանի երկսեռ աշակերտութեան թիւը, որ կը հասնէր 482-ի1, ինքնին խօսուն վկայութիւնն է ըսուածին։ Էմիրզէեան ընտանիքի գեղեցիկ տունը կը գտնուէր մերձակայ Ինճիրտիպիի հայ-բողոքականաց վարժարանի դիմացը։ Ակնցի Կարապետ Գոց շուկայի մէջ կաշիի գործով կը պարապէր, իսկ կինը՝ Մայրենի, արաբկիրցի էր, տանտիկին։ Ահա Անդրանիկ կը ծնի այս տունը, 1932 թուականին։ Ընտանեկան խաղաղ բոյնի մը մէջ կ՚անցնէր իր մանկութիւնը։ Ծնողները զինք առաջնորդեցին Պէզճեան Մայր վարժարան, երբ հասաւ դպրոցական տարիքը։

Դպրոցին զուգահեռ, ինչպէս կը պատահէր սովորաբար, կը սկսի եկեղեցի յաճախել. փոքրիկն Անդրանիկ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան ու խնկաբոյր կամարներուն ներքեւ է, որ առաջին անգամ կը ծանօթանայ Հայ Եկեղեցւոյ սքանչելի շարականներուն, հոգեպարար արարողութիւններուն։ Կիրակիները, ինչպէս բանաստեղծը կ՚ըսէ, իր հոգիին համար տօն մըն էր արդարեւ։ Առաւօտ կանուխ Ինճիրտիպիէն կ՚ուղղուէր Գումգաբու՝ «Տէր զի բազում»էն սկսեալ պարտաճանաչօրէն ներկայ գտնուելու արարողութեանց։ Ժամանակ մը վերջ եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած վառ սէրը գոհացնելու, շարականներու, արարողութիւններու վերաբերեալ աւելին սորվելու հետաքրքրութեան յագուրդ տալու նպատակով կը սկսի յաճախել եկեղեցւոյ երաժշտապետ Յովհաննէս Մէհթէրեանի դասերուն, որոնք տեղի կ՚ունենային ամէն չորեքշաբթի, տեղւոյն Գողթան դպրաց դասու հինաւուրց ուսումնարանին մէջ։

1719 թուականին հիմնադրուած Մայր եկեղեցւոյ Գողթան դպրաց դասը իր աւելի քան երկդարեայ պատմութեան ընթացքին խոր աւանդութիւններ ձեւաւորած հաստատութիւն մըն էր արդարեւ, երբ փոքրիկն Անդրանիկ Էմիրզէեան ոտք կը դնէր ուսումնարանի շեմը։ Յարութիւն ամիրա Պէզճեանի կողմէ, եկեղեցւոյ վերաշինութեան զուգահեռ, ԺԹ. դարասկզբին կառուցուած եւ 1865-ին ճարտարապետ Կարապետ Պալեանի կողմէ վերաշինուած ուսումնարանը, 1923-ին ճարտարապետ Սաֆարեանի ձեռամբ հիմնապէս վերանորոգուած էր2։

Համբարձում Լիմոնճեանով սկսած, Արիստակէս Յովհաննէսեանով ու Նիկողոս Թաշճեանով ուռճացած մեծանուն երաժշտապետերու փաղանգը, շարունակուած էր Գրիգոր Մէհթէրեանով՝ գալու եւ յանգելու համար այլ Մէհթէրեանի մը՝ Յովհաննէս Մէհթէրեանի։

Մեծանուն Գրիգոր Մէհթէրեանի շունչն ու հոգին դեռ եւս կը յածէր Մայր եկեղեցւոյ եւ ուսումնարանի մթնոլորտին վրայ։ Ինչպէս տարիներ անց պիտի գրէր Մէհթէրեանի սաներէն գրագէտ Եդուարդ Սիմքէշեան (Ծիծեռնակ գրչանունով), անուանի երաժշտապետը «իր վաստակով եւ հունձքով անջնջելի անուն մը եւ թուական մըն է[ր] ինքնին»3։ Ըստ Սիմքէշեանի, Մէհթէրեան եղած էր Մայր եկեղեցւոյ դպրական սերունդի հիմնադիրն ու անկորուստ ներշնչարանը։ «Քանի՜ քանի դպիրներ հասան իր հմտութեան լոյսէն առաջնորդուած, օծուեցան իր շունչով եւ փեթակի մը վերածեցին Մայր Եկեղեցիի երբեմնի Ուսումնարանը»4։ Մէհթէրեանը բնորոշող դիպուկ նախադասութիւն մըն է Գողթան դպրաց դասու դպրապետ Միհրան Գարագաշի սա վկայութիւնը. «… մենք կը ձանձրանայինք ուսանելէ, ան չէ՛ր ձանձրանար ուսուցանելէ. երբեք քանքարաթաքոյց չեղաւ ան, հաւասարապէս տուաւ բոլորին»5։

Փոքրիկն Անդրանիկ դարձաւ սանը Յովհաննէս Մէհթէրեանի, որ կը փորձէր լաւագոյն կերպով տեւականացնել Գրիգոր Մէհթէրեանի եւ իր նախորդներուն աւանդը։ Արդարեւ, Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ միջավայրն ու տեղւոյն Գողթան դպրաց դասու հինաւուրց ուսումնարանի մթնոլորտը լի էին Համբարձում Լիմոնճեաններու, Նիկողոս Թաշճեաններու, եւ մա՛նաւանդ Գրիգոր Մէհթէրեանի շունչով, զոր նորերուն կը փոխանցուէր անոնց արժանաւոր յաջորդ Յովհաննէս Մէհթէրեանով։ Մայր եկեղեցւոյ եւ Ենիգիւղի եկեղեցիներու երախտաւորներէն, Էմիրզէեանի դասընկերն ու բարեկամը տիար Երուանդ Քէշիշօղլու մեզի հետ ունեցած անձնական զրոյցի ընթացքին կը պատմէր, թէ «շատ բան սորված են Մէհթէրեանէն», 1940-ական թուականներուն։

Պէզճեան Մայր վարժարանի ուսումնառութեան տարիները կ՚աւարտին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, փոքրիկ աշակերտը իր ուսումը պէտք է շարունակէր Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ, որ շատ աւելի յարմար ու նախընտրելի էր իր դիրքով։ Սակայն Երկրորդ աշխարհամարտի մառախլապատ թուականներուն այս հաստատութիւնը ծնողներու միտքերուն մէջ անպատեհութիւն յառաջացնող բացասական կէտ մը ունէր. այդ շրջանին զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը դարձած էր քառասուն ամիս, մօտաւորապէս երեքուկէս տարի։ Ո՛չ միայն պատանիներ, այլեւ զինուորական տարիքի հասած չափահասներ զինուորական ծառայութենէ խուսափելու համար կա՛մ կ՚երկարաձգէին իրենց ուսման շրջանը եւ կամ դպրոց, հայերու պարագային յատկապէս, Կեդրոնական կ՚արձանագրուէին։ Այս իսկ պատճառով պատանի Անդրանիկի ծնողները չեն փափաքիր, որ իրենց փոքրիկը յաճախէ առաւելաբար մեծահասակներու յաճախած Կեդրոնականը, եւ ուրեմն կը նախընտրեն Բանկալթիի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը։

1825-ին Բերա հիմնադրուած Վիեննական Մխիթարեան հայրերու վարժարանը 1836-ին փոխադրուած էր Բանկալթի թաղամասը։ Ընդարձակ պարտէզի մը մէջ, Էմիրզէեանի յաճախած թուականներուն նորակառոյց, քարուկիր ու հոյաշէն շէնքի մը մէջ իր ազգանուէր առաքելութիւնը տեւականացնող կրթական հաստատութիւն մըն էր ան եւ կը շարունակէր Մխիթարեանց խոր աւանդութեամբ օծուն, աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր ուսեալ ու բարեկիրթ զաւակներ պարգեւել ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլեւ աշխարհասփիւռ հայութեան։ Այդ տարիներու տնօրէնն էր Կարապետ Քիւրքճեան (1889-1963), սակայն վարժարանի շունչն ու ոգին, անկասկած, Մխիթարեանց Պոլսոյ վանատան մեծաւոր Հ. Հմայեակ Ծայրագոյն Վարդապետ Համբարեանն (1881-1952) էր, իսկ Հ. Սարգիս Վրդ. Բարոյեան, Հ. Գրիգորիս Վրդ. Մանեան, Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Այանեան, Թորգոմ Գալընեան, Կարապետ Ճիլաճեան, տքթ. Շահնուր Շահէն, տքթ. Վարդ Շիկահեր, Գոհարիկ Տիրատուրեան եւ այլն որպէս ուսուցիչ կը պաշտօնավարէին վարժարանէ ներս։

Պատանի Անդրանիկ Գումգաբուէն Բանկալթի՝ դպրոց երթալու համար առտուն կանուխ, ժամը 7-ի պէս ճամբայ կ՚իյնար։ Ընկերոջ՝ Երուանդի հետ նախ կը բարձրանային Պէյազըտ, ուրկէ կ՚առնէին զիրենք Հարպիէ փոխադրելիք հանրակառքը ու 8:30-ի պէս կը հասնէին դպրոց։ Դպրոցական առօրեան լեցուն էր պարապմունքով, այնքան որ դպրոցէն ետք շատ անգամ ժամը 17-էն մինչեւ 19-ը սերտողութեան պահեր ալ կ՚ունենային։ Մեծաւոր Հ. Հմայեակ Վրդ. Համբարեան սերտողութեան պահու մը ընթացքին կը հետաքրքրուի այս երկու ուշիմ ու իրարմէ անբաժան մտերիմ պատանիներով եւ կը հարցնէ անոնց, թէ ուրկէ՛ կու գան։ Երբ կը տեղեկանայ անոնց համեմատաբար հեռաւոր Գումգաբուէն վարժարան հասնելու հանապազօրեայ «ոդիսական»ին, կ՚առաջարկէ իրենց մնալ գիշերօթիկ բաժինը, որ հաստատուած էր վարժարանի հիմնադրութեան իսկ օրէն սկսեալ։ Ընտանիքներու ալ համամտութեամբ, Անդրանիկ Էմիրզէեան եւ ընկերը գիշերօթիկ կը գրուին։ Երկու շաբաթը անգամ մը միայն արտօնուած էին տուն դառնալու։

Կիրակի մը, դասասենեակ մը առանձնացած, եկեղեցական մեներգներ ու շարականներ կ՚երգէին, երբ յանկարծ դուռը կը բացուի եւ կը յայտնուի ներքին հսկիչ Կարպիս Այանեան՝ հետագայի Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Այանեանը։ «Դպի՞ր էք, տղա՛ք», զարմանքով կը հարցնէ ան։ Հաստատական պատասխանը ստանալէ ետք, Այանեան կ՚ըսէ անոնց, թէ այսուհետեւ մաս պիտի կազմեն երգչախումբին։

Արդարեւ, վարժարանի յարակից Մխիթարեան վանատան Անարատ Յղութիւն մատրան երդիքին տակ 1936 թուականին կազմուած էր Մխիթար դպրաց դաս-երգչախումբը, որու ղեկավարն էր հմուտ երաժիշտ ու խմբավար Կարպիս Այանեան։ Մայր եկեղեցւոյ Գողթան դպրաց դասէն իրենց քաղած բարիքները պատանիները կը սկսին բաժնել Մխիթարեանց յարկէն ներս. Այանեան երգչախումբը սկսած էր վարել մէկ քովը Անդրանիկը, իսկ միւս քովը Երուանդը առած եւ Ս. Պատարագի երգեցողութեան կարեւոր մեներգները կը յանձնէր անոնց։

Անդրանիկ Էմիրզէեան 1948-ին Ը. դասարանը աւարտելէ վերջ կը լքէ Մխիթարեանը։ Դասընկերը՝ Երուանդ կը տեղեկացնէ, որ ան ունէր մէկ նպատակ՝ «վարդապետ ըլլալ», ըլլալ հոգեւորական, դառնալ եկեղեցական՝ սպասաւորը Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցիի։ Այս վեհ նպատակին հասնելու համար արդէն իսկ երիտասարդութեան սեմին կանգնած Անդրանիկ կը դիմէ հոգեւոր վերին իշխանութեան եւ կը սկսի հետեւիլ պատրիարքարանի յատուկ լսարանի դասընթացքներուն։

Հոգեւորական ըլլալու ճանապարհին իր ցուցաբերած խանդավառութիւնը կը գնահատուի Կ. Պոլսոյ հայոց նորընտիր պատրիարք Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի եւ եկեղեցական իշխանութեանց կողմէ եւ Անդրանիկ Էմիրզէեան սարկաւագ կը ձեռնադրուի ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, 25 դեկտեմբեր 1951-ին, երեքշաբթի, Ս. Ստեփանոսի տօնին, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր կը ծառայէր ի տղայ տիոց։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գարեգին Աբեղայ Գազանճեան (հետագային պատրիարք հայոց Կ. Պոլսոյ)։ Էմիրզէեան մինչեւ 1953 թուականը կը շարունակէ հետեւիլ պատրիարքարանի երդիքին տակ ընթացող ընծայարանի դասընթացքներուն։ Այդ միջոցին իրեն կը յանձնուին զանազան պարտականութիւններ ալ. այսպէս, ան կը վարէ պատրիարքարանի նորահաստատ պաշտօնական հրատարակութեան՝ «Շողակաթ» հանդէսի վարչութիւնը։ Էմիրզէեան 1953-1954 տարեշրջանին տարբեր պաշտօններ կը ստանձնէ նաեւ Սկիւտարի նորաբաց Ս. Խաչ դպրեվանքէ ներս։

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կիլիկիոյ հայաթափումէն ետք երկար տարիներ մնայուն կայք մը փնտռած, թափառումի ու անորոշութեամբ լի տարիներէ ետք 1930-ին վերջապէս Պէյրութի արուարձաններէն Անթիլիաս հաստատուած Սիսի կաթողիկոսութեան՝ նոյն տարին իսկ Սահակ Բ. Խապայեան շնորհազարդ կաթողիկոսի կողմէ հիմնադրուած դպրեվանքը իր շուրջ երեսնամեայ պատմութեան ընթացքին մինչ այդ քանի մը թրքահայ աշակերտ ընդունած էր արդէն6։ Անդրանիկ Սրկ. Էմիրզէեան կու գար ամբողջացնելու այդ շարքը՝ դառնալու համար միակը, որ պիտի ստանար քահանայական օծում՝ դառնալով անդամը Անթիլիասի միաբանութեան։

Անդրանիկ Սրկ. Էմիրզէեան արդեօք ինչո՞ւ իր քայլերը Անթիլիաս ուղղելու պարտաւորուեցաւ։ Զինք ճանչցած անհատներու հետ մեր ունեցած անձնական զրոյցներէ մեկնելով կարելի է ենթադրաբար ըսել, թէ Էմիրզէեան մերժում ստացած էր Պոլսոյ եկեղեցական իշխանութենէն։ Սարկաւագ ձեռնադրուելէ, պատրիարքարանէ ներս զանազան պարտականութիւններ ստանձնելէ ետք ի՞նչ պատահած էր արդեօք, որ Գարեգին Արք. Խաչատուրեան պատրիարքը յարմար չէր նկատած անոր ձեռնադրութիւնը։

Էմիրզէեան Անթիլիաս կը հասնէր, երբ մեծանուն եկեղեցականի մը՝ Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսի 1952-ին վախճանումէն ետք գոյացած քառամեայ թափուր շրջանը վերջ գտած էր աղմկայարոյց ընտրութեամբ մը եւ Սսոյ աթոռը ունեցած էր նոր գահակալ մը՝ յանձին Զարեհ Ա. կաթողիկոսի (Փայասլեան)։ Բայց տակաւին հանդարտած չէր շիկացած մթնոլորտը։

1957-1958 թուականներու միջեւ Անդրանիկ կ՚ուսանի Անթիլիասի դպրեվանքի ընծայարանի բաժինը, զոր կ՚աւարտէ փայլուն յաջողութեամբ։ Իր շրջանին դպրեվանքի տեսուչն էր Տ. Արտաւազդ Վրդ. Թրթռեան, որ Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի հրամանով փոխարինած էր ուսման համար Օքսֆորտ մեկնած Տ. Գարեգին Վրդ. Սարգսեանը (հետագային կաթողիկոս Ամենայն Հայոց)։ Այդ տարեշրջանին որպէս ուսուցիչ կը պաշտօնավարէին Տ. Գրիգոր Աբեղայ Փիտէճեան (եւրոպական երաժշտութիւն, շարականներու ուսուցում), Տ. Երուանդ Աբեղայ Աբէլեան (Ս. Գրոց պատմութիւն), Տ. Կորիւն Քհնյ. Շրիգեան (քրիստոնէական, աշխարհագրութիւն), ինչպէս նաեւ բանաստեղծ ու մտաւորական Վահէ Օշական (ֆրանսերէն), նախկին իսթանպուլահայ գրագէտ Մինաս Թէօլէօլեան (հայերէն), անուանի բանաստեղծ Մուշեղ Իշխան եւ այլն։

Անդրանիկ Սրկ. Էմիրզէեան 13 յուլիս 1958-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ՝ ձեռամբ դռան եպիսկոպոս Տ. Արտակ Եպսկ. Մանուկեանի7, օծակից ունենալով Սեդրակ Սրկ. Լափաճեանը, որ կը վերանուանուի Տ. Սմբատ Աբեղայ8։ Խիստ հաւանաբար անունը ստացած էր արմաշական նահատակ Խոսրով Եպսկ. Պեհրիկեանէ, ինչպէս իր օծակիցը՝ նոյնպէս արմաշական նահատակ Սմբատ Սաատէթեանէ։

Տ. Խոսրով աբեղայ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը կը մատուցէ ու կը քարոզէ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի տօնին, 17 օգոստոս 1958-ին, Պէյրութի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ9։

Ձեռնադրութենէ ետք Խոսրով աբեղայ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կառոյցներէն ներս կը լծուի մանկավարժական ու գրական բեղուն գործունէութեան։ Այսպէս, ան քրիստոնէական կը դասաւանդէ դպրեվանքէն ներս (1958-59), ուր կը վարէ նաեւ հսկիչի պարտականութիւն։ Կը դառնայ կաթողիկոսութեան «Հասկ» հանդէսի խմբագիրը՝ 1959-1961 թուականներուն10, ինչպէս նաեւ՝ գրատան վարիչն ու կաթողիկոսութեան արկղակալը։ 1960-61 ուսումնական տարեշրջանին Խոսրով աբեղայ Անթիլիասի դպրեվանքէն ներս, Ժառանգաւորաց բաժնի ու քահանայից լսարանի սաներուն կը դասաւանդէ Ս. Գիրք11։

Մէկ քանի տարի վերջ, առ ի գնահատութիւն իր ծառայասիրութեան, 25 մարտ 1961-ին, շաբաթ, յետ երեկոյեան ժամերգութեան, ձեռամբ Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի, կը ստանայ վարդապետական գաւազան12։

Տ. Խոսրով վարդապետ միշտ կը շարունակէ իր մանկավարժական ծառայութիւնը կաթողիկոսութեան կրթական հաստատութիւններէն ներս։ Այսպէս, 1961-1962 տարեշրջանին գործնական ծիսագիտութիւն կ՚աւանդէ դպրեվանքի մէջ, քահանայից դասարանի աշակերտներուն։ Խոսրով վարդապետ հովուական ծառայութիւնն ալ կը շարունակէր՝ քարոզելով Պէյրութի հաւատացեալ ժողովուրդին։ Իր այս հոգեւոր զրոյցներէն մէկուն հանդիպեցանք «Հասկ»ի մէջ, ուր տպուած էր «Յետ յարութեան տօներ» յօդուածը՝ խօսուած Պէյրութի ձայնասփիւռէն, 4 յունիս 1961-ին, կիրակի, կէսօրէ յետոյ ժամը 4.45-5.00-ի միջեւ13։

Խոսրով վարդապետ հովուական ծառայութիւնը իրականացնելու միջոցին արկածի մըն ալ կ՚ենթարկուի։ 25 փետրուար 1962-ին, Ս. Վարդանանց տօնի առիթով ան մասնակցած էր Անթիլիասէն դէպի հիւսիս գտնուող պատմական Պիպլոս, այժմ Ճըպէյլ քաղաքը հանգրուանած Թռչնոց բոյն որբանոցի մէջ կատարուած հանդէսին։ Վերադարձի ճամբուն վրայ ինքնաշարժի դժբախտ արկած մը կը պատահի եւ կը վիրաւորուի հայր սուրբին ոտքը. այս պատճառով ան կը զրկուի այդ տարուան Մեծ պահոց շրջանին հոգեւոր ծառայութիւն բերելէ14։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՊՈԼԻՍ

Տարիներու ուսման, ծառայութեան եւ օծման յաջորդեց վերադարձը այն քաղաքը, ուր ամէն ինչ սկսած էր։ Տ. Խոսրով վարդապետը կը վերադառնար Պոլիս՝ այլեւս ո՛չ թէ որպէս երիտասարդ սարկաւագ կամ ուսուցիչ, այլ իբրեւ կուսակրօն հոգեւորական, իր փորձառութեամբ ու նոր հանգամանքով։ Նորընծայ հոգեւորականը կը մտնէ դարձեալ այն միջավայրը, որուն ծանօթ էր մանկութենէ, բայց հիմա անոր առջեւ կը բացուի աւելի լուրջ պատասխանատուութիւններով ու հոգեւոր պարտաւորութիւններով լեցուն անդաստան մը։ Պոլիսը իր եկեղեցիներով, վարժարաններով ու խճողուած անցուդարձերով, դարձեալ պիտի դառնար իր ծառայութեան ասպարէզը եւ անգիտակցաբար նաեւ իր ճակատագրական փորձութեան թատերաբեմը։

Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեան պատրիարքի 22 յունիս 1961-ին վախճանումէն եւ Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի 11 հոկտեմբեր 1961-ին պատրիարք ընտրուելէն ետք, Տ. Խոսրով Վրդ. Էմիրզէեան 10 մայիս 1962-ին կը վերադառնայ Պոլիս15։ Այս թուականէն սկսեալ Տ. Խոսրով վարդապետը կը դառնայ անբաժանելի մէկ մասնիկը իսթանպուլահայ եկեղեցական կեանքին՝ հանդիսապետելով կամ մասնակցելով արարողութեանց, քարոզելով ու Ս. Պատարագ մատուցելով։

Տ. Խոսրով վարդապետ միջոց մը ետք կրօնագիտութիւն ու հայերէն կը սկսի դասաւանդել Ս. Խաչ դպրեվանքէ ներս, իսկ նոյեմբեր 1963-ին ալ կը ստանձնէ դպրեվանքի փոխ-տեսչութիւնը16։

Մինչ այդ, 18 փետրուար 1963-ին Անթիլիասի մէջ յանկածամահ կ՚ըլլայ Կիլիկիոյ Զարեհ կաթողիկոսը։ Խոսրով վարդապետ այդ շրջանին Պոլիս է, ուրկէ ցաւակցական հեռագիր մը կը տողէ հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Շիշլի, 22 փետրուար 1963 / Խոր ցաւով տեղեկացայ Վեհափառ Հայրապետի մահը։ Կ՚ուզէի անձամբ գալ եւ ներկայացնել նաեւ Սրբազան Պատրիարքը, դժբախտաբար անցագրի դժուարութիւն ունեցայ։ Ցաւակցութիւններս մեր Միաբանութեան։ / ԽՈՍՐՈՎ ՎԱՐԴԱՊԵՏ»17։

Խոսրով վարդապետ որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան ներկայացուցիչներէն մին 4 մայիս 1963-ին կը մասնակցի յաջորդ գահակալի՝ Խորէն Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան18։ 15-17 մայիս թուականներուն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ընտրութեանց մասնակցելու համար սփիւռքի զանազան գաղութներէն Անթիլիաս ժամանած եկեղեցական եւ աշխարհական պատգամաւորներու հետ կ՚այցելէ Երուսաղէմ19։

Խորէն կաթողիկոսը գնահատելով Խոսրով Վրդ. Էմիրզէեանի եկեղեցանուէր բազմամեայ ծառայութիւնը, որպէս արդար գնահատանք եւ արժանի վարձատրութիւն, 1964-ին անոր կը շնորհէ մանիշակագոյն փիլոն կրելու իրաւունք, ի ժամ հանդիսից եւ տօնից20։ Այս առթիւ հրապարակուած կենսագրութեան մէջ նշուած էր, թէ Խոսրով վարդապետ փոխ-տեսուչն է Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքի։ Մինչդեռ Տ. Շահան Ծայրագոյն Վարդապետ Սվաճեանի 20 օգոստոս 1962-ին հրաժարելուն21 պատճառով թափուր մնացած Ս. Խաչ դպրեվանքի վերատեսչութեան պաշտօնը արդէն իսկ յանձնուած էր անոր, որ իր պաշտօնը ստանձնած էր 1 դեկտեմբեր 1963-ին22։ Ան իր պաշտօնը կը շարունակէ մինչեւ 1965-1966 ուսումնական տարեշրջանի աւարտը՝ տալով իր հրաժարականը եպիսկոպոս ձեռնադրուելու առթիւ (այդ թուականէն ետք դպրեվանքի տնօրէն կը կարգուի անուանի արձակագիր Մկրտիչ Մարկոսեան)։ Խոսրով Վրդ. Էմիրզէեանի տեսչութեան շրջանին Ս. Խաչ դպրեվանքէն շրջանաւարտ եղած են Գրիգոր Մէշալէճեանի, Կարպիս Ալթունօղլուի, Ժան Գալայճըի, Արամ Գարթունի, Մուրատ Պիլիրի, Անդրանիկ Ճինկէօզի, Պարգեւ Պալըմեանի, Թագւոր Անանի, Մուրատ Եէօնտէմի, Խաչիկ Եըլմազեանի, Հայկ Նշանի, Եդուարդ Թովմասեանի նման յայտնի անուններ։

Խոսրով Վրդ. Էմիրզէեան կը շարունակէր մնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան մէկ անդամը եւ իբր այդ իր յարաբերութիւնները ջերմ ու մտերմիկ էին Անթիլիասի հետ։ Զոր օրինակ, այդ շրջանին, օգոստոսին Կիլիկիոյ միաբաններէն Եփրեմ Աբղ. Թապագեան ամրան արձակուրդի առթիւ կ՚այցելէ Պոլիս, որպէս հիւրը Խոսրով վարդապետի23:

Նոյն շրջանին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն կաթողիկոսը նամակ մը յղելով, կը յայտնէ Շնորհք պատրիարքին, թէ որոշուած է իր միաբանակից ընկերներուն հետծայրագնութեան աստիճան շնորհել Խոսրով վարդապետին, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ։ Նկատելով սակայն, որ Խոսրով վարդապետի անցագրային գործողութիւնները աւարտած չեն տակաւին, հաղորդուած է, թէ կարելի պիտի չըլլայ նշեալ թուականին հասնիլ Լիբանան։ Այս առթիւ Խորէն կաթողիկոս խնդրած է Շնորհք պատրիարքէն, որ պատշաճ առիթով մը ծայրագնութիւն շնորհէ Խոսրով վարդապետին24։

ԴՈԿՏ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

•շար.ը կարդալ՝ 14 յունուար 2026, չորեքշաբթի


1 «Հարիւրամեայ յոբելեան Պէզճեան Մայր վարժարանի Գումգաբու 1830-1930», աշխատասիրեց Թ. Ազատեան, տպ. «Կիւթէմպէրկ», Կ. Պոլիս, 1930, էջ 119։

2 «Յոբելինական յուշամատեան Գումգաբուի 250-ամեայ դպրաց դասուն եւ 45-ամեայ Գողթան երգչախումբին 1719-1924-1970», պատրաստեց՝ Վարուժան Քէօսէեան, Պոլիս, 1971, էջ 71։ 

3 Ծիծեռնակ, «Գրիգոր Մէհթէրեան», «Մարմարա», Պոլիս, 20 մարտ 1971։

4 Ծիծեռնակ, «Գրիգոր Մէհթէրեան», «Մարմարա», Պոլիս, 1 յունուար 1977։

5 «Ողբ. երաժշտապետ Գրիգոր Մէհթէրեանի յիշատակի ոգեկոչման հանդիսութեան առթիւ…», «Ժամանակ», Պոլիս, 6 մայիս 1958։

6 Մինչ այդ Անթիլիասի դպրեվանք ուսանելու փութացած էին քանի մը թրքահայեր, որոնք էին՝ Օննիկ Պալեան (ծն. 1935, Պոլիս), որ հոն կը մնայ 1950-1954 թուականներուն, Ոսկիան Մանճըլըքեան (ծն. 1936, Սեբաստիա), որ Անթիլիաս կը մնայ 1952-1953-ի միջեւ, Գրիգոր Պալըմեան (1944-2024, Պոլիս), որ 1960-1963 կ՚ուսանի դպրեվանքի մէջ եւ Վահան Տէր Յակոբեան (ծն. 1940, Մալաթիա), որ 1960-1962 թուականներուն կը մնայ Անթիլիաս։

7 «Հասկ», թիւ 7, յուլիս 1958, էջ 304-309։

8 Ապա արքեպիսկոպոս, վախճանեալ 2010-ին։

9 «Հասկ», թիւ 8-9, օգոստոս-սեպտեմբեր 1958, էջ 366։

10 Փաշայեան, Ստեփանոս աբղ. ,«Մատենագիտութիւն Հասկ ամսագրի», Անթիլիաս, 1905, Էջ 5։

11 «Տեղեկագիր Դպրեվանքի ԼԱ. (1960-61) տարեշրջանի», Գարեգին վարդապետ [Սարգիսեան], անդ, էջ 238։

12 «Հասկ», թիւ 3, մարտ 1961, էջ 128։

13 «Հասկ», թիւ 4, յունիս 1961, էջ 213-215։

14 «Հասկ», թիւ 2-3, փետր.-մարտ 1962, էջ 123։

15 «Գիշերը առաւօտը իր մէջ կը կրէ» (հրատարակութիւն Ս. Խաչ դպրեվանքի 50-ամեակին առթիւ), Իսթանպուլ, 2003, էջ 66։

16 Անդ։

17 «Հասկ», թիւ 2-3-4, փետր.-մարտ-ապրիլ 1963, էջ 227-228։

18 «Հասկ», թիւ 5-6-7, մայիս-յունիս-յուլիս 1963, էջ 352։

19 «Նոր Մարմարա», 16 նոյեմբեր 1966, «Սիոն», մայիս 1963, էջ 154։

20 «Հասկ», թիւ 2-3, փետր.-մարտ 1964, էջ 95։

21 «Շողակաթ», Ս. Խաչ դպրեվանքի 15-ամեակի յաւելուած, Ստանպուլ, 1969, էջ 78։

22 «Գիշերը առաւօտը իր մէջ կը կրէ» (հրատարակութիւն Ս. Խաչ Դպրեվանքի 50-ամեակին առթիւ), Ստանպուլ, 2003, էջ 24։

23 «Հասկ», թիւ 10, հոկտ. 1964, էջ 322։

24 «Ժամանակ», 10 յունիս 1965, եշ.։

Ուրբաթ, Յունուար 9, 2026