ՌՈԶԵԹՈՅԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Ռոզեթոյի ազդեցութիւնը հասարակագիտական ու բժշկական ոլորտներուն մէջ կարեւոր երեւոյթ մըն է, որ կը փաստէ, թէ մարդոց առողջութիւնը միայն կենսաբանական կամ անհատական սովորութիւններու արդիւնքը չէ, այլ խոր կերպով կապուած է ընկերային կառուցուածքին, համայնքային կապերուն եւ մշակութային արժէքներուն հետ։
Մարդկային կեանքը երկար ժամանակ դիտուած է իբրեւ անհատական պայքար մը. իր մարմնով, իր կամքով, իր յաղթանակներով ու պարտութիւններով։ Սակայն Ռոզեթոյի ազդեցութիւնը լուռ, բայց, հաստատ ձայնով «կը հակաճառէ» այս պատկերացումին եւ կը յիշեցնէ, որ մարդը երբեք առանձին չէ եղած եւ երբ առանձին կը դառնայ, այդ մէկը առանց հետեւանքի չի մնար։
Այս երեւոյթը իր անունը կը ստանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգին մէջ գտնուող փոքրիկ քաղաքակրթութենէ մը՝ Ռոզեթօ անունով, ուր 20-րդ դարու կէսերուն զարմանալի առողջապահական պատկեր մը նկատուեցաւ։ Ռոզեթոն բնակեցուած էր գլխաւորաբար Իտալիոյ հարաւային շրջանէն գաղթած ընտանիքներով, որոնք իրենց հետ բերած էին խիստ միասնական համայնքային կեանք մը, աւանդական ընտանեկան կառուցուածքներ եւ փոխադարձ աջակցութեան մշակոյթ մը։
1950-ական թուականներուն բժիշկներ եւ հետազօտողներ նկատեցին, որ Ռոզեթոյի բնակիչներուն մօտ սրտի հիւանդութիւններու եւ յատկապէս սրտի կաթուածներու տոկոսը զգալիօրէն աւելի ցած էր, քան Ամերիկայի այլ բնակավայրերուն մէջ։ Այս փաստը յատկապէս տարակուսելի էր, որովհետեւ ռոզեթոցիներու սնունդը առողջարար չէր համեմատաբար․ անոնք կը գործածէին կենդանական ճարպեր, կը ծխէին եւ ֆիզիքական շարժումը միշտ առաջնահերթութիւն չէր։ Սակայն, հակառակ այս բոլորին, անոնք կը վայելէին երկար կեանք եւ համեմատաբար առողջ սիրտ։
Յետագայ ուսումնասիրութիւնները բացայայտեցին, որ գաղտնիքը կը գտնուէր ո՛չ սնունդին, ոչ ծինային, ոչ ալ բժշկական խնամքին մէջ, այլ՝ համայնքային սերտ կապերուն մէջ։ Ռոզեթոյի մէջ մարդիկ ապրած էին իրարու մօտ, բազմասերունդ ընտանիքներու մէջ, ուր մեծահասակները յարգուած էին, առանձնութիւնը հազուադէպ եւ առօրեան լեցուն էր փոխադարձ այցելութիւններով, միասին ճաշելով, տօնակատարութիւններով եւ ընկերային շփումներով։ Անհատը ինքնին չէր առանձնացած, այլ կը զգար, որ ինք մաս կը կազմէր աւելի մեծ ամբողջութեան մը։
Ռոզեթոյի ազդեցութիւնը այսպիսով ցոյց կու տայ, թէ ընկերային համերաշխութիւնը, պատկանելիութեան զգացումը եւ հոգեբանական ապահովութիւնը կրնան ուղղակի ազդեցութիւն ունենալ ֆիզիքական առողջութեան վրայ։ Մարդիկ, որոնք կը զգան, թէ իրենք պաշտպանուած են համայնքով մը, աւելի քիչ կը տառապին քրոնիք ճնշուածութենէ, որ ժամանակակից բժշկութեան մէջ կը դիտուի որպէս սրտի եւ այլ լուրջ հիւանդութիւններու հիմնական պատճառներէն մէկը։
Սակայն, ժամանակի ընթացքին, երբ Ռոզեթոն սկսաւ աւելի շատ նմանիլ ամերիկեան միջին քաղաքներուն, երբ անհատապաշտութիւնը սկսաւ փոխարինել հին համայնքային կառոյցները եւ երիտասարդ սերունդը հեռացաւ աւանդական կեանքէն, այդ առողջական առաւելութիւնները կամաց-կամաց անհետացան։ Սրտի հիւանդութիւններու տոկոսը բարձրացաւ եւ համեմատուեցաւ շրջակայ քաղաքներուն հետ։ Այս փոփոխութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց, որ Ռոզեթոյի ազդեցութիւնը պայմանաւորուած էր ո՛չ թէ տեղագրական կամ ժառանգական գործօններով, այլ՝ մշակութային ու ընկերային միջավայրով։
Այս երեւոյթը այսօր լայնօրէն կը քննարկուի ո՛չ միայն բժշկութեան, այլեւ ընկերագիտութեան, հոգեբանութեան եւ քաղաքաշինութեան մէջ։ Ռոզեթոյի ազդեցութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ մարդը կենսաբանական էակ ըլլալէ անդին՝ խորապէս ընկերային էակ մըն է։ Առանց մարդկային ջերմութեան, առանց վստահութեան եւ փոխադարձ հոգածութեան՝ առողջ կեանք մը չի կրնար ամբողջական ըլլալ։
Փիլիսոփայական իմաստով, Ռոզեթոն կը ներկայացնէ կեանքի այն ձեւը, ուր «ես»ը չի գոյանար առանց «մենք»ին։ Մարդիկ այնտեղ կը ծնէին արդէն տեղաւորուած յարաբերութիւններու ցանցի մը մէջ, ուր ինքնութեան սահմանները յստակ չէին, բայց, անվտանգ էին։ Այս անվտանգութիւնը (ոչ ֆիզիքական, այլ հոգեբանական) կը թեթեւցնէր գոյութեան ծանրութիւնը։ Երբ մարդ վստահ է, որ ինք մինակ չէ իր վախերուն, իր ծերութեան, իր թուլութեան մէջ, մարմինը եւս կը շնչէ աւելի հանգիստ։
Հուսկ, Ռոզեթոյի ազդեցութիւնը կարեւոր դաս մըն է ժամանակակից աշխարհին համար, ուր արագութիւնը, մրցակցութիւնը եւ մեկուսացումը յաճախ կը տիրեն մարդկային յարաբերութիւններուն վրայ։ Այս օրինակը կը հրաւիրէ մեզ վերարժեւորելու համայնքի դերը, ընտանիքի ուժը եւ միասին ապրելու մշակոյթը՝ իբրեւ առողջ եւ լիարժէք կեանքի անփոխարինելի հիմնասիւներ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ