ՆԻՒ ԵՈՐՔ - ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Երբ Նիւ Ճըրզիէն հանրակառքով հասայ Նիւ Եորք, առտուան ժամը եօթն էր եւ օրը քիչ մը ամպոտ: Նիւ Եորքը իմ մէջ փորագրուած էր մանկութենէս ու մանաւանդ պատանեկութենէս: Անկախ համաշխարհային եւ պետական քարոզարշաւներուն ու անոնց թողած տպաւորութիւններուն՝ ակամայ կամ ինքնաբերաբար, մեր մէջ կայ հոգեւոր ու իմացական-երեւակայական բան մը, որ սնանող ըլլալու կողքին՝ աւելի ստեղծող է ու բացող, երանգաւորող է ու ներշնչող: Եւ այդ մէկը տեղաբանութեան հետ կը հիւսուի։ Մենք տեղաբանական արարած ենք, տեղածին ենք ու տեղաստեղծուած, իսկ տեղաբանութեան ամենավառ մղուածութիւնն ու մարմնացումը քաղաքներն են՝  հին կամ նոր, մեզ ներքաշող ու կլանող:

Նիւեորքներ շատ կային մէջս ու ի սկզբանէ կը հաւատայի, որ այդ քաղաքը հեքիաթ ըլլալու զուգահեռ, պէտք է ըլլար շատ իրական։ Եւ երբ ան ինծի ցոյց տար իր իրականութիւնը՝ պիտի գիտնայի, որ քաղաքները, քաղաքակրթութիւններն ու տեղակատարումը մեզի համար կեանք են:

Երբ հանրակառքը մտաւ Մենհեթթըն, սկսաւ երկնաքերներու տարափը, իսկ ես անջատեցի ամէն տեսակի նախակռահումներս ու համադրումներս եւ ուզեցի առաւելագոյնը նուիրուիլ ժամանակի հարուածագործման Նիւ Եորքով։ Անմիջապէս յայտնաբերեցի, որ քաղաքներու ապրումի, առաքելութեան, գոյահիւսման ու առօրեայի յայտնաբերման իմաստով՝ ամենաթունդը, շեշտակին, իրականը, տիտանական ու տեղ մըն ալ ճշմարիտը Նիւ Եորքն էր: Երբ ամպոտ եղանակին իջայ Մենհեթթըն ու վաղ առտուան ժամուն մարդոց ու շէնքերուն, լոյսերուն ու գովազդներուն, հոսքին ու օրուան հեւքին հետ զգացի, որ այստեղ ուրիշ է ամէն ինչ։ Իբրեւ նիւեորքեան նմանատիպ քաղաքներ՝ Տուպային, Փարիզը, Լոնտոնը, Մոսկուան եւ այլն, կեղծ են։ Անոնք կրնան դիւրաւ փոշիացում ապրիլ, երբ անխուսափելիօրէն մրցման ու կապկման մէջ մտնեն այս քաղաքին հետ: Քաղաքներու առաքելութիւնները եւ հաւաքական կոչման ի կատար դրուած յաւերժական մարդկային ջանքը կարծես եկած հասած էին Նիւ Եորք՝ հին Եգիպտոսէն, Միջագետքէն, եւրոպական ու չինական զարթօնքներու տեսիլքներու ալ գերազանցմամբ, նուաճուած էին երթեւեկութեան, մեթրոյի, թաքսիներու եւ ընկերութիւններու, վաճառատուներու, թատրոններու, ճաշարաններու ամենահասանելիութեան ու ամենատարողութեան միջոցաւ, չմտածելով՝ տարբերակումներու, տարբերուածութեան ու բնորդութեան, այլակերտման ալ խաղերուն մասին: Նիւ Եորքը իր առաջին տպաւորութեամբ ինքն էր, ինչ որ մարդկային միտքն ու աշխատանքը ամենաիւրայատկութեամբ ու առանց կաշկանդումներու կերտած էր:

Ու ես գրկեցի Նիւ Եորքը… Անցորդներէն սկսեալ փորձեցի բռնել ու լուծուիլ հեւքով մը, որ միշտ դժուար է համադրել՝ վայելման ու ապրուածութիւն ստեղծելու կամ քաղաքին մատուցածին հետ վերաստեղծելու ու ընբոշխնելու միջեւ գոյացած, իսկ Նիւ Եորքը հարիւրաւոր այդպիսի մատուցումներ ու խթաններ կու տար: Այնպէս կը մտածէի, որ հոս է քաղաքը իր բարձրագոյն պատկերացմամբ՝ ապրելու կամ վայելելու, այցելելու կամ փախչելու, սփռուելու կամ պահուըտելու, ըլլալու կամ չըլլալու, արարուելու կամ արարելու, հաստատուելու կամ քաղելու, մնալու կամ չմնալու… ու շատ մը ուրիշ կերտումներու համար, չէի կրնար գիտնալ: Միայն պարզ միտք մը կ՚արշաւէր հետս ու կ՚ուղեկցէր ինծի. «Եթէ 21-րդ դարը պիտի սահմանուի ու խորհրդանշուի, ապա Նիւ Եորքը կը կանգնի իբրեւ տաճար ու այցեքարտ, իբրեւ բնորդ ու առաքելութիւն»:

Ահաւասի՛կ, սկսաւ իմ հնգօրեայ շրջագայութիւնը դէպի Նիւ Եորք, որ ամէն ժամ ու վայրկեան ան իր շունչով ու փառքով կը բացուէր։ Երբ հասկացողութիւնը, ըմբռնումը կը դառնան անեզր ու միեւնոյն ժամանակ ոչնցաչնող, խորտակող ամէն տեսակի հինն ու նորը՝ ապրելակերպը կ՚առաքելանայ: Նիւ Եորքի կղզիագործումներն ու ովկիանոսացումները, Մենհեթթընն ու կեդրոնը, Մետիսընն ու Սենթրըլ փարքը, նաեւ ամէն մէկ անկիւն կը բուրէին մարդկային ըլլալ մը, որ համապարփակեցնող էր կարծես ու ամէն յաւերժութեան վաւերականութիւնը կերտելու իրաւունքը շահած: Անկարելի էր անտես առնել մարդկային մրցակցութիւնը, քաղաքակրթական բարձրագոյն համադրումները եւ, բնականաբար, տիեզերաշնչութեան բացայայտումն ու ընկալումը, որոնք այդ քաղաքին մէջ կ՚արշաւէին ամէնուրեք։

•շարունակելի…

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

 

Շաբաթ, Օգոստոս 9, 2025