ԱՍՏՂԵՐԷՆ ՀԵՌՈՒ (Բ.)

Ի՞նչ ընէր. մօտենա՞ր, հարցնէ՞ր։ Եղբօր կորսնցուցած իր կօշիկները ինչպէ՞ս հասած էին այդ աղջնակի ոտքերուն...

Նոյնիսկ եթէ մօտենար, ի՞նչ պիտի ըսէր իր կօշիկները հագած աղջկան. ի՛մս են ասոնք, ետ տուր։

☆ Ալ չեն ամչնար իրենց իրաւունքը պաշտպանել սորվող մեր մանուկները. ամչցողը վախկոտ է։ 

Բարոյական ինչպիսի՜ բեռ ու փորձութեան մը դիմաց էր ո՛չ թէ նոր, այլ՝ քանի մը անգամ նորոգուած իր կօշիկները ցանկացող փոքրիկ այս աղջիկը։ 

Հարցման նշաններով պաշարուած վերադարձաւ տուն եւ գրաւոր զրոյցներով իր տեսածը պատմեց եղբօրը։ Յաջորդ օրը, քոյր-եղբայր դպրոցէն տուն վերադարձող վարդագոյն կօշիկները հագնող  աղջնակին հետեւեցան։ Իրենց տունին նմանող տան դուռ մը զարկաւ աղջիկը, մայրն էր բացողը՝ հաւանաբար։ Քիչ մըն ալ սպասեցին, հայրը եկաւ։ Վիզէն փայտեայ փոքրիկ մը հարթակ կախած հնավաճառ էր։ Մայրն ու աղջիկը ձեռքերէն բռնած տուն մտցուցին զինք։ 

Շատ բան հասկցող քոյր-եղբօր համար դժուար չեղաւ այս տեսարանն ու անոր ետեւ թաքնուածը ընկալել։ Վարդագոյն կօշիկը, փաստօրէն, փոխանակման միջոցաւ հասած էր աչազուրկ հնավաճառին, որ զանոնք տուած էր իր աղջկան։ 

Մեծերուն գթասրտութեան, զոհուելու պատրաստակամութեան ծանօթ եմ, կրնա՛մ ենթադրել, թէ ուրկէ եկած կրնայ ըլլալ, բայց մանուկներունը՞...  ամէն ինչ անհաշիւ, անկաշկանդ  ցանկացողները պէտք չէ՞ ըլլան անոնք։ Մեծերունը նպատակամէտ ու շինծու,  մանուկներո՛ւնն է իրականը։

Դժուարին իրենց կացութեան մէջ, փոքրիկ քոյրն ու եղբայրը տեսան, կրցա՛ն տեսնել իրենցմէ աւելի՛ վատը. չմօտեցան այդ տան դուռին, ետ չուզեցին կօշիկը, որուն կորուստը իրար անցուցած էր իրենց առօրեայ կեանքը։ 

Քի՛չ մը յուսախաբ, շա՜տ գոհ, քի՛չ մը հպարտ, շա՜տ տխուր վերադարձան տուն, իրենց միա՛կ կօշիկին։ 

Օրեր անց, եղբօր մեծ կօշիկները հագած քոյրը դպրոցին մէջ նկատեց, որ նոր, կարմիր, փայլուն կօշիկ մը հագած էր նոյն աղջնակը։ Մօտեցաւ. 

-Վարդագոյն կօշիկներդ ո՞ւր են։ 

☆ Իր կօշիկները պարզապէս  ուրիշի մը վերագրելու եւ այսպիսի հարցում մը ուղղելու մեծահոգութիւնը կրնա՞նք պահանջել այսօրուան մեր մանուկներէն։ 

Աղջիկը զարմացաւ. 

-Ինչո՞ւ կը հարցնես։ 

-Շատ անուշիկ էին...

Աղջնակը ժպտաց եւ նոր կօշիկներուն նայելով ըսաւ. 

-Ասոնք անուշիկ չե՞ն։ Երէկ նոր բերաւ հայրս։ 

-Շա՜տ անուշիկ են, բայց վարդագոյն կօշիկները ի՞նչ ըրիք։ 

-Աղբահաւաքին տուաւ մայրս. շա՜տ հինցած էին։

Աղբահաւաքին տարած կօշիկները աւելի՞ հին էին, թէ՞ յոյսերը բարեսիրտ աս մանուկներուն... 

Գրաւոր իրենց զրոյցներու տետրերուն մէջ, քոյր-եղբայր՝ կորսուած վարդագոյն կօշիկին մասին բան մը չգրեցին այլեւս։

Բայց կօշիկը կորսնցնող եղբայրը տակաւին ինքզինք պարտաւոր կը զգար քրոջ կօշիկ մը ապահովելու։ 

☆ Պիտակի, գին ու նորաձեւութեան փութացող մեր աշխարհին մէջ, այո՛, կայ այլ աշխարհ մը, որուն մէջ մանուկները կը գոհանան միա՛յն նոր եւ երբեմն ալ՝ պարզապէս՝ կօշիկով մը։

Դպրոցի պատերուն փակցուած յայտարարութիւն մը տեսաւ եղբայրը. Ազատ վազքի մրցում։ Շարունակեց կարդալ, այսինչ նուէրը առաջինին, այդինչը երկրորդին, եւ... մարզական կօշիկ մը պիտի շահէր մրցումին երրորդ տեղը գրաւողը։ 

Վերջին յոյսն էր քոյրը ուրախացնելու։ 

Պատմեց մրցումին մասին։ Քոյրը ժպտաց, յետոյ յիշեց. 

-Հապա եթէ շահածդ նորէ՛ն ոտքիս մեծ ըլլայ... 

-Ես քո՛ւ չափովդ կօշիկ կ՚ուզեմ։ 

-Հապա եթէ տղո՛ւ կօշիկ ըլլայ... 

-Ես աղջկա՛յ կօշիկ կ՚ուզեմ։ Եթէ չըլլայ, վնաս չո՛ւնի, գոնէ նո՛ր կօշիկ մը կ՚ունենաս։

-Բայց վստա՞հ ես, որ երրորդ պիտի կրնաս ելլել, հարցուց քոյրը։ 

-Անշո՛ւշտ վստահ եմ։ 

Շաբաթներէ իվեր իր կօշիկը հագած քրոջ վերադարձը կը սպասէր ան իր երթալիք տեղերը հասնելու. ուշացած ըլլալով` բնականաբար կը վազէր, կը վազէր, քրոջը համար կը վազէր, կը յանդիմանուէր, կը զրպարտուէր, բայց հոգը չէր՝ քրոջը համար։ 

Մրցումին ալ՝ քրոջ համար պիտի վազէր եւ պիտի յաղթէր։ Վստահ էր։ 

Եկաւ օրը յաղթանակին։ 

Նո՛ր կօշիկին։ 

Շատ էին մրցողները, որոնք երկար-բարակ ճամբայ մը վազելով-վազելով պիտի հասնէին իրենց համար գծուած վերջի՜ն ճերմակ գիծին։ 

Երկար ճամբուն վրայ շատերը յոգնեցան, ինկան, քաշուեցան։ 

Մնացին վազողները, մի՛շտ վազողները, տեղ մը հասնելու համար վազելու վարժուածները, յոգնութենէն աւելի՝ յաղթանակը, նպատակը տեսնողները։ 

Առաջիններուն մէջ էր իր քրոջ համար վազող եղբայրը, աչքը յառաջ՝ իր առջեւի երկուքը չանցնելու, երրորդ մնալու։ 

Բայց հեշտ չէ՛ մրցիլը, յաղթելը եւ իրար չե՛ն նմանիր բոլոր մրցակիցները։ 

Իրեն մօտիկ, երրորդ ըլլալու շա՛տ մօտիկ ուրիշ վազող մը զինք հրեց։ Ի՛րը չէր, չէր կրնար ըլլալ, բայց գիտէր անազնիւ այս միջոցը ան։

Երկվայրկեաններ գետին մնաց։ 

Զինք հրողը առաջացած էր։ 

Ոտքի ելաւ։ 

Քրոջ կտրուած աչքերուն չհոսած արցունքները,  տխրութիւնը, զրկանքը, գոհունակութիւնը, լուռ  տառապանքը, գթութիւնը, ոտքէն դուրս ելլող իր մե՜ծ կօշիկը, համբերութիւնը, յոյսը, իրեն հաւատալը աչքին առջեւ՝ վազե՛ց։ 

Աչքերը գոց՝ քրոջ դէմքին վրայ գծուած ուրախութիւնը տեսաւ, վազեց։ 

Ոտքերէն աւելի՝ սրտովը վազեց։ 

Սուլիչները հնչեցին։

Ճերմակ գիծին հասած էր։ 

Աչքերը բացաւ։ 

Առաջինն էր։ 

Այլ ծնողներ իրենց երկրորդն ու երրորդը մխիթարելով զբաղած՝ դպրոցի մարզանքի դասատուն հպարտօրէն շալկեց մրցումին առանձին եկած առաջինը... 

☆ Սարքուած, պատրաստուած այսօրուան մեր մրցումները, անոնց համաձայնուած արդիւնքները, անիմաստ մրցանակները, կեղծ ուրախութիւնները,  պրաւօները եւ արդարութեան ոտնահարուած սկզբունքները։ 

Մանուկ, ընդամէնը մանուկ մը չէ՞ր ան։ Մրցումի մը առաջինը ըլլալու իրողութիւնը բաւարար պէ՛տք է ըլլար զինք ուրախացնելու։ 

Բայց մանուկ չէր։ 

Ուրախանալու համար իրեն սպասող քրոջ եղբայրն էր ան։ 

Տխուր, ամէն ինչ կորսնցնողի մը արցունքներով ստանձնած առաջնութեան իր մետայլն ու բաժակը դասատուին տուաւ ու ձեռնունայն, առանց քրոջը խոստացած նոր կօշիկին վերադարձաւ տուն։ 

Յաղթա՞ծ, թէ՞ պարտուած էր ան։  

Յ.Գ. Պատմուածը իրական կեանքն է։ Անոր ընթացքին մէկ-մէկ դրուած աստղերը մենք ենք՝ իրական կեանքէն աստղերուն չափ հեռու մեր կեանքով։

•վերջ

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Շաբաթ, Օգոստոս 9, 2025