ՆԱ՞ՒԹ, ԹԷ ՊՂԻՆՁ
Նա՞ւթ, թէ պղինձ. Հայաստանի տեսակէտէ կարեւոր է այս հարցումը։ Մարդկային կեանքի եւ քաղաքակրթութեան ընդհանուր հոլովոյթին մէջ, ամէնօրեայ կտրուածքով եւ բաւական արագ քայլերով փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան. փոփոխութիւններ, որոնք առաւելաբար ունին հիմնական միտում մը՝ մարդ արարածին կեանքը, կենցաղը, իր հիմնահարցերը լուծելու։ Այստեղ խօսքը միայն արդիական մեթոտներու մասին չէ, այլ կը վերաբերի պահել-պահպանելու, առողջ միջավայր մը կերտելու սկզբունքին։ Ու այդ առումով ամենէն հիմնարար կէտը ներուժի օգտագործման չափերու վերանայումն է եւ անոր հետ ալ գործածութեան դրուիլը այն գործօններուն, որոնք ուժ տալու, ստեղծելու կողքին ունին կարեւորագոյն «առաքելութիւն» մը, որն է կերտել մաքուր միջավայր ու գործել կայուն զարգացում ստեղծելու ձեւաչափերով։
Շատ հաւանական է, որ այս մուտքը այդքան ալ մեծ իմաստ մը չ՚ունենար, եթէ Հայաստան տէր եղած չըլլար այն բնական հարստութիւններուն, որոնք խթան պիտի հանդիսանան կերտելու վաղուան օրը։ Ինչ խօսք, որ համաշխարհային տնտեսական տեղաշարժերուն մէջ Հայաստան բաւական փոքր ներդրում մը կրնայ ունենալ, բայց եւ այնպէս, նոյնիսկ այդ փոքրիկ գործօնը պիտի ըլլայ՝ Հայաստանի ազնիւ մետաղներու պարագային ունեցած հարստութեամբ։ Սա կը համարուի հիմնարար միջոց մը՝ մասնակցելու համար այն հոլովոյթներուն, որոնք ընթացք առած են գրեթէ ամէն տեղ։
Այս բոլորը արձանագրելէ վերջ, հարկ է ներկայացնել նաւթի եւ պղինձի ընդհանուր գիծ մը, որուն զուգահեռ արդար եւ սպասելի պայքար մը կ՚ակնկալուի։ Գալիք տասնամեակներուն աւելի ազդեցիկ պիտի դառնայ այս մէկը ու ասոր մէջ, անշուշտ, Հայաստանն ու հանքարդիւնաբերական ոլորտի կազմակերպութիւնները, ձեռներէցներն ու մասնագէտները կենսական ընելիք պիտի ունենան։
Զանգեզուրի պղինձամոլիւպտենային գործարանի ընդհանուր տնօրէնի առաջին տեղակալ Վարդան Ջհանեան օրերս կարեւոր հաստատումներ ըրած է այս բոլորին շուրջ։ Ըստ իրեն՝ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ գործարանը միասին նոր նախաձեռնութեան մը սկսած են, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր թափ մը տալ Ամուլսարի հանքավայրին, որուն գործունէութիւնը շուտով ընթացք պիտի առնէ։ Անշուշտ, սա միայն մէկ կէտ մըն է՝ ի շարս հարուստ օրակարգի այլ կարեւոր նիւթերու։
«Մեր ոլորտը շատ կարեւոր է ու ոչ ոք կրնար անտեսել այս բանը։ Տնտեսութեան վրայ տեսանելի ազդեցութիւններու շարքին կարելի է առանձնացնել հարկերը, համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) տեսակարար կշիռը եւ այլ ճիւղերու վրայ ազդեցութիւնը։ Հայաստանի մէջ միայն այս ոլորտն է, ուր համաշխարհային ցուցանիշներու հետ համեմատելի աշխատանքի արտադրողականութեան բարձր մակարդակ կը նկատուի։ Երկրի ընկերային վիճակը, զարգացման ընդհանուր մակարդակը եւ մարդկային զարգացման ցուցիչը կախուած են աշխատանքի արտադրողականութենէն։ Միեւնոյն ժամանակ, արտադրողականութեան բարձր մակարդակով երկիրներուն մէջ, մարդկային զարգացման բարձր ցուցանիշ կ՚արձանագրուի, այսինքն այդպիսիներուն մէջ մարդիկ աւելի բարեկեցիկ կ՚ապրին՝ քան միւս երկիրները», ըսած է ան՝ շեշտելով, որ զարգացած հանքարդիւնաբերութեամբ Սիւնիքի մարզի ընկերային վիճակը աւելի լաւ է Շիրակի համեմատ, ուր նման արդիւնաբերութիւն չկայ:
Ջհանեան դիտել կու տայ, որ եթէ Հայաստանի այլ մարզերուն մէջ ալ հանքարդիւնաբերութիւնը զարգանայ, ապա ամբողջ երկրին մէջ տնտեսութեան մրցունակութիւնը կը բարձրանայ։ Արդարեւ, հանքարդիւնաբերութիւնը սերտօրէն կապուած է գրեթէ բոլոր ոլորտներուն հետ։ Անմիջական կապը կարելի է տեսնել ուժանիւթի հետ, որովհետեւ ելեկտրականութեան շուրջ 40 տոկոսը կը սպառէ հանքարդիւնաբերութիւնը։ Զանգեզուրի գործարանը երկրի մէջ ելեկտրահանութեան սպառման յառաջատարն է։ Բաց աստի, հանքարդիւնաբերութիւնը շօշափելի ազդեցութիւն ունի նաեւ փոխադրութեան ոլորտին վրայ։ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան գլխաւոր գործընկերը հանքարդիւնաբերութեան ոլորտն է, առանց որու՝ ընկերութեան շահը կրնար կրճատուիլ քանի մը անգամով։
Ջհանեան կը մեկնաբանէ նաեւ Հայաստանի ներուժը համաշխարհային շուկային մէջ։ Ան կը շեշտէ, որ հանքարդիւնաբերական ոլորտը ուժանիւթի հետ միասին այն ճիւղերէն է, որ չէ տուժած Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքով, այլ ընդհակառակն՝ աւելի զարգացած է։ Մինչեւ այսօր հանքարդիւնաբերական ոլորտի ամբողջ ներուժը չէ օգտագործուած եւ այս պատճառով համաշխարհային առումով Հայաստանի դերը այնքան ալ բարձր չէ։ Հայաստան կ՚արտադրէ համաշխարհային պղինձի ընդամէնը 0.3 տոկոսը։ Ոսկիի պարագային երկրի մասնաբաժինը համաշխարհային շուկային մէջ ա՛լ աւելի քիչ է։ Ընդ որում, պղինձի համաշխարհային շուկայի ծաւալը նաւթի շուկայէն տասն անգամ փոքր է։ Այսինքն, հակառակ ներուժին՝ Հայաստան համաշխարհային շուկաներուն մէջ այդքան ալ տեսանելի չէ: Բայց, նոյնիսկ այս պարագային ոլորտը Հայաստանի տնտեսութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ։
Ջհանեան կը մատնանշէ այն կանխատեսումները, թէ նաւթին դերը ժամանակի ընթացքին պիտի նուազի, մինչդեռ պղինձի դերը պիտի մեծնայ: Բոլոր կանխատեսումներով՝ 10-15 տարի անց պաշարներու շուկային մէջ պղինձը կրնայ փոխարինել նաւթը։ Այսինքն, պղինձը նաւթի բաղդատմամբ աւելի կարեւոր կրնայ դառնալ՝ իր արժէքով ու նշանակութեամբ։ Հայաստան, որ ունի նման պաշարներ, պէտք է օգտուի անոնցմէ եւ մեծցնէ դերը պղինձի համաշխարհային շուկային մէջ՝ աւելցնելով արտադրութեան ծաւալները։ Պղինձի պահանջարկի աճին զուգահեռ՝ այս մետաղին գիները եւս կը բարձրանան։ Այդ պարագային ոլորտը կրնայ շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն գործել տնտեսութեան վրայ՝ քան հիմա։ Նոյնն է պարագան մոլիւպտենի (արճիճաքար), որ կ՚օգտագործուի նաեւ այլընտրանքային ուժանիւթի գրեթէ բոլոր ճիւղերուն մէջ։ Յառաջիկայ տասնամեակներուն կը սպասուի մոլիւպտենի պահանջարկի եւ գիներու աճի։
Այս համայնապատկերին վրայ, օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ կանաչ ուժանիւթի հարցը։ Զանգեզուրի գործարանը հետամուտ է 100 մեկաուաթ հզօրութեամբ արեւային ելեկտրակայանի վահանակներ կառուցելու։ Սա աննախադէպ է, քանի որ Հայաստան այդքան խոշոր արեւային կայան մը չունի։ Բայց, այս բոլորով հանդերձ՝ այդպիսի կայան մը կրնայ ապահովել գործարանի ելեկտրականութեան պահանջարկի միայն 21 տոկոսը։ «Հետեւաբար, պէտք է ձգտինք հասնիլ 100 տոկոս արդիւնքի՝ օգտագործելով ելեկտրականութեան կուտակման սարքերը։ Սա խթան կ՚ըլլայ, որ ամբողջ երկիրը ինչ-որ պահ ամբողջութեամբ անցնի կանաչ ուժանիւթի։ Մենք նման ներուժ ունինք եւ զայն իրականացնելը՝ ներածուող ուժանիւթի աղբիւրներու կախուածութենէն ազատուելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ», կ՚եզրակացնէ ան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան