ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ

Ամէն մարդ, իր ճամբայէն պիտի քալէ,
Ամէն մարդ, իր հողը պիտի հերկէ,
Սեփական ափով իր ջուրը պիտի խմէ,
Ամէն մարդ պիտի խօսի իր բառերով,
Ամէն մարդ պիտի ապրի իր նկարագրով:
 
Ամէն մարդ աշխարհ կու գայ իր երազներով,
Մէկը՝ պատմական ճշմարտութիւններով,
Ուրիշ մը՝ կեանքեր քանդելու ծրագրերով,
Միւսը տենչալով փառքին ու ձրի գովասանքին,
Բայց ամէն մարդ պիտի գործէ իր արարքներով:
 
Իսկ շատեր ալ իրենց փայլուն տաղանդով,
Նոր ճիգ ու միջավայր ստեղծելով,
Նուիրումով, կեանք եւ յոյս ներարկելով,
Իրենց ապագան կերտելու համար,
Պիտի ապրին երազին յաղթելով:
 
Սակայն բոլորը, բոլորը, մեծ օրէնքին հետեւելով,
Ուշ կամ կանուխ Ամենակալին տնօրինումով,
Պիտի հեռանան այս աշխարհէն, չուզելով.
Բայց երանի՜ որ ամէն մարդ,
Ապրի միայն իր խղճի ձայնին անսալով:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2025