ԱԿՆԱՐԿ - 138 - ԽԻՂՃԻ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ՝ ՄԻՔԱՅԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ
3 հոկտեմբեր 2025 թուականը Հայաստանի իրաւական համակարգի ամենէն տժգոյն, մռայլ եւ ամօթալի թուականը դարձաւ, երբ իրաւական համակարգը յանձինս անդէմ եւ անսկզբունք դատաւորուհիի մը՝ որ իր տէրերուն պատուէրն ու հրամանը կը կատարէր՝ հեռու արդարութեան սպասաւոր ըլլալէ, երկու տարի ժամկէտով բանտարկութեան դատապարտեց Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը:
Մարդկութեան պատմութիւնը դարերու ընթացքին միշտ ալ հարուստ եղած է այնպիսի պահերով, երբ ճշմարտութիւնը ուղղակի կամ անուղղակիօրէն վտանգ սպառնացած է իշխողներուն, եւ ճշմարտութեան մունետիկները ամենէն դաժան եւ վայրագ հետապնդումներու եւ հալածանքներու ենթարկուած են: Այսքանը ընդհանրապէս աշխարհականներու վերաբերող. նոյն այդ հալածանքներն ու հետապնդումները կրկնակի կատաղութեամբ գործադրուած են, երբ այս անգամ ճշմարտութեան շեփորահարները եղած են հոգեւորականները, որոնք խիզախութիւն ունեցած են բարձրաձայնելու ճշմարտութիւնը, երեսով տալ բոլոր անոնց, որոնք պայքարած են ճշմարտութեան դէմ յանուն իրենց շահերուն, այդպիսով անսալով իրենց խիղճի եւ ժողովուրդի ձայնին, հակառակած են օրուայ իշխանութիւններու կամքին:
Եւ պատմութիւնը այս ուղղութեամբ կը վկայէ, թէ օրուան իշխանութիւնները նման իրավիճակներու մէջ անողոք գտնուած են եւ անպատմելի ճնշումներ, բռնութիւններ եւ հալածանքներ գործադրած են հոգեւորականներուն դէմ, որոնք համարձակած են հակառակիլ իրենց՝ բարձրաձայնելով ճշմարտութիւնը:
Արդարեւ, Աջապահեան Միքայէլ Սրբազանը ո՛չ առաջին հոգեւորականը եւ ո՛չ ալ վերջին հոգեւորականն է, որ նման անիրաւութեան կ՚ենթարկուի, որովհետեւ՝ ինչպէս վերը նշեցինք, պատմութիւնը հարուստ է նման դէպքերով, երբ հոգեւորականները դատուած են, նոյնիսկ սպաննուած, որովհետեւ հակառակած են օրուան իշխանութիւններուն կամ սատարած են ընդդիմութեան:
Բռնութեան, հալածանքի եւ նոյնիսկ մահուան ենթարկուած հոգեւորականներէն մէկը եղած է Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս՝ Թովմաս Պեքեթին, ով սկիզբը հաւատարիմ եւ վստահելի անձնաւորութիւն մը եղած է օրուան թագաւորին՝ Հենրի Երկրորդին, նաեւ եղած է անոր խորհրդականը: Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս դառնալէ ետք, սկսած է բարձրաձայնել այն անիրաւութիւններուն մասին, որոնց եկեղեցին ենթարկուած է այդ օրերուն, պաշտպանելով եկեղեցւոյ իրաւունքներն ու ազատութիւնը թագաւորական միջամտութենէն: Այս մէկը առիթ հանդիսացած է, որ արքեպիսկոպոսին եւ թագաւորին միջեւ կապերը խզուին եւ թշնամանքի աստիճանի հասնին, որով Հենրի Երկրորդը առիթով մը ունեցած է հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Will no one rid me of this turbulent priest? - Մէկը պիտի չգտնուի՞, որ զիս ազատէ այս անհանդարտ (խռովայոյզ) քահանայէն»: Հենրի Երկրորդին այս խօսքը չորս ասպետներ որպէս հրաման ընկալած են եւ 29 դեկտեմբեր 1170-ին Քենթըրպըրիի տաճարին մէջ սպաննած են Պեքեթ արքեպիսկոպոսը: Այս դէպքը մեծ խռովութիւն բարձրացուցած է ժողովուրդին մէջ: Իսկ երեք տարիներ ետք՝ 1173-ին, Հռոմի պապը պաշտօնապէս սուրբ յայտարարած է Թովմաս Պեքեթ Արքեպիսկոպոսը:
Վերադառնալով Միքայէլ Սրբազանին. ի՞նչն է սրբազանին յանցանքը. կոչ ընել իրաւապահներուն ազատել մեր երկիրը կործանարար իշխանութիւններէն, որոնց իշխանութեան անցնող շուրջ եօթ տարիները աւերի, կոտորածի, այլասերութեան, սրբապղծութեան, հայրենի հողերու մասնատման ու թշնամիին յանձնման «քաջագործութիւն»ներով յատկանշուած են:
Սրբազան հայրը կալանաւորելու առաջին օրէն իսկ, գործող իշխանութիւնները դիմած էին ամենէն անարգ եւ իրենց պատիւ չբերող քայլերու, երբ ներխուժելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, փորձած էին սրբազանը ձերբալալել, բայց դէմ յանդիման գալով Մայր Աթոռի միաբանութեան եւ հաւատաւոր ժողովուրդին, ետ քաշուած էին…, իսկ սրբազանը կամովին գացած ու ներկայացած էր…:
Ապա շուրջ չորս ամիսներու թատերական ներկայացումներէ ետք, երկու օր առաջ դատավճիռը կայացաւ…: Ամօթալի եւ անպատուաբեր դատավճիռ մը, որ որպէս խարան պիտի մնայ հայ դատաիրաւական համակարգին ճակատին: Այս դատավճիռին հեղինակներն ու պատուիրատուները կը կարծեն, թէ այսպիսով իրենք յաղթանակ տարած են, բայց կ՚անգիտանան, կամ իրենք զիրենք անբաններու տեղ կը դնեն, կարծելով կամ մտածելով, թէ արդարութիւնն ու խիղճը՝ աստուածակերտ մարդկային խիղճը կրնան լռել…: Չարաչար կը սխալին. անոնք ո՛չ թէ յաղթանակ տարած են, այլ՝ պարտութիւն, որովհետեւ Գերաշնորհ Միքայէլ Արք. Աջապահեանը պատմութեան մէջ պիտի յիշուի որպէս ԽԻՂՃԻ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ:
Այս եւս պէտք է նկատի ունենալ, որ հոգեւորականները զերծ չեն եւ պէտք չէ ըլլան օրէնքին առջեւ ներկայանալէ ու դատուելէ, եթէ իրապէս գործած ըլլան յանցանք մը, որ օրէնքով անթոյլատրելի է եւ վնաս կը պատճառէ պետութեան: Բայց քաղաքական դրդապատճառներէ մղուելով հոգեւորականները դատավարութեան ենթարկելը, անձնասպանութեան քայլեր են գործող որեւէ մէկ իշխանութեան կողմէ:
Եզրակացնելով, հոգեւորականը կարելի է դատել օրէնքով, բայց ոչ խիղճով։ Երբ որեւէ մէկ քաղաքական իշխանութիւն յանուն իր շահերուն եւ մանաւանդ իշխանական աթոռը չկորսնցնելու համար կը փորձէ ճշմարտութեան խօսքը, այլ խօսքով՝ ճշմարտութիւնը լռեցնել, ապա այդպիսով ինքզինք է, որ կը դատապարէ: Արդարեւ, պատմութիւնը՝ թէեւ երբեմն ուշ, երբեմն ալ ժամանակին, մի՛շտ կը վերականգնէ արդարութիւնը, ցոյց տալով եւ վկայելով, թէ ժողովուրդներն ու ազգերը կը յիշեն ու կը մեծարեն ո՛չ թէ դատաւորներու եւ իշխանաւորներու անունները, այլ՝ անոնց, որոնք համարձակութիւն եւ խիզախութիւն ձեռք բերելով բարձրաձայնած են ճշմարտութիւնը, հալածուած ու հետապնդուած, եւ նոյնիսկ նահատակուած են յանուն ճշմարտութեան: Ներկան եւ մանաւանդ Միքայէլ Սրբազանին հետ պատահածը այլ բան չէ քան դատավճիռ մը, ուղղուած խիղճի՝ մարդկային խիղճին դէմ: Աւելին, այս արարքը գործող իշխանութիւններուն կողմէ փորձ մը եւ քայլ մըն է եւս հարուածել մեր երկրի հոգեւոր առողջութեան, աւելին, հեղինակազրկելու փորձ մըն ալ է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին: Իսկ Միքայէլ Սրբազանը, կը հաւատամ, որ այս գիտակցութեամբ ու համոզումով իր բանտարկութեան այս ընթացքը՝ մինչեւ արդարութեան վերականգնումը որպէս «անլռելի զանգակատուն» պիտի շարունակէ ղօղանջել յանուն ճշմարտութեան եւ աստուածակերտ մարդկային խիղճի ազատութեան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
5 հոկտեմբեր, 2025, Վաղարշապատ