ԾԱՌՍ

Աշ­խար­հը ծա­ռե­րը զար­դա­րեց:

Ծառս ու ես զի­րար կը փնտռենք.

Տէն Հաա­կի շու­կա­նե­րուն մէջ, շուա­րած ոտ­քե­րով, խե­լառ, մո­լոր աչ­քե­րով, ծառս

կը փնտռեմ:

Ա­հա՛ այս է... գտայ..., մօ­տե­նա­լով դպայ ի­րեն, գլու­խը վեր առ­նե­լով, հեգ­նան­քով

չափչ­փեց զիս.

սխա­լած եմ, այս չէ, հե­ռա­ցայ.

հե­ռուէն տե­սայ ա­ւե­լի հա­մեստ ծառ մը, որ զիս կը կան­չէր. նի­հար, պզտիկ, խեղճ.

մօ­տե­ցայ, ակ­նարկ մը նե­տե­լով հե­ռա­ցայ, նե­րէ ին­ծի, եր­բեք յար­մար չես հա­յու

նկա­րագ­րին:

Սկսայ ե­րե­ւա­կա­յել ծառս:

Հաս­տար­մատ, բարձ­րա­ցօ­ղուն, բազ­մա­ճիւղ, հպարտ, ա­րի, մեղմ նա­յուած­քով,

հո­տա­ւէտ, դա­րե­րէ ի վեր չսա­սա­նող, հուժ­կու, խի­զախ ծառս ո՞ւր ես:

Օ­տար հո­ղի վրայ, ա­նար­մատ, ան­տէր, լա­ցող, գաղ­թա­կան, հօ­րե­նա­կան, հայ­րե­նի

ծառս կը փնտռեմ:

ԾՈ­ՎԻԿ ԿԱ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԵԱՆ

Տէն-Հաակ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015