Շարլ Ազնաւուր Արժանացաւ Պելժիոյի Թագի Շքանշանի Ասպետի Կոչումին

Ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր այ­լեւս Պել­ժիոյ Թա­գի շքան­շա­նի աս­պետ է (Commandeur de l’Ordre de la Couronne): «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղորդ­մամբ, Ազ­նա­ւուր կոչ­ման ար­ժա­նա­ցած է Նո­յեմ­բե­րի 16-ին, Պրիւք­սէ­լի Egmont Palace-ի մէջ:

Շարլ Ազ­նա­ւուր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն Պել­ժիոյ, ուր ան միշտ ու­նե­ցած է հիաս­քանչ հան­դի­սա­տես: Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին մաս­նա­կից­նե­րը մէկ վայր­կեան լռու­թեամբ յար­գած են Փա­րի­զի ա­հա­բեկ­չու­թեան հե­տե­ւան­քով զո­հուած­նե­րուն յի­շա­տա­կը:

Իր կար­գին, Պել­ժիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Տի­տիէ Ռէյն­թըր խօ­սած է ա­րուես­տա­գէ­տին բարձր յատ­կա­նիշ­նե­րուն մա­սին: Ան անդ­րա­դառ­նա­լով Ազ­նա­ւու­րի` Պել­ժիոյ Թա­գի շքան­շա­նի աս­պետ դառ­նա­լու փաս­տին, շեշ­տած է, որ հայ­կա­կան ծա­գում ու­նե­ցող եր­գի­չը կը պայ­քա­րի իր ազ­գին հա­մար:

Բաց աս­տի, 91-ա­մեայ եր­գի­չը Պրիւք­սէլի Forest National սրա­հին մէջ եր­գեց պել­ժիա­ցի իր հան­դի­սա­տե­սին հա­մար:

 Միւս կող­մէ, Թա­գի շքան­շա­նը Պել­ժիոյ ար­քա­յա­կան պե­տա­կան պար­գեւն է: Ա­նի­կա ստեղ­ծուած է 1897 թուա­կա­նին:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015