Սանասարեան խանի պարագային իրաւական գործընթացներու խճուղի
Սուրբ Ծնունդի ընդունելութեան ժամանակ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ համայնքին ուղղեալ պատգամները, բնականաբար, ունկնդրուեցան ուշադրութեամբ։ Կարգ մը նիւթերու պարագային իր ըսածները զուտ հետեւողականութեան նշանակութիւն ունէին, ըստ այլոց պարագային կային կարեւոր նրբութիւններ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ վարժարաններու հարցերը առաջնահերթ կը մնան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, իսկ վերջին մատաղօրհնութիւնները դարձած են մասամբ յաջող։ «Մենք չենք ըսեր, որ դպրոց պիտի փակենք, պիտի միացնենք կամ նոր դպրոց պիտի բանանք։ Այս բոլորը կրնայ ըլլալ՝ միայն յստակ տուեալներու հիման վրայ», ըսաւ ան։
Նորին Ամենապատուութիւնը կրկնեց, որ համայնքի ելմտական ներուժը պէտք է գիտնալ յստակ։ Միայն այդ փուլէն վերջ կարելի է որոշել դպրոցներու ճակատագիրը։ «Եթէ կան անհրաժեշտ միջոցները, ապա տասն աշակերտով ալ կարելի է դպրոց մը բաց պահել», շարունակեց ան։
Անշուշտ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս բանաձեւումը պատկերաւոր իմաստով օգտագործեց, սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ հաւաքական միջոցները արժեւորելու ժամանակ առաջին հերթին պէտք է նպատակայարմարութիւնը նկատի առնել ու պէտք է զերծ մնալ զեղծումներէ։
Համայնքի ելմտական ներուժը յստակ պատկերացնելու տեսակէտէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անհրաժեշտ կը նկատէ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) կալուածոց յանձնախումբի աշխոյժ գործունէութիւնը։ Արդարեւ, համայնքապատկան կալուածներու ցուցակագրումը շատ կարեւոր է եւ այս խնդիրը կը պայմանաւորէ համայնքային կեանքի կենսունակութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր արտայայտութիւններուն մէջ նորութիւն էր նաեւ այն երանգը, թէ գաւառի մեր եկեղեցիներու յարակից կալուածներու արժեւորման հեռանկարներն ալ աստիճանաբար կը քննարկուին եւ զանոնք հասութաբեր դարձնելու հեռանկարները կը քննարկուին նոյնիսկ պետական պատկան մարմիններուն հետ՝ վերանորոգութեանց համար զօրակցութիւն ապահովելու ջանքերուն զուգահեռ։
Նորին Ամենապատուութիւնը առանձնապէս անդրադարձաւ Սիրքէճիի Սանասարեան խանի կացութեան։ Պատրիարքական Աթոռը երկար ժամանակէ ի վեր իրաւական պայքար կը մղէ այս նպատակով։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ իրաւական գործընթացներով, վիճարկուած դատավճիռներով խնդիրը խճուղիի մը վրայ յայտնուած է։ Իր խօսքով՝ վերջին Անգարա այցելութեան ընթացքին փորձած էր արդարադատութեան նախարարին ալ այցելել՝ այս հարցերը շօշափելու համար, սակայն, ժամադրութիւն ապահովել կարելի չէր եղած՝ խորհրդարանի պիւտճէի քննարկումներուն պատճառով։
Ներկայ տարեմուտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յոյս յայտնեց, թէ այս տարի տեղի կ՚ունենայ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան առկախեալ ընտրութիւնը։ Ան տեղեկացուց, որ այս հարցը շօշափած է նաեւ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայայի հետ, որմէ ունեցած է դրական տպաւորութիւն։ «Հիւանդանոցը այս երկրի արժէքներէն մին է», ըսաւ ան։
Ի լրումն այս բոլորին, Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ ըստ վերջին տուեալներուն՝ տարեկան 1 միլիոն 800 հազար զբօսաշրջիկ կ՚այցելէ Աղթամար։ Ուստի, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Եըլմազի հետ զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նշած է, որ նման հեռանկար մը կրնայ ունենալ նաեւ պատմական Վարագայ վանքը, եթէ վերանորոգութիւնը գլուխ հանուի։ Ան յիշեցուց, թէ Վարագայ վանքի տարածքը թէեւ ներկայիս անհատի մը կը վերաբերի, սակայն, ցանկութեան պարագային պետութիւնը կրնայ լուծում մը գտնել։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ