Տանըլտ Թրամփ այսօր կը վերադառնայ Սպիտակ տուն. ընդհատուած ճանապարհորդութիւն…
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ չորս տարին անգամ մը յունուարի 20-ը կարեւոր ժամադրութեան օր է։ Նախագահի մը պաշտօնավարման ժամկէտը կը սկսի կամ վերընտրեալի մը նոր շրջանի մեկնարկը կ՚ըլլայ։ Այսօր Տանըլտ Թրամփ կը վերադառնայ Սպիտակ տուն, չորս տարուան ընդհատումէ վերջ։ Ան թէ՛ վերընտրեալ է եւ թէ ընտրեալ-նախագահ. հազուագիւտ պարագայ։
Թրամփի պաշտօնամուտը Ուաշինկթընի վրայ թեքած է աշխարհի ուշադրութիւնը։ Համաշխարհային կացութիւնը այժմ անբաղդատելի է, չորս տարի առաջուան հետ։ Եթէ չորս տարի առաջ աշխարհ հանգիստ շունչ մը քաշած էր Թրամփի մեկնումով, ապա ներկայիս անոր վերադարձը շատերու տեսակէտէ ողջունելի կը համարուի։ Հակասութի՞ւն…
Միջազգային յարաբերութիւններու ընդհանուր տրամաբանութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր խախտուած է ի հիմանէ։ Աշխարհի գործերը տակնուվրայ են, չափազանցութիւն չէ քաոսի մը մասին խօսիլը։ Պատճառները բազմազան են ու կարգաւորման համար անբաւարար կը մնայ որեւէ դերակատարի ներուժը։ Հաւաքական կամքի մը ձեւաւորումն ալ դժուար կը թուի, որովհետեւ առկայ յարափոփոխ պայմաններուն մէջ շահերն ու առաջնահերթութիւններն ալ մշտապէս կը վերաձեւափոխուին եւ խաղացողները անկանխատեսելի դարձած են իրարու համար։ Որքան որ ալ առաջուանը չըլլայ՝ ԱՄՆ աշխարհի թիւ մէկ դերակատարն է։ Երկրագունդը այնպիսի պատկեր մը կը պարզէ, որ կարծես շատեր կը փնտռեն կամ կը կարօտնան այն ժամանակները, երբ ԱՄՆ կը համարուէր աշխարհի պահակը։ Հանգստութի՞ւն, յարմարաւէտութի՞ւն թէ դատապարտուածութի՞ւն…
Տանըլտ Թրամփի պաշտօնամուտը կը բնորոշուի այնպիսի պահով մը, երբ աշխարհի վրայ ընդհանրական դարձած միակ բանն է այն համոզումը, թէ առկայ հարցերու լուծման համար անհրաժեշտ է ասիմեթրիք մօտեցումներ։ Հասարակաց յայտարա՞ր… Չորս տարի առաջ Թրամփի դիրքորոշումները սպառնալիք կը համարուէին միջազգային համակարգին դէմ։ Այժմ անոնց վրայ յոյս կը դրուի՝ քիչ թէ շատ այդ համակարգը սնանկ կամ կաթուածահար վիճակէ դուրս բերելու համար։ Նախախնամութի՞ւն…
Աշխարհի բոլոր երկիրները ներկայիս իրենց արտաքին քաղաքական օրակարգի խնդիրներու վերաբերեալ հաշուարկները աչքէ կ՚անցընեն՝ համեմատելով Թրամփի շուրջ չորս տարի առաջուան կեցուածքին հետ։ Բոլորը, անշուշտ, կը գիտակցին նաեւ, որ կամուրջին տակէն շատ ջուրեր հոսած են, ինչ որ ուղղակի պիտի պայմանաւորէ Թրամփի յառաջիկայ չորս տարիներու կեցուածքը։ Ստիպողութի՞ւն…
Սպիտակ տան հերթի փոփոխութիւնը մեծերու խաղին մէջ նոր արար մըն է։ Այս նոր շրջափուլին ալ չոր, առարկայական ճշմարտութիւնն է, որ եթէ մեծերը յարբուխ ըլլան, ապա փոքրերը արդէն կ՚ըլլան կրիփ։ Մեծերու խաղը կ՚ընթանայ ճակատագրական հունի մէջ։ Հորիզոնին վրայ յանկարծ կրնան յայտնուիլ շրջադարձներ, անսպասելի զիջումներ կամ ճկունութիւններ, զորս միայն կրնան մարսել մեծերը։ Թրամփի պաշտօնավարութեան նոր ժամկէտը աշխարհի մեծ ու փոքր բոլոր պետութիւններուն տեսակէտէ տոկունութեան, հետեւաբար նաեւ յարատեւութեան փորձաքարի կը վերածէ՝ արագ արձաձանգման ընդունակութիւնները։ Հեռատեսութի՞ւն…
Ուրեմն, հետեւինք մեծերու խաղի նոր արարին՝ միշտ դրական սպասումներով…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ