Առաջնորդուիլ ծրագրաւորեալ եւ նպատակասլաց քայլերով… (2)

Պոլսահայ կրթական համակարգը երկար ժամանակէ ի վեր կարելի չ՚ըլլար բարեփոխել. պատճառը ծայր աստիճան այլանդակուած վիճակն է։ Վարչայիններու ձախողումը բազմապատկուած է մասնագէտի հովեր ստացած միջակութիւններու գործած աւերներով։ Այս բոլորին հետեւանքով դպրոցը դադրած է դպրոց ըլլալէ։ Հայ վարժարանը՝ որպէս առաքելութիւն ընկալուելէ աւելի սկսած է ընկալուիլ իբրեւ շէնք։ Այս է պատճառը, որ կարելի չ՚ըլլար նոր իրողութիւնները հաշուի առնելով վերափոխումներու ձեռնարկել։ Համակարգը ճկունութիւնը կորսնցուցած է, որովհետեւ առաքելութեան ճանապարհէն շեղումը պատճառ դարձած է դպրոցի շէնքը պաշտելու երեւոյթին։ Շէնքին դուռը բաց պահելու ուղղեալ պայքարը իմաստազրկուած է, որովհետեւ անոր շեմէն ներս անհրաժեշտ գործունէութիւնը չի ծաւալուիր։

Պատրիարքարանը վերջին տարիներուն սկսած է յիշեցնել, որ պոլսահայ վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչները պաշտօնի կոչելու համար անհրաժեշտ չէ մասնագիտական որեւէ հաստատագիր։ Սա լուրջ թերութիւն մըն է, որու հնարաւորինս հասցէագրման համար Աթոռը կը ջանայ որոշ քայլեր առնել։ Անանտեսելի լրջութիւն մը կայ այստեղ՝ թէեւ Պատրիարքարանն ալ այս հարցին մէջ հարիւր տոկոսով արդար կամ մաքուր չէ՝ հաշուի առնելով հոգեւորականներու պարագային հայերէնի իմացութեան ուղղութեամբ թոյլ տրուած տկարութիւնները, որոնց վրայ կու գան աւելնալ եկեղեցիներու մէջ պաշտամունքի պաշտօնական լեզուէն՝ հայերէնէ դուրս քարոզները եւ այլն։

Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի՝ դպրոց փակելու կամ միացնելու դէմ դրած վեթոն բաւ համարելու վերաբերեալ յայտարարութիւնը կը ցոլացնէ կամք մը։ Առկայ պայմաններով այստեղ խօսքը զիջումի կամ տեղքայլի մը չի վերաբերիր։ Սա կը նշանակէ, որ հետզհետէ իր մօտ կ՚արմատաւորուի՝ ծրագրաւորեալ եւ նպատակասլաց քայլերով առաջնորդուելու անհրաժեշտութեան համոզումը։ Համայնքը ամէն տարի աստղաբաշխային գումարներ կը ծախսէ դպրոցներու համար։ Հայերէնի պարագային առկայ անարդիւնաւէտութիւնը այդ գումարները ներդրումէ աւելի մսխումի վերածած է։ Աւելին, այդ մսխումը կը հաստատուի ուրիշ հանգամանքով մը եւս։ Որեւէ հաստատութիւն, որ կը մտածէ միայն ներկան, դատապարտուած է լճանալու։ Պոլսահայ վարժարաններու ցանցի պարագան ալ նոյնն է։ Այս կրթական հաստատութիւններու վարիչները կը մտածեն միայն ներկան։ Ապագայի մասին ոչինչ կը մտածեն։ Ապացո՞յց. որեւէ միջոց չի յատկացուիր նոր սերունդէ հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու համար։ Սնանկ համակարգի իբր թէ վարչայիններն ու իբր թէ մասնագէտները զիրար կ՚արդարացնեն՝ անհեռանկար աստղաբաշխային ծախսերու հասարակաց յայտարարին վրայ։ 

Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը երկար ժամանակէ ի վեր կը յայտնէ, որ վարժարաններու ապագան պէտք է տնօրինել՝ առարկայական տուեալներու շտեմարանի մը ձեւաւորման եւ անոնց վերլուծման լոյսին տակ։ Այսինքն, եթէ ինքը ըսել կ՚ուզէ, որ կարելի է քանի մը դպրոց միացնել կամ նոյնիսկ փակել եւ այդպէսով խնայուելիք գումարները հունաւորել մնացեալ դպրոցներու հայերէնի լա՛ւ ուսուցիչներու պատրաստութեան համար, այո՛, այս մէկը կրնայ ունենալ իր տրամաբանութիւնը։

Թրքահայ իրականութեան պայմաններով վարժարան փակելու կամ միացնելու խնդրին քննարկումն իսկ թապու է։ Թէեւ թապուները դժուար թէ հասարակութիւնները ճիշդ կէտերու առաջնորդեն, սակայն, այստեղ կայ զգայնութեան մը ցոլացումը։ Հանրապետական շրջանին համայնքային տասնեակ դպրոցներ փակուած են եւ որքան որ ալ հաւաքական յիշողութենէ կտրուած ըլլայ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՝ մարդիկ կը պատկերացնեն, թէ փակուածին, գացածին տեղը օր մը նորը բանալը երբեք կարելի պիտի չըլլայ։ Այս մղումով ցայսօր բաց պահուած են դպրոցները, սակայն, ձեւով մը բնազդային այս պայքարը բաւարար չէ եղած շարք մը էական խնդիրներ կանխելու կամ յապաւելու։ Ողբերգութի՞ւն է հայկական վարժարանի մը փակուիլը։ Այո՛, միանշանակ։ Ողբերգութի՞ւն է հայկական վարժարանի մը շրջանաւարտին հայերէն չգիտնալը, հայկական ժառանգութեան հաղորդ չըլլալը։ Այո՛, նոյնպէս միանշանակ։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը այսօր կը գտնուի այսպիսի ողբերգական խաչմերուկի մը վրայ, ուր այս երկու ողբերգութիւններուն միջեւ նախընտրութիւն մը ընելու ստիպողութիւնը յառաջացած է։ Եթէ այժմու ձեւով շարունակուի, ապա պիտի խորանայ այդ ողբերգութիւններէն մին՝ հայկական վարժարանի մը շրջանաւարտը հայերէն պիտի չգիտնայ եւ հայկական ժառանգութեան անհաղորդ պիտի ըլլալ։ Մարդիկ արդար խղճով պէտք է դատեն, թէ որու պէտք է այս անարդիւնաւէտ համակարգը՝ ամէն տարի ծախսուած աստղաբաշխային գումարներով հանդերձ։

Հաւաքական կեանքի իւրաքանչիւր պայքար, իւրաքանչիւր մարտահրաւէր կը նմանի պատերազմի մը։ Ինչպէս պէտք է ռազմավարութիւն մը, նոյնպէս անհրաժեշտ է մարտավարութիւն մը՝ կէտ նպատակին հասնելու համար։ Զօրքերը երբեմն գիտակցաբար որոշ դիրքեր կը զիջեն, քիչ մը ետ կը քաշուին՝ թարմանալու, վերամրապնդուելու եւ յաջորդ քայլափոխին աւելի ազդու պայքարելու համար։ Պոլսահայ կրթական համակարգէն եթէ քանի մը շէնք պիտի պակսի եւ փոխարէնը չափուած-կշռուած ձեւով առաքելութիւնը պիտի զօրացուի, ապա կ՚արժէ մտածել այս հաւանականութեան կամ վարկածին վրայ՝ որքան որ ալ ըլլայ ողբերգական։ Այս բեմագրութիւնը եթէ հաւաքական հնարաւորութիւններու դուռ պիտի բանայ նոր սերունդէ յաւակնոտ հայերէնի ուսուցիչներ հասցնելու եւ անոնց շնորհիւ ամէն տարի բարձր նշաձողով հայախօս երիտասարդներ հասցնելու, ապա այսօրուան պայմաններով կրնայ չարեաց փոքրագոյնը համարուիլ՝ ապագայ դրական արդիւնքներու հասնելու, ողջունելի պտուղներ քաղելու հաշուարկներու ճանապարհին։

Այսօր շատ դժուար է տարանջատել համայնքի ընդհանուր ամլացած դրութիւնը եւ կրթական սնանկ համակարգը։ Անոնք այնպէս մը ընդելուզուած են, որ ակնյայտօրէն մին կը սնէ միւսը՝ ընդհանուր մեծ գործը խանգարման բազմապատկիչ գործօններու վերածուելով։

Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի բաւ համարած վեթոն, իրականութեան մէջ, հաւաքական կոչ մըն է. կոչ մը, որպէսզի թապուներէ, բնազդներէ, մղումներէ անդին՝ ծրագրաւորեալ եւ նպատակասլաց քայլեր առնուին մարդուժ պատրաստելու նպատակով։ Իւրաքանչիւր համակարգի կատարեալութիւնն ու տոկունութիւնը կը չափուի անոր ճկունութեամբ։ Սա օրինաչափութիւն է։ Այդ վեթոյին վերցուիլը կը նշանակէ, որ ահազանգը կը հնչէ՝ ազդարարելով, որ ժամանակն է արտասովոր քայլեր առնելու, արտահերթ միջոցներու դիմելու։ 

Հայկական դպրոցը, առաքելութեան ամբողջական ու լիակատար իմաստով, կրնայ գոյատեւել եթէ հայկական դիմագիծով եւ ստորոգելիներով մարդուժ կը պատրաստէ։ Հայկական դպրոցը ապաստանարան ըլլալու միջակութեան այժմու վիճակին մէջ դատապարտուած է մահուան։ Հայկական դպրոցը կենսունակ կրնայ ըլլալ, եթէ ազգի զաւակները կը համախմբէ արժէքի մը շուրջ եւ այդ գերագոյն արժէքն է՝ ամէն բանէ առաջ հայերէնը։ Հայկական դպրոցը ոեւէ մէկուն պէտք չէ, եթէ այդ արժէքով չի փայլիր, չ՚առանձնանար ու չի ճառագայթեր։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

- վերջ -

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025