Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման հեռանկարը. թէեւ առաջին հայեացքով նպաստաւոր, բայց իրատե՞ս…
Սուրբ Ծնունդի օրը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ երկրորդ անգամ պաշտօնապէս յայտնուեցան՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ենթարկուած հալածանքները։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի միջեւ յառաջացած առճակատման։ Անցեալ ամառ, երբ Փաշինեան Պոլիս այցելած էր, այս խնդիրը դարձեալ համայնքի օրակարգին վրայ եկած էր՝ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ որդեգրուած յստակ ու սկզբունքային դիրքորոշմամբ։ Սուրբ Ծնունդի ընդունելութիւնը եղաւ երկրորդը։
Հարկ է նշել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր արտայայտութիւններու ոճին մէջ նկատելի տարբերութիւն մը կար։ Ան անցեալ ամրան աւելի վճռական էր, իսկ ներկայիս երկմտութեան մատնուածի տպաւորութիւն մը կը ստեղծէ։ Անշուշտ, այս տպաւորութիւնը կրնայ զուտ ենթակայական ըլլալ, սակայն, մինչ Հայ Եկեղեցւոյ միւս նուիրապետական աթոռները՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը յստակ յայտարարութիւններ ըրած են վերջին շաբաթներուն, ապա Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը նախընտրած է լուռ նմալ։ Վարկածները կամ հաւանականութիւնները շատ են, յամենայնդէպս, բաւարարուինք առարկայական տուեալի դիտարկումով։
Գումգաբուի ընդունելութեան ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնը մանրամասնօրէն նկարագրեց իրավիճակը։ Ըստ էութեան, ան ունէր շօշափելի առաջարկ մը՝ համոզուած ըլլալով, թէ պէտք է գումարուի Ազգային-եկեղեցական ժողովը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան մէջ Ազգային-եկեղեցական ժողովը գումարուած է բացառապէս Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետը ընտրելու համար։ Ան եկեղեցւոյ գերագոյն մարմինն է եւ ճիշդ է, որ պարբերաբար գումարուի, սակայն, այդ նախընթացը չէ ձեւաւորուած։
Հայաստանի այսօրուան իրավիճակին մէջ իրատե՞ս է Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարուիլը։ Սա նուրբ հարց մըն է՝ որքան որ ալ Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարուիլը ըլլայ նպատակայարմար։ Հարցը նուրբ է, որովհետեւ այժմու իրավիճակին մէջ այդ ժողովի գումարուիլը կրնայ չծառայել իր նպատակին։ Ազգային-եկեղեցական ժողովը պէտք է գումարուի, երբ անոր կամքի ու խղճի ձայնի արտայայտութիւնը ըլլայ երաշխաւորուած։ Այսօր, ըստ երեւոյթին, այդ նուազագոյն երաշխիքները գոյութիւն չունին։
Վերջերս հնարաւոր չեղաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպել նոյնիսկ եպիսկոպոսաց ժողով մը։ Ճդուած թուականը վերջին պահուն փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Եկեղեցական շրջանակներէն այժմ կը հասնին անպաշտօն լսումներ, ըստ որոնց՝ արտասահմանի մէջ կրնայ գումարուիլ եպիսկոպոսաց ժողով մը։ Անշուշտ, այս բոլորը պարզապէս լսում է։ Իրադարձութիւններու ընթացքը դժուար է պատկերացնել։
Գալով Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման, եկեղեցւոյ գերագոյն մարմնի ժողովի հրաւիրման նախաձեռնութիւնը յօդս կրնայ ցնդիլ, եթէ պատգամաւորներուն կամքը երաշխաւորուած չըլլայ։ Եպիսկոպոսաց դասու առկայ պառակտումն ալ կու գայ բազմապատկել համապատասխան մտահոգութիւնները։
Ազգային-եկեղեցական ժողովը, ըստ էութեան, աշխարհականներու հարթակ մըն է, որ կը քննարկէ եկեղեցական հարցեր։ Եկեղեցին միահամուռ պէտք է ըլլայ, որպէսզի այդ հարթութեան վրայ արդիւնքի մը հասնիլը, յառաջընթաց ակնկալելը ըլլայ իրատես։ Այլապէս, Ազգային-եկեղեցական ժողովի մը կազմակերպումը չի կրնար ինքնանպատակ ըլլալ։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնի գերագոյն մարմինը պէտք չէ սպասարկէ նեղ-շրջանակային շահերու։ Ազգային-եկեղեցական ժողովը օրինականութեան, իրաւականութեան եւ կարգ ու կանոնի հարթակ մըն է։ Եթէ երաշխաւորուած ըլլայ անոր առողջ աշխատանքի մթնոլորտը, ապա արդիւնքը կրնայ ըլլայ դրական։ Այլապէս կը խորանայ քաոսը. բան մը, որու վրայ ոմանք այս շրջանին, դժբախտաբար, յոյս կը դնեն անհեռատեսաբար, անձնական անսանձելի նկրտումներով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ