Պատրիարքական Աթոռի կարգավիճակի հարցը ինչպէ՞ս պատկերացնել Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան պատրաստութեան գործընթացին զուգահեռ

Սուրբ Ծնունդի ընդունելութեան ժամանակ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անդրադարձաւ դէպի Անգարա վերջին ուղեւորութեան։ Իր ներածական խօսքին մէջ այս նիւթին վրայ կանգ առնելու առընթեր, ան հարցումի մըն ալ պատասխանեց այս կապակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շփումներու կարգ մը երեսակներուն մասին մանրամասնութիւններ շռայլեց, իսկ այլ երեսակներու պարագային բաւական ժլատ էր։

Պատրիարքական Աթոռի կարգավիճակի չգոյութեան նիւթը այս առումով շատ ուշագրաւ էր։ Ան յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայայի հետ զրուցելու ժամանակ, երկրի նոր սահմանադրութեան մշակման գործընթացին վերաբերեալ հեռանկարներու ամբողջին մէջ, այս խնդիրն ալ շօշափած է։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թէեւ ընդհանրապէս շատ համոզիչ բացատրութիւններ կու տայ, սակայն, այս պարագան բացառութիւն կազմեց։

Պատրիարքական Աթոռի իրաւաբանական անձ չըլլալու խնդիրը շատ էական է։ Դժբախտաբար, այս ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանք չի տարուիր։ Միայն պատրիարքական ընտրութիւններուն ժամանակ այս հարցը կը յիշուի եւ միջանկեալ, ժամանակաւոր լուծումներէ վերջ հարցը կը մոռցուի։ Նախընտրական իրավիճակներու մէջ սոյն հիմնախնդրի առողջ արծարծումը, անխուսափելիօրէն, կարելի չ՚ըլլար։

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի կողմէ արտադրուած եւ լայն արձագանգ ստեղծած «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի հիմնական պատգամներէն մին ալ կը վերաբերի այս նիւթին։ Թէ՛ ֆիլմին եւ թէ մանաւանդ՝ թրքերէն տարբերակի կալային յաջորդած ասուլիսին ժամանակ մասնագէտներ կարծիք յայտնեցին այս մասին։ Իրաւունքի ոլորտի բազմաթիւ հեղինակաւոր դէմքեր համոզուած են, թէ 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութիւնը ի զօրու է, սակայն, համայնքները այսօր անհրաժեշտը չեն ըներ կամ հետեւողականութիւն չեն ցուցաբերեր։

Այսօրուայ քաղաքական իշխանութիւնը ինքզինք կը համարէ 1950-ական թուականներուն երկիրը կառավարած քաղաքական հոսանքի եւ անոր ընդհանուր մտայնութեան ժառանգորդը։ Բաւարար ապացոյցներ գոյութիւն ունին, Խաչատուրեան պատրիարքի գահակալութեան շրջանին Ազգային պատգամաւորական ժողով գումարուած է՝ կեդրոնական վարչութիւն մը ընտրելու համար։ Այս բացառութիւնը ցարդ օրինակ չէ ծառայեցուած՝ սոյն խնդրի լուծման որոնումներուն տեսակէտէ։

Պատրիարքարանի անգործութիւնը կամ տարբեր մօտեցումները մէկ կողմ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կան այնպիսի խմորումներ, որոնք հետեւողականութեան պակասէն աւելի լուրջ հետեւանքներ կրնան ունենալ։ Պատրիարքական Աթոռի կարգավիճակի հարցը կրնայ որեւէ պահ, որեւէ իշխանութեան կողմէ լուծուիլ՝ քաղաքական կամքի գոյութեան պարագային։ Իսկ այդ կամքի խմորման կամ ձեւաւորման ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու փոխարէն՝ այլ մտադրութիւններ կը բարձրաձայնուին։

Նորին Ամենապատուութեան կողմէ նոր սահմանադրութեան մը հեռանկարներուն հետ Աթոռի կարգավիճակի խնդրին առնչակից դարձուիլը ուշագրաւ բանավէճի մը գետին կրնայ պատրաստել։ Թրքահայ կեանքէն ներս այսօր կը շրջին լսումներ, ըստ որոնց՝ եթէ հաւանական նոր սահմանադրութիւնը ունենայ համապատասխան տրամադրութիւններ, ապա, համայնքային վաքըֆները կրնան համադաշնակցութեան մը (քոնֆետերասիոն) վերածուիլ։ Ենթադրաբար, պատկերացումը այն է, որ ի շարունակութիւն Պատիրարքական Աթոռն ալ այդ համադաշնակցութեան գլուխը կրնայ դառնալ։ Ներկայ դրութեամբ համայնքային բոլոր հաստատութիւնները իրաւաբանական անձ են՝ բացառութեամբ Պատրիարքարանը։ Թէ ինչպէ՞ս յստակ կարգավիճակով կառոյցներէ բաղկանալիք համադաշնակցութեան մը մաս կրնայ կազմել կամ անոր գլուխը կրնայ անցնիլ կառոյց մը, որ իրաւաբանական անձ չէ։ Սա մեկնաբանութեան բաց կէտ մըն է։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այսօր հիմնական պայքարը դարձած է՝ կարգ մը հաստատութիւններու տնօրինած միջոցներէն եւ անոնց կալուածներու հասոյթներէն բաժին ստանալը կամ այդ բաժինը աւելցնելը։ Զարմանալի չէ, որ Պատրիարքարանն ալ կը ջանայ ներգրաւուիլ այդ պայքարին մէջ։ Յամենայդէպս, Աթոռի իրաւաբանական անձ դառնալու կամ պաշտօնական կարգավիճակ ձեռք բերելու հարցը այդքանով սահմանափակուած չէ։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի համայնքին համար ընդհանրական լիազօրութեամբ իշխանութիւն մը ձեւաւորելու։ Հետեւաբար, չափազանց մակերեսային կ՚ըլլայ, թէ Պատրիարքարանը ինքզինք պատկերացնէ միայն միջոցներէ օգտուողի դիրքի մը մէջ։

Պատրիարքարանի կարգավիճակի հարցը չի կրնար լուծուիլ՝ Ազգային սահմանադրութեան ոգիէն ու տարրէն շեղումով։ Ներկայ դրութեամբ Ազգային սահմանադրութիւնը կրնայ հարիւր տոկոսով գործադրելի չըլլալ, սակայն, հաւատարիմ պէտք է մնալ անոր ոգիին ու տարրին։ Վաքըֆներու վարչային մարմինները ո՛չ թէ ընդհանրական, այլ տեղական նշանակութիւն ունին եւ այս իրողութիւնը չի փոխուիր, եթէ նոյնիսկ անոնք համադաշնակցութեան մը հովանոցին տակ համախմբուելու հնարաւորութեան տիրանան։ Այլ խօսքով, կարելի՞ է երեւակայել, թէ քաղաքապետերու համախմբումով կրնայ խորհրդարան մը, ազգային ժողով մը գոյանալ։ Իւրաքանչիւր մարմին լիազօրութիւն կ՚ունենայ իր ընտրուած նպատակին ուղղութեամբ։ Այդ իրաւասութեան շրջանակներէն դուրս յորդիլը կը ծնի ապօրինութիւն։

Սուրբ Ծնունդի ընդունելութեան ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բերնէն այս մասին հազիւ, թէ նախադասութիւն սպրդեցաւ։ Այդ մէկ նախադասութիւնը դուռ կը բանայ բազմաթիւ հաւանականութիւններու եւ վարկածներու։ Այս հարցին մէջ Պատրիարքական Աթոռը պէտք է առաջնորդուի կարծիքներով կամ ցուցմունքներով այնպիսի մարդոց, որոնք այս համայնքի վարչակազմակերպչական նախընթացներուն հաղորդ են։ Քոնժոնքթիւրել պատահականութիւններով ներկայացած կերպարները չեն կրնար առողջ եւ նպատակասլաց ճանապարհ մը ցոյց տալ։

Անցեալ տարուայ մամլոյ ասուլիսներէն մէկուն ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնած էր, որ պիտի ջանար վերստին այս խնդրին շուրջ պետութեան հետ շփման մէջ անցնիլ։ Կ՚երեւի տակաւին առիթներ կը ներկայանան՝ հասկնալու համար, թէ Աթոռի կարգավիճակի հարցի լուծումը ինչպէ՞ս կը պատկերացուի։

Համայնքի կառավարում չի նշանակեր միայն վաքըֆներու կառավարում։ Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ Հանրապետական շրջանին համայնքային վաքըֆներու կառավարումը կարգաւորուած է նուազագոյն ձեւով։ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան հանգամանքին տեսակէտէ ալ վիճելի գրեթէ ոչինչ կայ։ Այսօր պատասխանի կարօտ հարցումը հետեւեալն է. «Ինչպէ՞ս պիտի փոխարինուի՝ Ազգային սահմանադրութեան համակարգով նախատեսուած ազգապետի դերակատարութիւնը»։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 9, 2026