ԹՕԹԱՓԵԼ ԱՆՇԱՐԺՈՒԹԻՒՆԸ
Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր իրերու դրուածքը էապէս փոխուած է համահայկական հարթութեան վրայ։ Հայաստան, անխուսափելիօրէն, գլուխ գլխի մնացած է իր գոյաբանական մարտահրաւէրներուն հետ։ Սփիւռքը մոլորուած է բառին բուն իմաստով։ Հայութիւնը կքած է պարտութեան ծանրութեան տակ եւ սա ներքին առումով հրահրած է ինքնապարփակուած, իրարու անհաղորդ վիճակ մը՝ անհատներու համատարած անտարբերութեամբ հանդերձ։ Պատերազմի արհաւիրքը թերահաւատութիւն ստեղծած է՝ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան դէմ։ Անշուշտ, տարբեր հարց, որ պատերազմէն առաջ ալ այդ համագործակցութեան նշանակութիւնը կը չափազանցուէր կամ կը գերագնահատուէր։ Պատերազմէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանին Հայաստանի կառավարութիւնը թէեւ կազմակերպեց հաւաքներ Երեւանի մէջ, սակայն, անոնց մթնոլորտը պայմանաւորեցին առկայ հարցման նշանները։ Այդ հաւաքները առաջին հերթին ծառայեցին՝ համահայկական երկխօսութեան բոլորովին ընդհատուած ըլլալու տպաւորութիւնը կանխելու համար։ Սա ունէր իր տրամաբանութիւնը՝ քանի իւրաքանչիւր տագնապալի իրավիճակ կը ծնի իր առաջնահերթութիւնները։
«Հայ-քրիստոնեայ սփիւռքի համայնքներու վիճակը՝ այսօր» խորագրեալ, Հունգարիոյ խորհրդարանի շէնքէն ներս կազմակերպուած համաժողովը եկաւ նոր օղակ մը աւելցնել՝ յետպատերազմեան շրջանի հաւաքներու շղթային վրայ։ Ճիշդ է, որ սփիւռքի հաւասարակշռութիւններուն առումով գերակշիռ կը համարուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանն ու Ֆրանսան եւ Պուտափեշտի մէջ այդ երկիրներու հայութեան ներկայացուցիչները չկային, սակայն, այդ բացակայութիւնը արգելք չհանդիսացաւ լիարժէք քննարկումներու ծաւալման։ Աշխարհի շուրջ քսան երկիրներէ հայ համայնքներու ներկայացուցիչները Դանուբի ափին բարձրաձայնեցին այն խնդիրները, որոնք այժմ հրատապ են ամէնուր։ Այս կէտին վրայ հերթական անգամ ի յայտ եկաւ այն ճշմարտութիւնը, թէ սփիւռքի համայնքները՝ անկախ իրենց քանակէն, դատապարտուած են իրարմէ սնուելու, այլապէս կը լճանան ինքնաբերաբար։ Բնական երեւոյթ մըն է այս մէկը՝ քանի սփիւռքի զանազանութիւնը կը պարտադրէ, որ տեղական առանձնայատկութիւնները մարսելու համար՝ համայնքները սերտ շփման մէջ ըլլան իրարու հետ եւ սնուին իրարմէ։
Պուտափեշտի մէջ աշխարհի շուրջ երկու տասնեակ երկիրներէ ներկայացուցիչներու կողմէ արտայայտուած տեսակէտներու համագումարը ի յայտ բերաւ հայ իրականութեան օրակարգի նոր առաջնահերթութիւնները, որոնց ծնունդ տուած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ճանապարհին առկայ ներուժը խիստ սահմանափակ է բոլոր առումներով։ Համաժողովի խորհրդածութիւնները եկան հաստատել, որ սեփական ուժերու հանդէպ թերահաւատ պէտք չէ ըլլալ, սակայն, զանոնք պէտք է գնահատել իրապաշտ։ Սա նախապայման մըն է նաեւ թօթափելու համար այժմու անշարժութիւնը։
Համահայկական հարթութեան վրայ ամլութիւնը կը խորանայ, ինչ որ բազմապատիկ մտահոգիչ է այս փուլին։ Արդարեւ, տասնամեակներէ ի վեր քարացած օրակարգը շարունակ կը կրկնուի եւ շօշափելի արդիւնքներու պակասը թոյլ չի տար դուրս գալ փակուղիէ։ Առանց շօշափելի արդիւնքի՝ համահայկական երկխօսութիւնը կը դառնայ անհեռանկար, իսկ համագործակցութիւնը՝ վերացական։
Համակարգուած քայլերու բացակայութիւնը մէկ կողմէ պատճառ կը դառնայ՝ արդէն իսկ սահմանափակ ներուժի մսխման, միւս կողմէ անհաղորդ վիճակ կը ստեղծէ համազգային իրականութենէ ներս։
Պուտափեշտի համաժողովը նոր առիթ մըն էր հարցնելու համար, թէ անարդիւնաւէտութիւնը միթէ ճակատագի՞ր է։ Անշուշտ, արդիւնքի պատկերացումները կամ արդիւնաւէտութեան չափանիշները ենթակայական կրնան համարուիլ։ Յամենայնդէպս, այսօր կայ անհերքելի վիճակ մը, որու մասին կարելի է երկար խօսիլ։
Սփիւռքի տեղական կառոյցները՝ հակառակ իրենց բուն նպատակի ճանապարհի չափազանց համեստ ցուցանիշներուն, կը ջանան դուրս գալ իրենց առաքելութեան հունէն ու կը գերադասեն իրենց խօսոյթով մաքրօ մակարդակի քաղաքական հարցերու հետամուտ ըլլալ: Մինչ շեղումները բոլոր ճակատներու պարագային կը հրահրեն անվիճելի նահանջ մը՝ մարդուժի պատրաստութեան լուրջ կաղացումները աստիճանաբար սպառնալիքի կը վերածուին երկարաժամկէտ նշանակութեամբ կենսական նպատակներու տեսակէտէ։ Իր ամբողջին մէջ սփիւռքը՝ բոլոր առանցքային կառոյցներով հանդերձ, շարունակականութենէ այնպէս մը հեռացած է, որ արդէն հարցաքննութեան կը բացուի իր կենսունակութիւնը եւ տարակուսելի կը դառնայ սեփական յարատեւութիւնը։ Մարդուժի պատրաստութեան գծով անհեռատեսութիւնն ու թերացումները սփիւռքը հասցուցած են ճամբաբաժանի մը, ուրկէ անդին ան ակամայ գործօն ըլլալէ կրնայ դադրիլ, եթէ մետասաներորդ պահուն չառնուին քանի մը անյետաձգելի քայլեր։
Եւ այո՛, ինքնութեան հարցերը իւրաքանչիւր քայլափոխին հետզհետէ աւելի ազդու ձեւով կ՚ուղղորդեն սփիւռքի ընթացքը, ուր ընդհանուր տկարացման միակ պատճառը չէ ժողովրդագրական մտահոգիչ պատկերը։ Ազգային-եկեղեցական հաստատութիւններու ցանցը կը դժուարանայ ժամանակներուն համակերպիլ եւ համահունչ քայլերով արագ արձագանգելու հրատապ կարիքներուն։ Մերօրեայ յարափոփոխ աշխարհին մէջ, սփիւռքի կառոյցներու ճկունութենէ այսքան հեռու ըլլալը, միանշանակ, խոցելի կացութիւն կը ստեղծէ։
Վաղուց արդէն ժամանակավրէպ է՝ լեզուի նահանջը քօղարկելու կամ ուրանալու համար հնարուած հայու ոգիի հեքիաթը։ Այդ ոգին այսօր չի թեւածեր՝ քանի մարմինը հիւծուած է։ Իւրաքանչիւր լեզու կ՚ենթադրէ ուրոյն մտածելակերպ մը։ Հայերը, եթէ հայերէնով չհաղորդակցին, բոլորը կ՚օտարանան իրարու։ Արդարեւ, իւրաքանչիւրը տարբեր մտածելակերպի մը, դատողութեան մը կրողը կը դառնայ։ Եւ եթէ չըլլայ հայերէնի հասարակաց յայտարարը, ապա նմանութիւններէն անդին՝ տեղական առանձնայատկութիւնները՝ այսինքն տարբերութիւնները կը սկսին գերիշխել ու գրաւի տակ առնել համահայկական յարաբերութիւնները։
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական այժմու իրադրութիւնն ալ ստիպողութիւն կը ստեղծէ՝ համահայկական համագործակցութեան վերաբերեալ հաշուարկները վերատեսութեան ենթարկելու համար։ Թէեւ սփիւռքը հաստատութենական մօտեցումներու վիթխարի պակաս ունի եւ ի շարունակութիւն՝ անցեալ տասնամեակներուն չէ կրցած պետական ազգի յարիր մտածելակերպ ձեւաւորել, սակայն, առկայ պայմանները առաւել եւս կը դժուարացնեն իր գործը։
Հայութեան ծանր վիճակին վրայ ծանրացանք բաւականաչափ. բան մը, որու տարբեր բանաձեւումները լսուեցան նաեւ համաժողովի ելոյթներուն ժամանակ։ Միւս կողմէ, Պուտափեշտի հաւաքը բաւական լաւ էր՝ դժուարութիւնները զանազան երեսակներով մատուցելու առումով՝ մա՛նաւանդ ընդգրկուն աշխարհագրութեամբ մը՝ Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Ափրիկէ, Կովկաս, Արաբական ծոց… Առանց հակադրութիւններու՝ միակ առարկայական տուեալով եզրափակենք մեր դիտարկումներն ու խորհրդածութիւնները։ Համահայկական երկխօսութիւնը գործընթաց մըն է, որ ունի իր կշռոյթը եւ կը պահանջէ մեծ համբերութիւն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
- վերջ -
