ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԸ՝ ՊԱՊԱ ՇՆՈՒՏԱ Գ.
Բարեհամբաւ մարդիկ միշտ ալ ճառագայթող եւ ուշագրաւ ներկայութիւն դարձած են իրենց ուղիղ վարքով, եզակի՝ բարոյական արժանիքներով եւ օրինակելի՝ առաքինի ապրելակերպով։ Այդպիսիները գովասանական գնահատանքներու եւ երախտագիտական արտայայտութիւններու արժանացած ըլլալով՝ մարդոց յիշողութեան մէջ իւրայատուկ տեղ ունեցած են։ Թէեւ անոնք մահկանացու կը ծնին, սակայն եւ այնպէս անմահ կը մեկնին այս աշխարհէն։
Նմանօրինակ մարդիկ, որպէս սերմնացաններ, բարութիւն կը ցանեն, աւետաբեր ներգործութեամբ խաղաղութիւն կը տարածեն եւ ի խնդիր հոգեմը-տաւոր պայծառութեան՝ յաւերժախօս խորհուրդներ կը փոխանցեն։ Հաւատաւոր մարդուն երկրաւոր կեանքը կը յատկանշուի այս տուեալներով։ Այդպիսին երբ անվերադարձ կը մեկնի այս աշխարհէն՝ իր շրջապատը սուգի կը մատնէ, եւ սակայն սրբաշող հետ-քերը կը հանդիսանան անխախտ չափանիշը բարեհամբաւ կեանքին։ Ահա թէ ինչո՛ւ Դաւիթ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Տիրոջ աչքին թանկագին է Իրեն հաւատարիմ մարդոց մահը» (Սղ 116.15)։
Բայց արդեօք մեղքով մթագնած երկրին մէջ լուսասփիւռ էակներ կա՞ն։ Ունայն այս աշխարհին մէջ աստուածգիտութեան խորհուրդով ընթացողներ եղա՞ծ են։ Չարանենգ խաբկանքներուն դէմ հաւատքի բարի պատերազմ մղողներ գտնուա՞ծ են։ Երեւակայածին իտէալներուն փոխարէն իրապաշտ կերպով հոգեւոր սկզբունքներ որդեգրողներ կա՞ն եւ մանաւանդ՝ այս օրերուն Քրիստոսի Աւետարանին վայել ձեւով ապրողներու կարելի՞ է հանդիպիլ։ Նմանատիպ հարցադրումներու գոհացուցիչ պատասխան գտնելը գերբնական ճիգի չի կարօտիր։ Այսօր, թէկուզ հազուադէպ, բայց կրնանք հանդիպիլ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին լիառատ ազդեցութեամբ առաջնորդուողներու, լուսածարաւ հոգիով Աստուծոյ մօտենալու ձգտումով ապրողներու եւ երկիւղած բարեպաշտութեամբ փրկութեան համար աշխատողներու, որոնք իրենց առաքինութեամբ, ազնուութեամբ եւ քրիստոսատիպ վարքով իրենց շրջապատին օրինակ կը հանդիսանան։ Սա կը նշանակէ, որ «լոյսի եւ ցերեկի» որդիներ կոչուածները Աստուծոյ մեծամեծ սքանչելիքները կը պատմեն, յաւիտենական ճշմարտութիւններ կը ծանուցեն եւ սիրով գործի դրուած հաւատքով՝ Քրիստոսի նկատմամբ իրենց ունեցած սիրազեղ պատկանելիութիւնը կ՚ապացուցեն, իբրեւ երաշխիք փրկութեան, նախաճաշակ արքայութեան եւ մանրապատկեր անվախճան ուրախութեան։
Այդպիսին էր Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Շնուտա Գ. Պատրիարքը։ Երանելի հայրապետը ջերմեռանդ ծառայութեամբ դարձաւ «սերունդներու դաստիարակ»։ Ան գիրով ու գիրքով լոյս աշխարհ ընծայեց հոգեշահ ճշմարտութիւններ, բանիւ եւ գործով սորվեցուց անմոռաց դասեր, սրբակրօն կոչումով գործեց եւ գործակցեցաւ, մաքուր խղճմտանքով սիրեց եւ սիրուեցաւ, լուսաբաղձ տեսիլքով առատօրէն սերմանեց Տիրոջ խօսքը, քաղցրաձայն բարբառով հաւատարմօրէն հիւսեց Աստուծոյ փառքը։ 41 տարիներու գահակալութիւնը օրհնաբեր սպասաւորութեամբ յատկանշուեցաւ։
Նորին սրբութեան հետ փոխյարաբերութիւն մշակող հանրածանօթ անձնաւորութեանց, հոգեւոր ծառայութեան բերումով գործակցող եկեղեցականներու եւ պաշտօնական հանդիպումներ ունեցող հասարակական գործիչներու տպաւորապաշտ վկայութիւնները ինքնին կը պարզեն Շնուտա Գ. Պատրիարքին խորաթափանց ակնարկութիններուն, առողջ տեսակէտներուն, դրական տեսութիւններուն, յուսադրիչ խորհուրդներուն եւ բարոյալից մատնանշումներուն բարերար ազդեցութիւնը, որոնք կը մնան այժմէական իրենց շահեկան թելադրականութեամբ։
Ժողովուրդին ցուցաբերած հայրական խնամքն ու հոգածութիւնը, սիրալիր վե-րաբերմունքն ու բոլորանուէր ընծայաբերումը, գրական արդիւնաշատ արտադ-րութիւնը, հովուական անձնուրաց ծառայութիւնը, մտերմիկ եւ սրտախօսիկ կերպով մարդոց հետ հաղորդակցիլը անոր համար հոգեւորականին սրբանուէր կոչումը արժեւորելու առաջնահերթութիւններն էին եւ միաժամանակ ցայտուն ցուցանիշը եկեղեցապատկան առաքելութեան։ Ահա թէ ինչո՛ւ ժողովուրդը զինք կոչած էր «Հայր»՝ Պապա Շնուտա։
Շաբաթ, 17 Մարտ 2012-ին, բազմավաստակ Պապա Շնուտան իր աչքերը փակեց ու առյաւէտ հեռացաւ այս աշխարհէն։ Ան ինքնուրոյն տեղ եւ դեր ունեցաւ համաքրիստոնէական աշխարհին մէջ։ Իր վախճանումով, մասնաւորաբար, Եգիպտոսի ժողովուրդը կորսնցուց պատուական քաղաքացիի, մշտարթուն հովուապետի եւ հոգեխօս բանաստեղծի կերպար մը, որ ոչ միայն քաղցրաբարոյ արարքներով, նախանձախնդիր կեցուածքով եւ անշահախնդիր նուիրումով դարձաւ հոգեգրաւ դէմք, այլեւ՝ պատմութեան թատերաբեմի հսկաներէն մին։
Պապա Շնուտան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու։ Երանելի հայրապետին գրչին, աստուածաբանական մտածումներուն, կեցուածքին, հոգեցունց գաղափարներուն ծանօթանալու համար, անոր տարբեր գիրքերէն արաբերէն լեզուէն թարգմանութիւններ կատարած ենք եւ զանոնք կիսած՝ մեր ընթերցողներուն հետ։
Պապա Շնուտան երկար տարիներ իբրեւ ճգնաւոր ապրած է Ալմազա կոչուող անապատին մէջ։ Ան իր փորձառութիւնն ու ապրումները բաժնեկցած է իր ընթերցողներուն հետ՝ ըսելով. «Ես կիրակնօրեայ դպրոցի ընկերներուս մէկուն հետ ամէն օր անապատ կը բարձրանայի՝ աղօթքի եւ խոկումի համար։ Անապատէն Հելիոպոլիսը կ՚երեւէր։ Կը զգայինք, որ մեր հոգիները երկարութեան, լայնութեան եւ բարձրութեան չափումներէն, ճոխութեան ու շքեղութեան կապանքներէն կ՚ազատուէին։ Շքեղ պալատ, թէ խրճիթ՝ մեզի համար նոյնն էր, քանի որ այդ մեզի համար կարեւոր չէր։ Այդ բարձր բլուրին վրայ նստած՝ մենք հոգեւոր երջանկութիւն եւ հաճոյք կը զգայինք, երջանկութիւն, որ երբեք քաղաքին մէջ չենք ունեցած։
«Երբ արձակուրդներուն Գահիրէ վերադարձանք, անկեղծ կ՚ըսեմ, այդ աղմկոտ մայրքաղաքէն սկսայ զզուիլ։ Երբ կը քալէի՝ գլխուս եւ ականջներուս մէջ կարծես ժայթքող հրաբուխ մը կար՝ մարդոց գոռգռոցներուն, մեքենաներուն աղմուկին պատճառով։ Այս աղմուկին մէջ հասկցայ, որ չեմ կրնար կանոնաւոր կերպով ու անընդմէջ մտածել, այնպէս ինչպէս անապատի բարձր բլուրին վայ։ Երբ սենեակիս դուռը փակեցի, պատրաստուեցայ որ աղօթեմ, բայց չկրցայ աղօթել։ Սենեակի չորս պատերը կարծես զիս Աստուծմէ հեռացնող խոչընդոտներ ըլլային։ Այսպիսով, ես չաղօթեցի, այլ սենեակէս դուրս ելլելով՝ բազմաթիւ մղոններով քալեցի՝ փորձելով խաղաղ անկիւն մը գտնել, ուր ոչ մէկ շինութիւն ըլլար, բայց այդպէս ալ չգտայ։
«Քու հոգիդ, սիրելի եղբայր, կ՚ուզէ ազատ ըլլալ, թռչունի պէս ճախրիլ։ Ան կ՚ուզէ նմանիլ այն հրեշտակներուն, որոնք միշտ զԱստուած կը փառաբանեն՝ առանց որեւէ արգելքի կամ սահմանափակման։ Եթէ մշտապէս չես կրնար այդ վիճակին մէջ ըլլալ, ապա գոնէ երբեմն եղիր։
«Շատ յաճախ կը կարծենք, որ խոկումը աւելի հեշտութեամբ ու խորութեամբ հասանելի է նաւագնացներուն, գիւղացիներուն եւ անապատի ու լեռներու բնակիչներուն։ Մենք նոյնպէս նոյն կարողութիւնը կ՚ունենանք, երբ մեր մարմնի կապանքներէն կ՚ազատինք ու երկինք կը բարձրանանք, ուր Աստուած, հրեշտակներն ու սուրբերը կը բնակին։
«Երբեմն սենեակիդ չորս պատերուն մէջ նստած՝ աղօթքներով, խոկումներով ու ընթերցումներով կլանուած կ՚ըլլաս եւ քեզ շրջապատող ամէն ինչէն կը վերանաս։ Զգայարանքներէն վեր գտնուող այլ աշխարհի մը մէջ կը սկսիս ապրիլ։ Չես անդրադառնար, որ արդեօք սենեակի՞դ մէջ ես, թէ՞ ազատ տարածութեան մը մէջ։ Նոյնիսկ չես գիտակցիր, թէ երկի՞նքը իջած է՝ երկիր, թէ՞ դուն երկինք բարձրացած ես՝ երկրի վրայ գտնուելով…»։
Շնուտա Գ. Պատրիարքը իր ազդեցիկ ու պարզ խօսքերով կը փորձէր մարդու հոգւոյն մէջ ներթափանցել եւ Տիրոջ խօսքերը խորաքանդակել մարդուս սրտի տախտակին վրայ։ Ահաւասիկ անոր ոսկեղնիկ գոհարներէն փունջ մը երիտասարդին ուղղուած. «Եթէ դեռ մտահոգուած ես, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կը վերաբերին քեզի հետ եւ կը փորձես ամէն ձեւով քու մասիդ լաւ կարծիք ստեղծել, այն ատեն չես կրնար հոգւոյդ ազատագրման բարձունքը նուաճել։ Փոխանակ գոհանալու եւ ուրախանալու, որ սին փառքի դեւը տակաւին տկարութիւնդ չի գիտեր, կը տեսնեմ, որ փորձութեան մէջ կ՚ուզես իյնալ։ Թոյլ կու տա՞ս, թանկագին եղբայր, քանի մը հարց իրարու հետ քննարկենք.
«1.- Ինչո՞ւ քու մասիդ շարունակ ուրիշներու հետ կը խօսիս։ Կ՚ուզես, քեզմո՞վ հիանան։ Ուրեմն, անկեղծօրէն ըսէ ինծի, սրտիդ մէջ դուն քեզմով հիացա՞ծ ես։ Անկասկած, ներսիդիդ ունիս շատ մը թերութիններ, որոնց համար իսկապէս անհանգստացած ես: Հետեւաբար, ինչո՞ւ բուռն կերպով կը փափաքիս, որ մարդիկ փառաւորեն այնպիսի անձնաւորութիւն մը, որ դուն ալ համոզուած ես, թէ փառաւորման արժանի չէ։
«2.- Թոյլ տուր, որ հարցում մը եւս հարցնեմ, քու անձիդ իսկական պատկերը արդեօք կը ճանչնա՞ս, թէ՞ միայն լաւ կողմերը կը յիշես, իսկ ամօթալի ու վատ կողմերը կ՚անտեսես: Չե՞ս գիտեր, որ կէս ճշմարտութիւնը ամբողջական ճշմարտութիւնը չէ: Արդ, միթէ քու մասիդ արտաբերած խօսքիդ մէջ խաբէութիւն ու ստութիւն չկա՞ն: Արդեօք միայն պատկերի մէկ կողմը չե՞ս ներկայացներ՝ թաքցնելով քու թերութիւններդ, որոնք դուն շատ լաւ գիտես։
«3.- Կասկած չկայ, եւ դուն ալ գիտես, որ «արժանիք»ներուդ մասին խօսիլը քեզ Աստուծոյ վարձատրութենէն կը զրկէ: Քրիստոս կ՚ըսէ. «Երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ։ Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.3-4)։ Կը խղճամ քեզի, սիրելի եղբայրս, որովհետեւ որեւէ մէկ նպատակի համար երկար կը պայքարիս, բայց անխոհեմութեան պահուն, երբ այդ անիծեալ «արդարութեան»դ զգացումը կ՚իշխէ, չարը կու գայ եւ պայքարիդ արդիւնքը կը կողոպտէ: Եւ ահա, ամբողջ աշխատանքդ ի դերեւ կ՚ելլէ։ Այդ ժամանակ քեզ կը նմանցնեմ այն մարդուն, որ բոյս մը տնկած է, բայց երբ Աստուած պտուղ կը պարգեւէ, ան փոխանակ բերքը հաւաքելու եւ ուրախանալու՝ զայն կրակի մէջ կը նետէ եւ կամ կը ձգէ, որ չարը այդ պտուղը ինք քաղէ։ Թանկագին եղբայրս, եթէ երբեք քու մասիդ խօսելու ցանկութիւն ունենաս, յիշէ՛ աստուածային խօսքերը. «Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը» (Մտ 6.2):
«4.- Միշտ յիշէ՛, որ մարդիկ կը գարշին անոնցմէ, որոնք իրենց մասին շատ կը խօսին: Մարդիկ այդպիսիները պարծենկոտ եւ ինքնահաւան կը կոչեն։ Այսպիսով, նման մարդը ո՛չ երկինքը եւ ոչ ալ երկիրը կը շահի:
«5.- Կ՚ուզեմ քեզի յիշեցնել, որ այն գործերը, որոնցմով կը պարծենաս, միայն քու ջանքերուդ, աշխատանքիդ արդիւնքը չեն: Կան բազմակողմանի հանգամանքներ, որոնք քեզի օգնած են այդ բոլորը իրագործելու համար։ Աստուած եթէ քեզի կամք, ուժ, խելք տուած չըլլար, պիտի չկարողանայիր նպատակիդ հասնիլ։ Մի՛ մոռնար, որ Աստուած քու միջոցաւդ կը գործէ»։
Սիրելի՛ Պապա Շնուտա, դուն եղար աստուածատուր շնորհքներդ Եկեղեցւոյ ծառայեցնող ընտիր մշակ մը, Քրիստոսի յաղթական երթին մասնակից դարձող ուխտապահ վկայ մը, յիշատակդ միշտ պայծառ պիտի մնայ, գանձդ՝ անսպառ եւ օրինակդ՝ խօսուն…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ