ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­տե­րա­կան ե­րե­կոյթ մը։ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կան յայտ­նի դե­րա­սան­ներ Սե­ւինչ Էր­պու­լաք եւ Ֆրատ Թա­նըշ։ Գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուին այս ե­րե­կոյ­թին նկատ­մամբ։ Ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին, Տա­տեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Թո­րոս Փեհ­լի­վան եւ իր ըն­կեր­նե­րը յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նե­ցին Սե­ւինչ Էր­պու­լա­քին եւ Ֆրատ Թա­նը­շին, ո­րոնց կող­մէ կա­տա­րուած ներ­կա­յա­ցու­մը իս­կա­պէս հա­ճե­լի դար­ձաւ ներ­կա­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017