ԻՒՂԱՆԿԱՐԻ ՄԸ ԲԱՐԴ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐՈՎ ԶՈՒԳՈՐԴՈՒԱԾ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի դէ­պի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նէ ներս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուե­ցան կարգ մը պնդում­ներ, ըստ ո­րոնց ան կը վա­ճա­ռէ Պատ­րիար­քա­րա­նի իւ­ղա­ներ­կե­րէն մին։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ փոր­ձե­ցինք շօ­շա­փել իր տե­սա­կէ­տը եւ ինքն ալ փա­փա­քե­ցաւ, որ խնդի­րը պար­զուի ա­մե­նայն ման­րա­մաս­նու­թեամբ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս հար­ցը ժա­ռան­գած էր ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ դառ­նա­լով՝ յար­մար դա­տեց, որ նոյն նիւ­թին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեն նաեւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան եւ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան, ո­րոնք ան­ցեա­լի մէջ Պատ­րիար­քա­րա­նի Դի­ւա­նէն ներս վա­րած են պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­ներ, նաեւ տե­ղեակ են հար­ցի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն։ Հարկ է նշել, որ խնդրոյ ա­ռար­կայ իւ­ղա­ներկն է 2000-ա­կան թուա­կան­նե­րու սկիզ­բին Տ. Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեա­նի անձ­նա­կան հրա­հան­գով Պատ­րիար­քա­րա­նէն դուրս բե­րուած գործ մը, ո­րու հե­ղի­նակն է նկա­րիչ Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան։

Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի կող­մէ ստեղ­ծա­գոր­ծուած ե­պիս­կո­պո­սի մը իւ­ղա­ներկ դի­ման­կա­րը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը գտնուէր մեր Ա­թո­ռի հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ։ Այդ գոր­ծը կը պա­հուէր ա­ռանց շրջա­նա­կի։ Հե­ղի­նա­կը՝ Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան ե­ղած էր գա­տը­գիւղ­ցի մը եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեան ա­շա­կեր­տած էր ի­րեն։ Իւ­ղան­կա­րին ձախ վա­րի ան­կիւ­նը յստակ էր հե­ղի­նա­կին ստո­րագ­րու­թիւ­նը եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան թուա­կա­նը՝ 1903։ Մա­քուր եւ խնա­մուած վի­ճա­կի մէջ էր ան։ 2000-ա­կան թուա­կան­նե­րուն, երբ Գում­գա­բուի մէջ Պատ­րիար­քա­րա­նը եւ Գնա­լը կղզիի մէջ Պատ­րիար­քա­րա­նի ա­մա­րա­նո­ցը կը վե­րա­նո­րո­գուէին, այդ գոր­ծը յայտ­նուած էր Գնա­լը կղզիի մէջ։ Ար­դա­րեւ, կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վուա­տու­նը Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեա­նին կող­մէ վե­րա­ծուած էր ըն­դու­նա­րա­նի մը եւ այդ ժա­մա­նա­կա­ւոր ըն­դու­նա­րա­նի կա­հա­ւոր­ման ու յար­դար­ման հա­մար օգ­տա­գոր­ծուած էր այդ դի­ման­կա­րը։

Այդ իւ­ղա­ներ­կին մէջ նկա­րուած ե­պիս­կո­պո­սին ինք­նու­թիւ­նը խոր­քին մէջ յայտ­նի չէր։ Այդ գոր­ծը տեղ գտած է նաեւ Կա­րօ Քիւրք­մա­նի կող­մէ հրա­տա­րա­կո­ւած, 2004-ին լոյս տե­սած՝ հայ նկա­րիչ­նե­րու եւ նկար­չու­թեան վե­րա­բե­րեալ ծա­նօթ գոր­ծին մէջ։ Պարզ է, որ Կա­րօ Քիւրք­ման եր­կար աշ­խա­տան­քէ մը վերջ պատ­րաս­տած էր այդ գիր­քը։ Քիւրք­մա­նի գիր­քին մէջ Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­ւա­քա­ծո­յի այդ իւ­ղան­կա­րը մէջ­բե­րուած էր։ Որ­պէս բա­ցատ­րու­թիւն՝ կցուած էր հան­գու­ցեալ Գէորգ Բամ­պուք­ճեա­նի կող­մէ ի­րեն փո­խան­ցուած բա­ցատ­րու­թիւ­նը, թէ այդ մէ­կը Սար­գիս Եպսկ. Տէր-Սար­գի­սեանն էր։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Գէորգ Բամ­պուք­ճեան 1997-ին մա­հա­ցած է, Կա­րօ Քիւրք­ման ա­պա­հո­վա­բար այդ թուա­կա­նէն ա­ռաջ իր­մէ ստա­ցած էր այդ տե­ղե­կու­թիւ­նը։ Բայց եւ այն­պէս, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան եւ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան կը բա­ցա­ռեն հան­գու­ցեալ Բամ­պուք­ճեա­նի այդ վար­կա­ծը, ո­րով­հե­տեւ 1903-ին, երբ Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան սոյն դի­ման­կա­րը նկա­րած է՝ են­թա­կան տա­կա­ւին ե­պիս­կո­պոս չէր ձեռ­նադ­րուած։ 

Ըստ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեա­նի եւ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեա­նի կող­մէ փո­խան­ցուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, Գում­գա­բուի վե­րա­նո­րո­գու­թիւն­նե­րուն վեր­ջա­ւո­րու­թեան, երբ Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեան գործ­նա­կա­նա­պէս ու վերջ­նա­կա­նօ­րէն վե­րա­դար­ձած էր Պատ­րիար­քա­րան, օր մը հրա­հան­գեց՝ որ­պէս­զի Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի այդ իւ­ղան­կա­րը բե­րուի Գնա­լըէն Գում­գա­բու։ Մու­թա­ֆեան Պատ­րիարք յայտ­նած էր, որ այդ դի­ման­կա­րի վե­ղա­րը ու­նէր տպա­ւո­րիչ ու պատ­կա­ռե­լի տեսք մը։ Ինք կը պատ­րաս­տուէր պա­տ-ւի­րել ե­րա­նաշ­նորհ Կո­լոտ Պատ­րիար­քի իւ­ղա­ներկ դի­ման­կա­րի մը գծուի­լը։ Փա­փա­քած էր, որ Կո­լո­տի դի­ման­կա­րի պա­րա­գա­յին վե­ղա­րը նմա­նէր Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­ծին։ Ըստ ի­րենց, Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քի հրա­հան­գով այդ իւ­ղան­կա­րը դուրս բերո­ւած էր Պատ­րիար­քա­րա­նէն։ Ի­րենք զայն յանձ­նած էին Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քի վա­րոր­դին՝ Յով­հան­նէս Պայ­րա­մին, որ Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ տեղ մը տա­րած էր այդ գոր­ծը։ Բնա­կա­նա­բար, Յով­հան­նէս Պայ­րամ այ­սօր չի յի­շեր այդ հաս­ցէն։ Մեր զրու­ցա­կից­նե­րը դի­տել տուին, որ այդ ժա­մա­նակ Մու­թա­ֆեան Պատ­րիարք տուած էր այն բա­ցատ­րու­թիւ­նը, թէ Հա­յաս­տա­նէն ե­կած նկա­րիչ մը քա­ղա­քիս մէջ, Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ, պի­տի կրկնօ­րի­նա­կէր այդ իւ­ղան­կա­րի մա­նա­ւանդ վե­ղա­րը։ Սոյն պատուէ­րին միջ­նոր­դած էր մեր ազ­գա­յին­նե­րէն Մա­ժակ Օ­հա­նեան Չա­քըր, որ այդ շրջա­նին անձ­նա­կան գոր­ծի բե­րու­մով պար­բե­րա­բար կը ճամ­բոր­դէր դէ­պի Ե­րե­ւան։ Այս կէ­տին վրայ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ա­ւել­ցուց, որ ինք կապ հաս­տա­տած է  Մա­ժակ Օ­հա­նեան Չա­քը­րին հետ, սա­կայն դժբախ­տա­բար այ­սօր ան եւս չի յի­շեր այդ շրջա­նի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն ո­րոշ ժա­մա­նակ անց Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միծ­նի հան­գու­ցեալ միա­բան­նե­րէն Տ. Ներ­սէս Արք. Պո­զա­պա­լեան։ Ան Գում­գա­բուի մէջ յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ վա­ճառ­քի հա­նուած է ե­պիս­կո­պո­սի մը իւ­ղա­ներկ դի­ման­կա­րը՝ Պո­լի­սէն ու կը պնդուի, որ հե­ղի­նակն է աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քի։ Իր փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, պնդուած էր նաեւ, թէ այդ դի­ման­կա­րին մէջ կ՚ե­րե­ւի Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի եղ­բայ­րը՝ հո­գե­լոյս Տ. Գաբ­րիէլ Եպսկ. Այ­վա­զովս­քի։ Տե­ղեակ ըլ­լա­լով այս պա­րա­գա­յին՝ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան ան­մի­ջա­պէս Կա­րօ Քիւրք­մա­նի գիր­քէն խնդրոյ ա­ռար­կայ նկա­րը ցոյց կու տայ Տ. Ներ­սէս Արք. Պո­զա­պա­լեա­նին, որ կը հաս­տա­տէ, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ վա­ճառ­քի դրուա­ծը այդ իսկ մէկն է, սա­կայն ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը սրբուած կամ նեն­գափոխո­ւած։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ նկա­րը 1903 թուա­կա­նին ստեղ­ծա­գոր­ծուած է, իսկ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քի մա­հա­ցած՝ 1900 թուա­կա­նին, ար­դէն ինք­նա­բե­րա­բար հե­ղի­նա­կի վե­րա­բե­րեալ ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը կը դառ­նայ պարզ։ Ըն­թաց­քին յայտ­նի կը դառ­նայ նաեւ, որ Պատ­րիար­քա­րա­նէն ա­ռանց շրջա­նա­կի դուրս բե­րո­ւած այդ իւ­ղան­կա­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ յայտ­նուած է շրջա­նա­կով մը։ Գոր­ծը շրջա­նա­կի մէջ առ­նե­լու պատ­ճա­ռը կրնայ ըլ­լալ՝ վա­ճառ­քի ժա­մա­նակ սրբուած կամ նեն­գա­փո­խուած ստո­րագ­րու­թեան բա­ժի­նը հնա­րա­ւո­րինս ծած­կե­լու մտադ­րու­թիւ­նով։ Այս ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ հա­ւա­նա­կա­նու­թեան մը կաս­կա­ծը կը յա­րու­ցէ այդ զրոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րուն մօտ։ Ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին մէջ, Տ. Ներ­սէս Արք. Պո­զա­պա­լեան կը պա­հան­ջէ, որ Տ. Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեան տայ պաշ­տօ­նա­կան լիա­զօ­րա­գիր մը՝ որ­պէս­զի ինք Հա­յաս­տա­նի մէջ զբա­ղի այս հար­ցով եւ այդ իւ­ղան­կա­րը վե­րա­դար­ձուի բուն տի­րոջ՝ Պո­լսոյ Պատ­րիար­քա­րա­նին։ Բայց եւ այն­պէս, Մու­թա­ֆեան Պատ­րիարք այդ­պէս ալ այդ լիա­զօ­րա­գի­րը չէ տուած Տ. Ներ­սէս Արք. Պո­զա­պա­լեա­նին։ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան եւ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան այ­սօր յան­գած են այն հա­մոզ­ման, որ սա Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քի հի­ւան­դու­թեան սկզբնա­կան շրջանն էր, տա­կա­ւին այդ հի­ւան­դու­թիւ­նը նոյ­նիսկ ախ­տա­ճա­նա­չուած չէր, հա­ւա­նա­բար այդ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ պատ­րիար­քը չէր կրցած դա­տել վիճակը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս բո­լո­րին վե­րա­հա­սու դար­ձած է ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ ըլ­լա­լէ վերջ։ Եր­կու կամ ե­րեք տա­րի ա­ռաջ, Ա­տա­նա­յի մէջ բնա­կող իր ազ­գա­կան­նե­րէն մին ի­րեն փո­խան­ցած է Հա­յաս­տա­նէն հա­սած ե­լեկտ­րո­նիկ նա­մակ մը։ Սա ե­ղած է Հա­յաս­տա­նէն ու­ղար­կուած իւ­ղա­ներ­կի մը վա­ճառ­քի ա­ռա­ջար­կին շուրջ նա­մակ մը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ազ­գա­կա­նը, որ իր մէկ ծա­նօ­թէն ստա­ցած է այդ նա­մա­կը, զայն փո­խան­ցած է Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին՝ հա­շուի առ­նե­լով, որ նկա­րին վրայ կ՚ե­րե­ւի ե­կե­ղե­ցա­կան մը։ Երբ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը տես­նէ այդ գոր­ծի լու­սան­կա­րը, Պատ­րիար­քա­րա­նէ ներս կա­տա­րուած խորհր­դակ­ցու­թիւ­նով մը ան­մի­ջա­պէս յայտ­նի կը դառ­նայ, որ սա Գում­գա­բուի հա­ւա­քա­ծո­յէն կոր­սուած գործն է։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ա­ռա­ջարկ-նա­մա­կին մէջ իւ­ղան­կա­րի «նոր» տի­րոջ տուեալ­նե­րը կը գտնո­ւէին՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այդ բո­լո­րը կը պա­հէ եւ իր յա­ջորդ Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն կապ կը հաս­տա­տէ այդ անձ­նա­ւո­րու­թեան հետ։ Նկա­րին «նոր» տէ­րը ժա­մադ­րու­թեան կը փու­թայ՝ ա­ռանց հե­տը բե­րած ըլ­լա­լու այդ գոր­ծը։ Ան կ՚ու­նե­նայ այդ «խե­լա­ցու­թիւ­նը», ո­րով­հե­տեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ար­դէն ըն­թաց­քին ոս­տի­կա­նու­թեան ալ կը դի­մէ՝ պա­հան­ջե­լով, որ մեր Ա­թո­ռէն գող­ցուած գոր­ծը տեղ­ւոյն վրայ առգ­րա­ւուի ու վե­րա­դար­ձուի Պատ­րիար­քա­րա­նին։ Սա­կայն երբ նկա­րին «նոր» տէ­րը կը փու­թայ ա­ռանց գոր­ծը հե­տը տա­նե­լու, այդ ծրա­գի­րը կը ձա­խո­ղի։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ի­րեն կը բա­ցատ­րէ, որ այդ իւ­ղան­կա­րը կը պատ­կա­նի Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան։ Նկա­րին նոր տէ­րը ընդվ­զում կ՚ար­տա­յայ­տէ ու կ՚ա­ւելց­նէ, որ իր մօտ այ­դօ­րի­նակ մէ­կէ ա­ւե­լի գոր­ծեր կը գտնուին, բո­լո­րին ալ հե­ղի­նա­կը Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քին է եւ այդ իւ­ղան­կա­րը կապ չու­նի Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րա­նին հետ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը փա­փաք կը յայտ­նէ՝ հա­մո­զուե­լու հա­մար տես­նել միւս նմա­նա­տիպ նկար­նե­րը։ Բայց եւ այն­պէս, նկա­րին «նոր» տէ­րը եր­բեք չէ կրցած ցոյց տալ այդ գոր­ծե­րը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը շեշ­տէ, որ ե­թէ այդ նկա­րը մէ՛կ հատ է, ա­պա ան­պայ­ման կը պատ­կա­նի մեր Պատ­րիար­քա­րա­նին։ Իսկ մէ­կէ ա­ւե­լի ըլ­լա­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը շատ տկար է, ո­րով­հե­տեւ գոր­ծին «նոր» տէ­րը մեր­ժած է զա­նոնք ցոյց տալ, ինչ որ ան­կեղ­ծու­թեան փոր­ձա­քար մըն էր։ Մնաց որ, ար­դէն պարզ է, թէ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քի շատ սահ­մա­նա­փակ թի­ւով դի­ման­կար­ներ ստեղ­ծա­գոր­ծած է եւ ա­նոնց­մէ մին է նաեւ ինք­նա­դի­ման­կա­րը։

Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան դի­մած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան։ Ըն­թաց­քին յայտ­նի դար­ձած են նաեւ ու­րիշ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Ի­րեն հա­սած են լու­րեր, ըստ ո­րոնց այդ գոր­ծը ու­ղար­կուած է Ռու­սաս­տան, ուր վա­ճառ­քի հա­նուած է կէս մի­լիոն եւ­րո­յով՝ որ­պէս Այ­վա­զովս­քիի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տե­սած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ նկա­րի «նոր» տի­րոջ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ռու­սե­րէ­նով պատ­րաս­տուած մաս­նա­գի­տա­կան տե­ղե­կա­գիր-եզ­րա­կա­ցու­թիւն մը, որ կը հաս­տա­տէ, թէ այդ գոր­ծը Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնն է։ Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը, ո­րու ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն հետ կա­պի մէջ ան­ցած է Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, խոս­տա­ցած է Ռու­սաս­տա­նի մէջ ը­նել մի­ջամ­տու­թիւն­ներ ու ճշդել, թէ ո­րո՞ւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնն է այդ գոր­ծը։ Այդ սպա­սու­մը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուի, հե­տե­ւա­բար վերջ­նա­կան ար­դիւնք մը ու­նե­նա­լու գոր­ծըն­թացն ալ ա­կա­մայ կ՚եր­կա­րի։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ դառ­նու­թիւն կը յայտ­նէ սոյն ան­հիմն պնդում­նե­րուն եւ զրպար­տու­թիւն­նե­րուն դէմ։ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան եւ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեանն ալ ցաւ կը յայտ­նեն սոյն ցե­խար­ձա­կում­նե­րուն նկատ­մամբ։ Ա­նոնք հա­մո­զուած են, թէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին վե­րագ­րուած այդ պնդում­նե­րը իս­կա­պէս ան­հե­թեթ են, ո­րով­հե­տեւ բո­լո­րին ծա­նօթ է, թէ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը որ­քան հե­տե­ւո­ղա­կան ու նա­խան­ձախն­դիր աշ­խա­տանք ծա­ւա­լած է եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր՝ Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­ւա­քա­ծոն ճո­խաց­նե­լու ու կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար։ Այդ ամ­բողջ գոր­ծու­նէու­թեան շօ­շա­փե­լի փաս­տը կը հա­մա­րուի Պատ­րիար­քա­րա­նի այ­սօ­րուան թան­գա­րա­նը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2016