ՅՍՏԱԿ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի Հա­յաս­տան տուած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուե­ցան նաեւ եր­կու ու­շագ­րաւ պնդում­ներ։ Ա­ռա­ջի­նը այն էր՝ որ ան Ե­րու­սա­ղէ­մի ա­շա­կեր­տու­թեան շրջա­նին Ա­ւե­տա­րան մը գող­ցած էր Բեթ­ղե­հէ­մի վան­քէն։ Երկ­րորդ պնդու­մը այն էր՝ որ ան Պո­լի­սէն հնա­տիպ գիրք մը վա­ճա­ռած է Ամս­թեր­տա­մի Սուրբ Հո­գի ե­կե­ղեց­ւոյ ծխա­կան խոր­հուր­դին։ Մեր զրոյ­ցին ժա­մա­նակ անդ­րա­դար­ձանք նաեւ այս եր­կու խնդիր­նե­րուն, ո­րոնց կա­պակ­ցու­թեամբ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը մեր նկա­տառ­ման յանձ­նեց եր­կու նա­մակ­ներ։ Այս վեր­ջին­նե­րը ու­նին ա­ռա­ւել չա­փով վկա­յու­թեան բնոյթ եւ ա­նոնց պատ­ճէն­նե­րը կը հրա­տա­րա­կենք մեր յա­րա­կից սիւ­նակ­նե­րուն մէջ։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը մե­զի յայտ­նեց, որ ե­թէ Ե­րու­սա­ղէ­մի ա­շա­կեր­տու­թեան տա­րի­նե­րուն գո­ղու­թիւն ը­րած ըլ­լար, ա­պա բա­ցա­ռուած էր շրջա­նա­ւարտ ե­ղած ըլ­լա­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը։ Այդ տա­րի­նե­րուն իր տե­սու­չը ե­ղած էր այժ­մու լու­սա­րա­րա­պե­տը՝ Տ. Սե­ւան Արք. Ղա­րի­պեան։ Այս վեր­ջի­նը առ­կայ պնդում­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով պատ­րաս­տած է գրու­թիւն մը, ո­րու բո­վան­դա­կու­թեան մէջ հիմ­նո­վին հեր­քած է այդ շշուկ­նե­րը, ե­րաշ­խա­ւո­րած՝ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան վար­կը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մե­զի ցոյց տուաւ նա­մա­կին պատ­ճէ­նը, ուր ա­մէն ինչ յստակ է միայն­գա­մայ­ն։

Երկ­րորդ պնդու­մը այն է, որ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը բա­ւա­կան եր­կար տա­րի­ներ ա­ռաջ Պո­լի­սէն գիրք մը վա­ճա­ռած է Ամս­թեր­տա­մի Սուրբ Հո­գի ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար։ Ըստ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն, տա­րի­ներ ա­ռաջ Ամս­թեր­տա­մի Ս. Հո­գի ե­կե­ղեց­ւոյ ծխա­կան խոր­հուր­դը իր օգ­նու­թեան դի­մած էր՝ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար հա­յե­րէն հնա­տիպ գիրք մը, որ 1600-ա­կան­նե­րուն լոյս տե­սած էր Ամս­թեր­տա­մի մէջ։ Ծխա­կան­նե­րը կը փա­փա­քէին, որ այդ քա­ղա­քին մէջ հրա­տա­րա­կուած գիր­քը գտնուէր նոյն քա­ղա­քի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան պա­տաս­խա­նած էր, որ ինք չու­նէր այդ գիր­քը ու խոս­տա­ցած էր՝ իր ծա­նօթ գրա­վա­ճառ­նե­րուն դի­մել։ Մի­ջոց մը վերջ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ծա­նօթ գրա­վա­ճառ­նե­րէն մին (Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յար­մար չի դա­տեր տալ այդ գրա­վա­ճա­ռին ա­նու­նը՝ զին­քը խնա­յե­լու հա­մար ան­տե­ղի բա­նա­վէ­ճէ մը) ար­դէն տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ գտած է այդ գիր­քը՝ 3000 ա­մե­րի­կեան տո­լար գի­նով։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Ամս­թեր­տա­մի ծխա­կան­նե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ցած է այս պա­րա­գան եւ ա­նոնք պա­հան­ջուած գինն ալ յար­մար նկա­տե­լով՝ փա­փա­քած են տի­րա­նալ այդ գիր­քին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը միջ­նոր­դած է այդ գոր­ծին՝ գիտ­նա­լով նաեւ, որ քա­նի մը ծխա­կան­ներ ի­րենց անձ­նա­կա­նէն կը հո­գան այդ գիր­քին ծախ­սը՝ գոր­ծը նուի­րե­լու հա­մար ե­կե­ղե­ցիին։ Այ­սինքն, ե­կե­ղեց­ւոյ գան­ձա­նա­կէն ո­չինչ ծախ­սուած է այդ գիր­քը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մե­զի յայտ­նեց, որ ամ­բողջ ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը ա­հա այս է, մինչ ներ­կա­յիս՝ տա­րի­ներ անց կը պնդուի, որ ինք գիրք վա­ճա­ռած է Ամս­թեր­տա­մի Ս. Հո­գի ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար։

Այդ շրջա­նին Ամս­թեր­տա­մի ծխա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը ե­ղած անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը ներ­կա­յիս փոխ-ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօն կը վա­րէ նոյն խոր­հուր­դէն ներս եւ ան է որ իր վկա­յու­թիւ­նը յայտ­նած է՝ այժ­մու նա­մա­կո­վ։

ՆԱՄԱԿ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ

ՅԱՅ­ՏԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ
Առ որ Ան­կէ

Անդ­րա­դառ­նա­լով վեր­ջերս կարգ մը գրու­թեանց եւ յայ­տա­րա­րու­թեանց, ո­րոնց բո­վան­դա­կու­թիւ­նը զար­մա­ցուց մեզ եւ պատ­ճառ դար­ձաւ այս տո­ղե­րը գրո­ղիս ար­տօ­նե­լու, որ ճշմար­տու­թիւ­նը ը­սէ ա­ռար­կա­յօ­րէն, թէ Ար­թին (Յա­րութ Ա­թէ­շեան) այժմ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ, թրքա­հա­յոց՝ Գե­րաշ­նորհ Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեան, 1967-1976 Ժա­ռան­գա­ւո­րաց եւ Ըն­ծա­յա­րա­նի կրթա­կան տա­րեշր­ջանն ա­ւար­տե­լով կը ստա­նայ վկա­յա­կան եւ կը վե­րա­դառ­նայ Պո­լիս ա­պա­գայ իր հովուա­կան ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տը։

Մենք իր ուս­ման ին­նա­մեայ շրջա­նին եր­կու ան­գամ Ժա­ռան­գա­ւո­րաց եւ Ըն­ծա­յա­րա­նի տես­չու­թիւ­նը կա­տա­րե­լով, մօ­տէն հե­տե­ւած ենք ա­շա­կերտ­նե­րուն վարք ու բար­քին եւ ա­նոնց կեն­ցա­ղին։ Ուս­տի ո­րե­ւէ է մե­ղադ­րանք Գե­րաշ­նորհ Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեա­նի հան­դէպ, որ ինք Բեթ­ղե­հէ­մի տա­ճա­րէն Ա­ւե­տա­րան գող­ցած է, սուտ եւ զրպար­տու­թիւն է եւ մեզ հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի։

Թիւ­րի­մա­ցու­թեանց ա­ռաջ­քը առ­նե­լու յոյ­սով այս գրու­թիւ­նը կը յանձ­նենք հան­րու­թեան ազ­նիւ ու­շադ­րու­թեան։

Ա­ղօ­թա­րար
ԳԵՐՇՆ. ՍԵ­ՒԱՆ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ ՂԱ­ՐԻ­ՊԵԱՆ
Լու­սա­րարապետ Ս. Ա­թո­ռոյ

13 Հոկ­տեմ­բեր, 2016
Ե­րու­սա­ղէմ

ՆԱՄԱԿ՝ ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԷՆ

ԼՈՒ­ՍԱ­ԲԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ

Վեր­ջին շրջան­նե­րուն տե­ղեակ դար­ձանք, իբ­րեւ թէ Ամս­թեր­տամ տպուած 1668 թուա­կիր հնա­տիպ Նոր Կտա­կա­րան գիր­քը, Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ ծա­խուած է Ամս­թեր­տա­մի Սուրբ Հո­գի ե­կե­ղեց­ւոյ։

Նախ ը­սեմ, որ յի­շեալ գիր­քը  Ա­րամ Սրբա­զա­նին չէր պատ­կա­ներ, այլ իմ ա­տե­նա­պե­տու­թեանս շրջա­նին եւ իմ խնդրան­քովս սրբա­զան հայ­րը գրա­վա­ճառ­նե­րէն մէ­կուն քով գտած ու գրա­վա­ճա­ռին կող­մէ պա­հան­ջուած գի­նը իմ ու վար­չա­կան ըն­կեր­նե­րուս կող­մէ տրա­մա­բա­նա­կան գտնուե­լով, մեր իսկ դրա­մով գնուած եւ մեր կող­մէ ալ ե­կե­ղե­ցիին նուէր տրուած է։ Այս գնու­մին մէջ ե­կե­ղե­ցին ոչ մէկ ծախս չէ ը­րած։

Զայս ի գի­տու­թիւն կը տե­ղե­կաց­նենք հե­տաքրքրուող­նե­րուն։

ՏԻԳ­ՐԱՆ ՄՂՏԵ­ՍԵԱՆ
Սբ. Հո­գի Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիմ­նադ­րա­մի
Փոխ-ա­տե­նա­պետ

Ամս­թեր­տամ
06.10.2016

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2016