ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՆԻՒԹԵՐ

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ան­գա­րա­յի մէջ։ Աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Պեշ­թե­փէի հա­մա­լի­րէն ներս Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քէն ներս Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հետ տե­սակ­ցե­լու ա­ռըն­թեր ան այ­ցե­լեց Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղով, ուր տեղ­ւոյն վրայ ա­կա­նա­տես ե­ղաւ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին ժա­մա­նակ կա­տա­րուած յար­ձակ­ման հե­տե­ւանք­նե­րուն։ Մեր­քէլ, որ վեր­ջին ան­գամ 2015 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րին Թուր­քիա այ­ցե­լած էր, ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր՝ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պե­տին՝ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի հետ։

Պեշ­թե­փէի մէջ Էր­տո­ղան-Մեր­քէլ զրոյ­ցը տե­ւեց շուրջ եր­կու­քու­կէս ժամ։ Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց գեր­մա­նա­ցի շան­սէօ­լիէն հիւ­րըն­կա­լե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցին եւ յա­ջոր­դած պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին քննար­կուած են զի­նուո­րա­կան, քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, ա­ռեւտ­րա­կան եւ այլ բո­լոր բնոյ­թի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Շօ­շա­փուած են նաեւ բո­լոր ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րը՝ թէ՛ ազ­գա­յին եւ թէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հար­թու­թեան վրայ։ Թուր­քիա-Գեր­մա­նիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րը խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ բե­րած են եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը, ո­րոնք ամ­փոփ ձե­ւով կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցած են նաեւ՝ պաշտ­պա­նու­թեան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ձեռք առ­նուած են նաեւ Եւ­րո­միու­թեան եւ ՆԱ­ԹՕ-ի վե­րա­բե­րեալ չա­փում­նե­րով։ Այդ ծի­րին մաս կազ­մած են նաեւ Ե­գէա­կա­նի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Թուր­քիա եւ Գեր­մա­նիա ներ­կա­յիս ու­նին 35 մի­լիառ տո­լա­րի հա­սած ա­ռեւ­տու­րի մը ծա­ւա­լը։ Այդ մէ­կը զար­գաց­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներն ալ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Պեշ­թե­փէի աղ­բիւր­նե­րը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դե­ցին նաեւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի վե­րա­բե­րեալ քննար­կում­նե­րուն շուրջ։ Էր­տո­ղան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց՝ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն կող­մէ Գեր­մա­նիոյ մէջ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ան բաժ­նեց իր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը՝ ՓՔՔ­-ի, ՖԵ­ԹԷՕ-ի, ՏՀՔՓ-Ճ-ի նման ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու Գեր­մա­նիոյ գոր­ծու­նէու­թեան եւ կա­ռոյց­նե­րուն մա­սին։ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, որ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ան­տե­սու­մը յա­րիր չէ դաշ­նա­կից­նե­րու յա­րա­բե­րու­թեան։ Հե­տե­ւա­բար, Էր­տո­ղան պա­հան­ջեց, որ Գեր­մա­նիոյ մէջ ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­մա­կար­գը գոր­ծէ ա­րագ եւ ՖԵ­ԹԷՕ-ի ան­դամ­նե­րը վե­րա­դար­ձուին Թուր­քիոյ։ Ան­ցեալ տա­րուան երկ­րորդ կէ­սին թուրք-գեր­մա­նա­կան տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ սկսած է բա­րե­լա­ւում մը։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը ե­րէկ անդ­րա­դար­ձան այն քայ­լե­րուն, ո­րոնք կը նա­խա­տե­սուին այդ դրա­կան ըն­թաց­քի տե­ւա­կա­նաց­ման հա­մար։ Էր­տո­ղան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ փա­փաք յայտ­նեց, որ­պէս­զի գեր­մա­նաբ­նակ թուր­քե­րը կա­րե­նան մաս­նակ­ցիլ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն եւ պա­հան­ջեց հա­մա­պա­տաս­խան դիւ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­ծա­յուի­լը։

Գեր­մա­նա­ցի շան­սէօ­լիէն Ան­գա­րա­յի իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ մամ­լոյ եւ ար­տա­յայ­տու­թեան ա­զա­տու­թիւն­նե­րու հար­ցին վրայ։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիոյ մէջ յար­գանք պէտք է ցու­ցա­բե­րուի այս ա­զա­տու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ։ Պեշ­թե­փէի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, գեր­մա­նա­կան կող­մը ա­տեն-ա­տեն թիւր, պա­կաս կամ կողմ­նա­կալ տուեալ­նե­րու հի­ման վրայ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս կու գայ այս նիւ­թին շուրջ։  

Ան­գա­րա­յի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը եւ ի շա­րու­նա­կու­թիւն՝ գաղ­թա­կա­նաց հար­ցը։ Եւ­րո­միու­թեան եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ ա­պա­հո­վուած հա­մա­ձայ­նու­թեան շնոր­հիւ Ե­գէա­կա­նէ ներս գաղ­թա­կա­նաց մա­հե­րը ա­ւար­տած են։ Էր­տո­ղան շեշ­տեց, որ այս ար­դիւն­քին մէջ Ան­կե­լա Մեր­քէլ ու­նի կա­րե­ւոր նպաստ մը։ Յա­մե­նայն­դէպս, ան նաեւ գան­գա­տե­ցաւ, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը այս նիւ­թին շուրջ չի կա­տա­րեր ի­րեն վի­ճա­կած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Էր­տո­ղան մատ­նան­շեց նաեւ Թուր­քիոյ կող­մէ ծա­ւա­լուած պայ­քա­րը՝ Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) դէմ։ Իր կար­գին, Մեր­քէլն ալ ընդգ­ծեց, որ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի շուրջ պէտք է ըլ­լալ սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ։

Միւս կող­մէ, Մեր­քէ­լի Ան­գա­րա­յի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան մի­ջամ­տու­թիւն մը կա­տա­րե­լով յայտ­նեց, որ «իս­լամ» եւ «ա­հա­բեկ­չու­թիւն» բա­ռե­րը բա­ցար­ձա­կա­պէս պէտք չէ օգ­տա­գոր­ծուին հա­մա­տեղ։ Այս ե­րե­ւոյ­թը լրջօ­րէն ցաւ կը պատ­ճա­ռէ մահ­մե­տա­կան­նե­րուն։ «Իս­լա­մի բա­ռա­կան ի­մաստն է խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ Հե­տե­ւա­բար, այդ ի­մաս­տով մէկ բա­ռը մենք ե­թէ ի մի բե­րենք ա­հա­բեկ­չու­թեան հետ, ա­պա այդ կրօ­նի ան­դամ­նե­րը ցաւ կը զգան։ Կը խնդրեմ, որ չօգ­տա­գոր­ծենք այդ բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւ­նը», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, որ որ­պէս մահ­մե­տա­կան նա­խա­գահ մը՝ ի­րեն հա­մար բա­ցար­ձա­կա­պէս ա­նըն­դու­նե­լի է այդ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը։ Ներ­կա­յիս աշ­խար­հի վրայ գո­յու­թիւն չու­նի երկ­րորդ եր­կիր մը, որ Թուր­քիոյ նման պայ­քար կը մղէ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ։ «Բո­լո­րը կը խօ­սին, իսկ մենք կը շա­րու­նա­կենք մեր վճռա­կան պայ­քա­րը ու պի­տի շա­րու­նա­կենք», ը­սաւ Էր­տո­ղան։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017