ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԸՆԴԱՌԱՋ ՏԻԿՆԱՆՑ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Հայ կաթողիկէ հասարակութեան շրջանակները, Մեծ պահոց շրջանին ընդառաջ, երէկ կէսօրուան ժամերուն մասնակցեցան հաւաքոյթի մը, որ կազմակերպուած էր Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին նախաձեռնութեամբ։ Կիւմիւշսույուի «CVK Park Bosphorus» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան շրջանակներէն կանայք հաւաքուեցան ճաշասեղաններու շուրջ։ Վոսփորի գեղատեսիլ համայնապատկերին վրայ, աւելի քան հարիւր յիսուն մասնակիցներով այս հաւաքոյթը արձանագրեց յաջողութիւն՝ մանաւանդ, որ բոլոր ներկաները ունեցան հաճելի ժամանաց եւ ջերմ ու անկեղծ զրոյց ծաւալուեցաւ անոնց միջեւ։

Կազմակերպիչներուն անունով ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մարի Միմար։ Ցերեկոյթի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։

Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին մէջ են հետեւեալ անունները. Հիւլիա Աթսուփ, Ֆիլիզ Ատէմ, Արուսեակ Սուլթանօղլու, Քարոլ Թերզիօղլու, Ժանէթ Թարաքճը, Մարգրիտ Թերտեքեան, Ինտիրա Ուղուրկէլ եւ Մարի Միմար։

Շաբաթ, Մարտ 1, 2025