ՄԱՀ՝ ԱՆԹԱ ԹՈՐՈՍԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է յայտնի արուեստագիտուհի Անթա Թորոս (Անթառամ Թորոսեան), որու կորուստը իսկապէս ցաւալի է եւ խոր յուզում յառաջացուցած է գեղարուեստասէր շրջանակներէ ներս։ Անթա Թորոս թրքահայութեան արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն հետք թողած արուեստագիտուհի մըն էր՝ թատերական գետնի վրայ ծաւալած իր բազմակողմանի եւ յաւակնոտ գործունէութեամբ։

Շարժանկարի եւ թատրոնի աշխարհի մէջ համբաւ ձեռք բերած եւ հիղինակութիւններու շարքին դասուած Անթա Թորոս ծնած էր 12 յունուար 1948 թուականին, Իսթանպուլի մէջ։ Շատ երիտասարդ տարիքի մէջ՝ 1965 թուականին առաջին քայլերը առած էր թատերական ոլորտէն ներս՝ որպէս սիրող։ «Տոսթլար» թատերախումբէն ներս ստացած էր կրթութիւն, իսկ աւելի վերջ արհեստավարժ ձեւով գեղարուեստական, այսինքն թատերական կեանքի նուիրուած էր «Կիւլրիզ Սուրուրի-Էնկին Ճեզզար» թատերախումբէն ներս։ Ալի Փոյրազօղլուի, Նիսա Սերեզլիի եւ Թոլկա Աշքընէրի նման թատրոնի հեղինակութիւններու թատերախումբերուն մաս կազմած էր Անթա Թորոս, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ թատրոնի վրայ աշխատանքներ տարած էր։

Անթա Թորոս, որու կորուստը այսօր կը սգան պոյսահայ թատերական շրջանակները, իրականութեան մէջ, տասնամեակներ շարունակ իր հոգելոյս ամուսնոյն՝ Միսաք Թորոսի հետ նոյնացած ձեւով թատերական կեանքէ ներս աշխատանք տարած էր։ Միսաք եւ Անթա Թորոս ամոլը թէ՛ համայնքային շրջանակներէն ներս եւ թէ ընդհանրապէս Թուրքիոյ թատերական շրջանակներէն ներս կ՚ընկալուէին նոյնացած՝ թէեւ իւրաքանչիւրն ալ ունէին իրենց յատուկ ձիրքերը, իրենց յատուկ ոճը։ Անով հանդերձ, ամբողջութեամբ թատրոնի եւ շարժանկարի նուիրուած Միասք եւ Անթա Թորոսները բոլորի համատարած համակրանքին, յարգանքին ու գնահատանքին առարկայ դարձած էին։

2010 թուականին մահացած էր Միսաք Թորոս, որու կորուստը մեծ ցնցում պատճառած էր Անթա Թորոսին։ Անոնք բախտաւորուած էին դուստրով մը։ Այսօր բոլորը բարոյական զօրակցութեան տրամադրութեամբ կը շօշափեն Իրնա Պիւյիւքսաքայեանը, որ իր ծնողներուն շունչով մեծցած դէմք մըն է։

Թատերական գործունէութեան առընթեր, Անթա Թորոս շարժանկարի եւ հեռատեսիլի աշխարհներէն ներս ալ անանտեսելի աշխատանք տարած էր։ Ան հեռատեսիլներու վրայ սփռուած բազմաթիւ ֆիլմաշարերու մէջ ստանձնած էր դերեր։

Անթա Թորոս, միշտ իր ամուսնոյն՝ Միսաք Թորոսի հետ, պոլսահայ թատրոնի վերելքի ճանապարհին ալ անփոխարինելի եւ անուրանալի ջանքեր գործադրած էր։ Միութենական թատերախումբերու աշխատանքներուն մէջ միշտ գտնուած էր կեդրոնական դիրքի վրայ։ Այս բոլորը արդէն համայնքի գեղարուեստասէր շրջանակները իրեն նկատմամբ մեծ երախտագիտութեան առաջնորդած էին։

Անթա Թորոսի կորուստով թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի երկնակամարէն կը սահի մեծ աստղ մը, որու փայլը տակաւին երկար ժամանակ կրնայ ներշնչել սերունդները։

Դժբախտաբար, վերջին շրջանին Անթա Թորոս կը պայքարէր անողոք հիւանդութեան դէմ։ Իր առողջական վիճակը՝ մանաւանդ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին զգալիօրէն վատթարացած էր։ Ան դարմանման տակ առնուած էր Պոտրումի պետական հիւանդանոցին մէջ, ուր մասնագէտներու կողմէ իրեն համար ի սպաս դրուած ջանքերը դժբախտաբար մնացին ապարդիւն եւ ան աչքերը փակեց կեանքին։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Անթա Թորոսի հոգւոյն եւ կը վշտակցինք իր ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2025