ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց պոլսահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօնին առթիւ Գումգաբու փութացած էին հիւրերը, որոնք ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Աւանդական այս հաւաքին ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնը թարմ տեղեկութիւններ քաղեց տիկնանց յանձնախումբերու գործունէութեան շուրջ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան բարձր գնահատեց իգական սեռի ներկայացուցիչներու համայնքէ ներս յանձնառութիւնը։

Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Այս վերջինը երէկ կը նշէր իր ծննդեան տարեդարձը, իբր այդ ծափահարութիւններու եւ բարեմաղթանքներու մթնոլորտի մէջ հատուեցաւ անոր համար պատրաստուած կարկանդակը։ 

Շաբաթ, Յունուար 10, 2026