ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 200-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ՝ ՎԱՆԱՏԱՆ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն ներս արդէն սկսած է տիրել տօնական մթնոլորտ։ Այսպէս, Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական գործունէութիւններու սկիզբը բնորոշուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագով, զոր մատոյց Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։ Վանատան Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին Պատրիարքական Աթոռին կողմէ ներկայ գտնուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Հայ կաթողիկէ կղերէն ալ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Ս. Պատարագին, որու ընթացքին Գազանճեան Գերապայծառին առընթերակայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։ Պատարագիչ Գազանճեան Գերապայծառը արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։
Ս. Պատարագի մասնակիցներու շարքին էին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան, Մխիթարեանի մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ գործակից ընկերները, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ թրքահայ համայնքային շրջանակներէն բազում ծանօթ դէմքեր։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, վարժարանի ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին բոլորը բաժակ բարձրացուցին դպրոցի յարատեւութեան համար։ Այս փուլին, մատակարար մարմնի անդամներուն առընթեր, ներկաները ջերմօրէն հիւրասիրեցին նաեւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արսէն Գովան եւ ընկերները, դպրոցի տնօրէնուհիները եւ Մխիթարեանի ընտանիքի այլ պատասխանատուներ։