ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԻՏՈՒՀԻԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Յայտնի դերասան ու թատերական գործիչ Սօսի Ճնտոյեանի «Bir Hayat Bol Sohbet» խորագրեալ գիրքը այս շրջանին համայնքային շրջանակներէ ներս կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։ Սօսի Ճնտոյեան տասնամեակներէ ի վեր եղած է պոլսահայ թատերական կեանքի մղիչ ուժերէն մին։ «Արաս»ի կողմէ լոյս ընծայուած գիրքին մէջ ամփոփուած են իր յուշերը, որոնք ո՛չ միայն թրքահայ արդի տարեգրութեանց գեղարուեստական գլուխը կը բիւրեղացնեն, այլ նաեւ լոյս կը սփռեն ընկերամշակութային ապրումներու վրայ։
Գիրքի արժանացած անմիջական ուշադրութեան զուգահեռ, «Արաս» հրատարակչատան «Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէս մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Գինեձօնը առիթ դարձաւ, որպէսզի Սօսի Ճնտոյեանի գեղարուեստով լի կեանքի ոդիսականը թարմանայ իր համակիրներու եւ հետաքրքիրներու մտքին մէջ։ Գիրքի ծանօթացման այս հաւաքոյթը վերածուեցաւ նաեւ հեղինակի մեծարանքին։ Ձեռնարկի ընթացքին Սօսի Ճնտոյեանի հետ զրուցեց Պեթիւլ Պաքըրճը, որ եղած է գիրքին խմբագիրը։
Յայտագրի գործադրութենէն վերջ Սօսի Ճնտոյեան մակագրեց իր գիրքերը՝ ջերմօրէն շրջապատուելով բոլորին կողմէ։