ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԵՌՈՒԶԵՌ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանը, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընարն ու միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցի հիմնադրութեան 130-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ նախատեսուած կարեւոր ձեռնարկի մը շուրջ։ Այսպէս, ի նշանաւորումն այս կարեւոր յոբելեանին յառաջիկային պիտի ցուցադրուի «Ամերիկացի» ֆիլմը, որ վերջին շրջանին հայկական աշխարհէ ներս ուշադրութիւն կը գրաւէ։
Լենա Ենիեորկան, Տենչա Չընար եւ Առլին Եշիլթեփէ դիտել տուին, որ ֆիլմի ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ։ Սա եւս յատկանշական պարագայ մըն է, որովհետեւ «Նարեկեան» սրահը վերջերս ծաւալուն վերանորոգութեան մը ենթարկուած է ու վերազինուած արդիական թեքնիք սարքաւորումներով։ Հետեւաբար, Էսաեան վարժարանի յոբելեանին ձօնուած այս ձեռնարկը, միեւնոյն ժամանակ, «Նարեկեան» սրահի վերաբացումը պիտի բնորոշէ։
Ուրախառիթ է վկայել, որ Պէյօղլուի ընտանիքը վերջին շրջանին հետեւողականօրէն նոր ձեռքբերումներ կ՚ապահովէ, իսկ այս պարագային այդ ձեռքբերումները արդէն կը համատեղուին Էսաեան վարժարանի յոբելեանին վերաբերեալ խորհրդանշական իրադարձութիւններով։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երէկուան հանդիպման ընթացքին Ենիեորկան, Չընար եւ Եշիլթեփէ զրուցեցին թերթիս հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի հետ, որ եւս Էսաեան վարժարանի սաներէն է։ Այսպէս, էսաեանցիներու միջեւ բարձր տրամադրութեան առիթ ընձեռած հանդիպման մը վերածուեցաւ երէկուան այցելութիւնը՝ քանի վարժարանի շրջանաւարտները այս շրջանին կ՚ապրին արդար հպարտութիւնը՝ այս պատմական կրթօճախը վերստին վերելքի ճանապարհին տեսնելու բերումով։
Միւս կողմէ, Ենիեորկան, Չընար եւ Եշիլթեփէ երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որու հետ զրուցեցին նոյն օրակարգին շուրջ՝ ստանալով անոր օրհնութիւնը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։