Երեքշաբթի 11, Փետրուար 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն խումբ մը ներկայացուցիչներ։ Յառաջիկայ ամսուան սկիզբին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը պիտի նշէ իր կրկնակ տարեդարձները, որոնց ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրընկալեց թաղի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, որ նաեւ դպրաց դասու նախագահն է։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրերէն ստացած տեղեկութիւններու լոյսին տակ կրկնեց իր գնահատանքը Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին նկատմամբ։ Ան օրհնեց երգչախումբի գործունէութիւնը՝ մաղթելով յարատեւութիւն։
Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2025