ԻՐԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Իրանի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Կիւմիւշսույուի «CVK Park Bosphorus» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին Իսթանպուլի մօտ Իրանի աւագ հիւպատոս Ահմէտ Մուհամմէտ ջերմօրէն ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ աւագ հիւպատոսը շնորհաւորեց Իրանի Ազգային տօնին առթիւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Միւս կողմէ, նոյն ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2025