ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ

Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռուբէն Մխճեան հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Պատրիարքարանի կողմէ երէկ այս եկեղեցւոյ վերաբերեալ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մը մէջ՝ որպէս թաղային խորհուրդի ատենապետ նշուած է Միսաք Կիւլլիւքի անունը։

Այս առաւօտ հեռաձայնային կապ հաստատեցինք Ռուբէն Մխճեանի հետ, որ յայտնեց, թէ միջոց մը առաջ հրաժարած էր Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն։ Ան աւելցուց, որ հրաժարականին մասին որեւէ հրապարակում չէր կատարած՝ աղմուկ յառաջացնելէ զերծ մնալու համար։

Համայնքային վերջին ընտրութիւններուն Ռուբէն Մխճեան ընտրուած էր Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղական՝ յաջորդելով Միսաք Կիւլլիւքին, որ երկար տարիներ վարած էր այդ պաշտօնը։ Ռուբէն Մխճեանի լուսահոգի հայրը՝ հանգուցեալ Գրիգոր Մխճեան երկար տարիներ զօրակցութեան առարկայ դարձուցած էր այս եկեղեցին։ Անոնք եղած էին Միսաք Կիւլլիւքի հետ լծակիցներ։ Այս բոլորէն վերջ, համայնքային շրջանակներուն կողմէ ողջունելի դարձած էր Ռուբէն Մխճեանի թաղային խորհուրդին գլուխը անցնիլը։ Ըստ երեւոյթին, ներքին ներդաշնակութեան հասնիլ կարելի չէ եղած եւ վրայ հասած է այս հրաժարականը, որմէ վերջ թաղային խորհուրդին գլուխը դարձեալ անցած է Միսաք Կիւլլիւք։

Հարկ է նշել, որ Ռուբէն Մխճեան միեւնոյն ժամանակ մաս կը կազմէ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2025