ՇԻՇԼԻԻ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Շիշլի մարզակումբը կը պատրաստուի նշել իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Սա իսկապէս յատկանշական դարադարձ մըն է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը մշակած է ծրագիր մը, որու նկատակն է յոբելենական շրջանը արժեւորել հնարաւորինս արդիւնաւէտութեամբ եւ ապագայատեսիլ հայեացքով։

Ակումբի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ յոբելենական պատրաստութիւններու շրջանակներէն ներս, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին, Շիշլիի հաւաքատեղիին մէջ նախատեսուած է ժողով մը։ Այս ժողովին հրաւիրուած են համայնքային շրջանակներէն այն դէմքերը, որոնք Շիշլիի յոբելենական փուլին ունին իրենց մօտեցումները, սպասումները եւ կ՚ուզեն համապատասխան կարծիքները բաժնել վարչութեան հետ։

Ի լրումն այս բոլորին, Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները կը ձգտին յոբելեանի ընդառաջ համախմբել համայնքի այն երիտասարդները, որոնք զանազան համալսարաններու մարմնամարզի վերաբերեալ բաժինները կը յաճախեն կամ այդ բաժիններէն վկայուած են։ Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին նախատեսուած կարծիքի փոխանակումներուն ընդառաջ Շիշլիի վարչութիւնը այսպիսի երիտասարդները կը ջանայ մասնաւորապէս թիրախաւորել, որպէսզի մարմնամարզի պարագային արհեստավարժ մակարդակով հետաքրքրութիւն կամ փորձառութիւն ունեցող նոր սերունդի ներկայացուցիչները համախմբուին, ինչ որ ակումբին առջեւ նոր հորիզոններ կրնայ ստեղծել։

Ակումբի աղբիւրները յստակացուցած են ժողովի վայրի, թուականի, ժամի վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւնները։ Հրապարակուած են նաեւ հաղորդակցութեան տուեալներ՝ բոլոր հետաքրքիրներուն համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2025