ՍՈՒՐԲԵՐ՝ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԸ
Եկեղեցական եւ առհասարակ ազգային գրականութեան հիմքը դրուեցաւ այն օրերէն, երբ 404 թուականին բազմահանճար Սուրբ Մաշտոց հայկական տառերը գտաւ եւ առաջին հայ գիրքը գրուեցաւ։
Այս նշանաւոր անցքը մեծ ոգեւորութեամբ կը նկարագրեն հայ պատմիչները՝ ցոյց տալով այն մեծ բարիքները՝ որ հայ ժողովուրդը այդ փոքր նշանախեցերէն ստացաւ։ Հայ տառերու գիւտէն անմիջապէս յետոյ դպրոցներ բացուեցան եւ սկսուեցաւ թարգմանչական գործունէութիւն մը՝ որով արեւելեան ժողովուրդ մը հաղորդակից եղաւ եւրոպական մտածողութեան եւ գաղափարներուն։
Հայերէն լեզուի տառեր յօրինելու գաղափարը ծնունդ էր քարոզելու այն դժուարութեան՝ որ կը կրէին Սուրբ Մաշտոց Վարդապետը եւ անոր մեծահասակ թարգմանիչ աշակերտները. այս իսկ պատճառով բնականօրէն նորահաստատ հայ գրականութիւնը կրօնական-քարոզչական ուղղութիւն պէտք է ունենար, որ անհրաժե՛շտ էր դարեր առաջ քրիստոնէութիւն ընդունած Հայ ժողովուրդին քրիստոնէական բարոյական գաղափարներով վերածնելու եւ լուսաւորելու համար։
Եկեղեցական եւ ազգային գրականութեան առաջին կոթող հանդիսացաւ «Սուրբ Գիրքի հոյակապ թարգմանութիւն»ը՝ որ կատարեցաւ Ե. դարու առաջին կիսուն Սուրբ Սահակ Պարթեւի ձեռքով։ Ղազար Փարպեցին կը ներկայացնէ այն պաղատանքը՝ որով հայ ժողովուրդը դիմեց Սուրբ Սահակ Պարթեւին Սուրբ Գիրքը հայերէն թարգմանելու եւ հայաշխարհի հոգեւոր մշակութեան պատճառ դառնալու համար։
Մեծ Հայրապետը կատարեց ազգի ցանկութիւնը եւ իսկոյն թարգանութեան ձեռք զարկաւ։
Որչա՜փ եւ մեծ էր Սուրբ Սահակի աշխատանքը եւ հմտութիւնը, բայց եւ այնպէս, դժուար էր այն ժամանակներուն միայնակ գլուխ բերել Սուրբ Գիրքի թարգմանութիւնը՝ մա՛նաւանդ, որ ան հայրապետական գործերով եւս զբաղած էր բնականաբար. ուստի կարելի չէ բնաւ տարակուսիլ, որ այդ գործի թարգմանութեան մէջ մասնակցութիւն ունեցան Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը եւ երէց թարգմանիչները։
Թարգմանութիւնը կատարուեցաւ կրկին անգամ. նախ՝ ասորերէնէն եւ ապա յունարենէն։
Ինչպէս կ՚երեւի՝ Սուրբ Սահակ Պարթեւ եւ իր գործակիցները առանձին վստահութիւն չունէին իրենց ասորական «փեշիտօ» կոչուած թարգմանութեան հարազատութեան վրայ, ուստի եւ հետամուտ եղան Աստուածաշունչի Եօթանասնից յոյն թարգմանութեան «ճիշդ եւ ստուգուած» օրինակներ ձեռք բերել՝ որոնք Եւսեբիոս եպիսկոպոսի խնամքով կատարուած՝ որ պահուած էին Բիւզանդիոն։
432 թուականին հայ թարգմանիչներ Բիւզանդիոնէն վերադառնալնուն՝ իրենց հետ բերին այնպիսի ճշդուած օրինակ մը՝ որուն համեմատ նախկին թարգմանութիւնը սրբագրուեցաւ կամ կրկին թարգմանուեցաւ, եւ այդ՝ կը շարունակէ գործել մինչեւ ցայսօր։
Աստուածաշունչի հայ թարգմանութիւնը թէեւ բնագիր համեմատութեամբ շատ մութ եւ անհասկնալի կտորներ ունի (մանաւանդ մարգարէութիւններու մէջ), բայց այդ հետեւանքն է իսկապէս «Եօթանասնից» կոչուած յոյն թարգմանութեան. ընդհանրապէս առնելով հայ թարգմանութիւնը հաւատարիմ, վսեմ եւ ճշգրիտ է, ըստ ամենայնի բնագրի ոգին եւ վսեմութիւնը ցայտեցնող։
Տարակոյս չկայ, որ Ե. դարուն Սուրբ Գիրքը ամբողջապէս թարգմանուեցաւ։
Կորիւնը թուելով Հայ տառերու գիւտի բարերար հետեւանքները՝ խօսքը Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան վրայ կը դարձնէ եւ կ՚ըսէ. «Այն ժամանակ օրէնուսոյց Մովսէսը մարգարէական դասին հետ եւ յառաջադէմ Պաւղոսը բովանդակ առաքելական գնդի եւ աշխարհակեցոյց աւետարաններու հետ… հայաբարբառ եւ հայրերէնախօս եղան…»։
Կորիւնի այս թանկագին վկայութիւնը կը հաստատէ Եզնիկի, Եղիշէի եւ ուրիշներու բերած վկայութիւններով եւ ակնարկելով, որով Սուրբ Գիրքի Ե. դարուն ամբողջապէս թարգմանուած ըլլալուն ամենեւին տարակոյս չի մնար։
Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ սկիզբ դրուեցաւ եռանդուն գործունէութեան մը՝ որով Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրերու գործերը մատչելի դարձան հայ ժողովուրդին։
Թարգմանութիւնները նախ կատարուեցան ասորերէն լեզուէն, եւ ապա՝ յունարէնէն, եւ այս գործի մէջ մեծ արդիւնք եւ վաստակ ունեցան Յովսէփ, Յովհան, Եզնիկ, Կորիւն եւ Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մնացեալ աշակերտները՝ որոնք ընդհանրապէս յայտնի են «թարգմանիչներ» անունով։
Այսպէս ընտիր ոճով այս ժամանակներուն թարգմանուեցան Եփրեմ Ասորիի, Բարսեղ Կեսարացիի, Կիւրեղ Աղէքսանդացիի, Կիւրեղ Երուսաղէմացիի, Յովհան Ոսկեբերանի եւ ուրիշներու ընտիր գործերը՝ որոնցմով կրթուեցաւ եւ դաստիարակուեցաւ հայ ժողովուրդը եւ քրիստոնէական գաղափարները առաւել ուժ եւ հաստատութիւն գտան։ Թարգմանական գրականութիւնը հիմք դարձաւ նաեւ ինքնուրոյն ազգային գրականութեան՝ որ հայ ազգի գոյութեան եւ տեւականութեան զօրաւոր սիւներէն մէկը եղաւ։
Հայոց ինքնուրոյն գրականութեան առաջին հեղինակ հանդիսացաւ Սուրբ Սահակ Պարթեւ, որ բացի Սուրբ Գիրքի թարգանութենէն՝ թողած է մի քանի ուրիշ նամակներ՝ դաւանաբանական եւ այլ բովանդակութեամբ, եւ «Գիր աւանդութեան եւ կանոնք» կոչուած ընդհանրական նամակները, որոնց մէջ մանրամասն կը խօսի Եկեղեցւոյ Ուխտի փոխադարձ յարաբերութեան եւ պարտականութիւններու մասին։
Հայ հոգեւոր բանաստեղծութեան (=շարականներու) նախկին հեղինակ նոյնպէս Սուրբ Սահակ Պարթեւը կը համարուի։ Բանաստեղծութիւնը կրօնական գաղափարներ տարածելու շատ նպատակայարմար գործեր էր, եւ մենք կը տեսնենք, որ հայ դրացի քրիստոնեայ ազգերու մէջ եւս այդ միջոցը կը գործադրուի։ Ասորի եկեղեցական երգերու հեղինակ կը հանդիսանայ Եփրեմ Ասորին, յունաց եկեղեցւոյ մէջ՝ Գրիգոր Աստուածաբանը, իսկ հռովմէական եկեղեցւոյ մէջ՝ Ամբրոսիոս եպիսկոպոսը՝ բոլորն ալ Դ. դարուն…
Շնորհաւոր ըլլայ Սրբոց Թարգամնաչաց տօնը՝ հետեւելով անոնց սրբազան գործին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 10, 2025, Իսթանպուլ