ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր նշուեցաւ նաեւ իր գահակալութեան վեցերորդ տարեդարձը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեան Սեւան Ակօշեանի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայը տուաւ օրուան պատգամը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Սամաթիոյ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ թաղի յարակից մարմիններէն բազմաթիւ դէմքեր մասնակցութիւն բերին այս հաւաքոյթին, որ բնորոշեց նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան վեցերորդ տարեդարձը։ Նուրհան Տավուլճեան այս առթիւ արծաթեայ յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Նորին Ամենապատուութեան՝ մաղթելով արեւշատութիւն եւ գահակալութեան երկար տարիներ։