ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գանատայէն եւ Ռուսաստանէն երկու հայ գիտնականներ, որոնց ճամբան այս շրջանին ծրագրի մը համար խաչաձեւուած է Երեւանի մէջ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Հրանդ Երիցկինեան եւ Արտեմ Վանեան, որոնք այս օրերուն ճանաչողական այցելութեամբ Իսթանպուլի մէջ կը գտնուին։ Պոլսահայութեան ընդհանուր դիմագծին եւ հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին տարրական պատկերացում մը կազմելու առաջադրութեամբ՝ անոնք կը ջանան առաւելագոյն արդիւնքը քաղել իրենց կեցութեան սահմանափակ օրերէն։ Երիցկինեան եւ Վանեան այս ծիրէն ներս փափաքած էին այցելել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր զրուցեցին թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան զանազան նիւթեր, որոնք հայ իրականութեան ընդհանուր օրակարգին մաս կը կազմեն։
Հիւրերը, որոնք առցանց կը հետեւին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրապարակումներուն, հրաժեշտ առնելէ առաջ մեր միջոցաւ թերթիս ընթերցողներուն փոխանցեցին իրենց ողջոյնները։