ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՔԷՐՄԷՍ

Ս. Զատկի ընդառաջ Ֆէրիգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը՝ ի նպաստ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին։ Ս. Զատկի շրջանի աւանդական նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած քէրմէսի այցելուները սպառեցին՝ տաղաւարներու վրայ իրենց տրամադրութեան տակ դրուած, տօնական շրջանի բնորոշ իրեղէնները։ 

Դպրոցի ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած էր քէրմէսը, որու սկիզբին կատարուած աշխատանքը օրհնեց Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Փալաքօղլու եւ տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ եւս փութացած էին ծնողաց միութեան զօրակցելու։ Բոլորը ծնողաց միութիւնը շնորհաւորեցին յաջող ու ճաշակաւոր պատրաստութիւններուն համար։

Շաբաթ, Ապրիլ 12, 2025