ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերջին Արեւագալին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր լսեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պատգամին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ բոլորը հաւաքուեցան պահքի սիրոյ սեղաններու շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց սեղանը, զոր պատրաստուած էր տիկնանց կազմին կողմէ։ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը եւ բոլոր հաւատացեալները, որոնց բարեմաղթանքներ յղեցին Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ։ (Լուսանկարը՝ եկեղեցիէն)

Շաբաթ, Ապրիլ 12, 2025