ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՆՆԱ ԳԱՎԱՖԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէց սերունդի կրթական մշակ Աննա Գավաֆեան կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով պոլսահայ կրթական համակարգը։ Երկար տասնամեակներ սերունդ հասցնելու ճանապարհին անձնդիր ու անշահախնդիր գործունէութիւն ծաւալած էր Աննա Գավաֆեան, որ համատարած երախտագիտութեան ու յարգանքի, բարի համբաւի արժանացած էր՝ կրթական մշակի իր կոչման նկատմամբ հաւատարմութեամբ։ Ան իր առաքելութիւնը կ՚իրականացնէր մեծ նուիրումով, նախանձախնդրութեամբ ու զոհողութեամբ, որոնց արդիւնքով եւ ձեռք բերած փորձառութեամբ, ապահոված նուաճումներով՝ հեղինակութիւն մը կը համարուէր մանկավարժութեան բնագաւառէն ներս։ 

Նորոգ հանգուցեալ Աննա Գավաֆեան, կրթական բնագաւառի բազմակողմանի աշխատանքով հանդերձ, Էսաեան վարժարանին հետ նոյնացած դէմք մըն էր։ Բացի ուսողութեան եւ բնագիտութեան ուսուցչուհի ըլլալէ, տիրաբար վարած էր նաեւ տնօրէնուհիի պաշտօնը։ Հինգ տարուան այդ պաշտօնավարութեամբ եւ մնացեալ ծառայութիւններով ան արդէն կ՚առանձնանայ դպրոցի տարեգրութեանց մէջ։ Դժբախտաբար, Աննա Գավաֆեանի ցաւալի կորուստը կը զուգադիպի Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեակի արժմու յոբելենական շրջանին։ Էսաեանի ընտանիքը կը համարէ, որ ողբացեալ Աննա Գավաֆեանի անունը ոսկէ տառերով արձանագրուած կը մնայ դպրոցի պատմութեան մէջ։ 

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Աննա Գավաֆեանի բարի հոգւոյն ու մեր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր ընտանիքին։

Շաբաթ, Ապրիլ 12, 2025