ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցիէն ներս նախատեսուած վերանորոգման աշխատանքներուն շուրջ։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեցին, թէ յառաջիկայ շրջանին ստիպողաբար եկեղեցին պաշտամունքի փակ պիտի մնայ եւ վերանորոգութեան աշխատանքներու աւարտին, ամենայն հաւանականութեամբ, յառաջիկայ Ս. Զատկին դարձեալ եկեղեցւոյ դռները պիտի բացուին հաւատացեալներուն առջեւ։ 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց սրբավայրի պայծառութեան ուղղեալ նախաձեռնութիւնը եւ յաջողութեան ու կարողութեան բարեմաղթանքներ յղեց թաղականներուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 13, 2026