ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՍԵՐՔԱՆ ՊԱՅՐԱՄԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Սերքան Պայրամը։ Այս վերջինը Գումգաբու փութացած էր Ս. Ծնունդի տօնին առթիւ շնորհաւորութիւններ յղելու։ Երեսփոխանը, որ միեւնոյն ժամանակ իրաւաբան է, Նորին Ամենապատուութեան հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց մը։ 

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխանի ուշադիր վերաբերմունքին համար։ Հրաժեշտի պահուն Նորին Ամենապատուութիւնը պատգամաւորին նուիրեց աւանդական նուռ մը։

Երեքշաբթի, Յունուար 13, 2026