Հինգշաբթի 13, Մարտ 2025
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Արեւագալի ժամերգութեան նախագահեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքուած էին զանազան թաղերէ փութացած ուխտաւորներ։ Նորին Սրբազնութիւնը արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Հուսկ, ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի կողմէ գլխաւորուած Թոփգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պահքի սիրոյ սեղանով մը մեծարեց Նորին Սրբազնութիւնը, որու գլխաւորութեամբ սրահին մէջ հաւատացեալներուն միջեւ ստեղծուեցաւ ջերմ զրոյցի մթնոլորտ։
Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025