ՓՐՈՖ. ԱԼՊԵՐԹ ԽԱՌԱՏԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուի հայկական գիտական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն փրոֆ. Ալպերթ Խառատեան, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի Պատմութեան կաճառի սիւներէն մին է։ Ան Իսթանպուլի մէջ գտնուելու առիթը ծառայեցուցած է նաեւ այցելելու համար Պատրիարքարան։ Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց զինքը։ Ալպերթ Խառատեան զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեց, որ Պոլսոյ պատմութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ ուսումնասիրութիւններու համար կը գտնուէր Իսթանպուլի մէջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց Ալպերթ Խառատեանը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ ան հնարաւորութիւն ունեցած է ուսումնասիրութիւններու համար քաղաքս այցելելու։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ալպերթ Խառատեանի վերջին աշխատանքներուն շուրջ ստացած տեղեկութիւններուն լոյսին տակ արտայայտեց իր ուրախութիւնը եւ բարձր գնահատանքը՝ մաղթելով յաջողութիւններ։ Ան աղօթեց, որպէսզի հեղինակաւոր գիտնականի ճանապարհը միշտ ըլլայ կանաչ եւ ան շարունակէ իր ներդրումը բերել հայկական գիտական աշխարհին։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)