ՄԱՀ՝ ՅԱԿՈԲՃԱՆ ՄԱՇԱԼԵԱՆԻ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը սգայ իր սիրեցեալ հօր կորուստը. ոչ եւս է Յակոբճան Մաշալեան։ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ան երէկուայ լուսադէմին կնքած է իր մահկանացուն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր միջոցէ մը ի վեր դարմանման տակ կը գտնուէր։
Յակոբճան Մաշալեան հայկական նահապետական ընտանիքի տիպար հայր մըն էր։ Կեանքի չարքաշ պայքար մղած, իր կողակցին հետ զաւակներ հասցուցած եւ ի վերջոյ անոնց համար իր հնարաւորը առաւելագոյնս ըրած ըլլալով հանգստեան կոչուած անձնաւորութիւն մըն էր Յակոբճան Մաշալեան, որ իր շրջանակին մէջ յարգանք ու սէր կը վայելէր, կը յաջողէր իր համակրանքով բոլորի սիրտը գրաւել։
Դժբախտաբար, նախախնամութեան տնօրինութիւնը այնպէս մը եղաւ, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը սիրեցեալ հօրը հրաժեշտ տալու պարտաւորուեցաւ՝ իր անուանակոչութեան օրով։
Նորոգ հանգուցեալ Յակոբճան Մաշալեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս հինգշաբթի՝ 16 հոկտեմբեր 2025, ժամը 13.00-ին, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալի հոգւոյն՝ խորապէս ցաւակցելով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, տիրամօր, հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ համայն ընտանիքին։