ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ԹՈՄՈՆ…

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս յուզումնախառն շաբաթավերջ մըն է… Բոլորի յիշողութեան մէջ է անմոռանալի ու ամենասիրելի Եդուարդ Թովմասեանը՝ Թոմոն, որ կ՚ոգեկոչուի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Ան թէեւ իր բոլոր սիրելիներու եւ ծանօթներու յիշողութեան մէջ կ՚ապրի՝ որպէս բարձր տրամադրութեան կերպար, սակայն, իր բացակայութիւնը եւ իրմէ զրկուած ըլլալու զգացումը դուռ կը բանան յուզումի։ Բոլոր անոնք, որոնք Թոմոն կը սիրէին, անմխիթար կը կարօտնան զինքը ու կը բախին բնութեան դաժան տնօրինութեան, որով ան ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ։

Յամենայնդէպս, ինչպէս որ մարդ արարածը միայն մարմին չէ, ապա անոր ապրած կեանքն ալ չի կրնար բացատրուիլ միայն ֆիզիքականով, առարկայականով կամ նիւթականով։ Թոմոն սիրելիներուն վրայ այնպիսի հետք մը թողած էր, որ մէկ կողմէ բացարձակապէս ֆիզիքական չէ, իսկ միւս կողմէ՝ բացարձակապէս անջնջելի է։ Իր քաղցր յիշատակը այսօր շատ բան կը պայմանաւորէ ո՛չ միայն իր ընտանիքին կամ սիրելիներուն, այլեւ շատերու համար, որոնք շփուած են իրեն հետ ու վայելած՝ անոր մտերմութիւնը։ Թոմոյի անկեղծութիւնը, ժպիտը կը բնորոշեն վառ հետքեր՝ անկախ իր հետ ֆիզիքական շփման հնարաւորութենէն։

Զանազան բնագաւառներու մէջ ծաւալած գործունէութիւնով եւ արձանագրած յաջողութիւններով հանդերձ, ան այնպիսի մարդ մըն էր, որ այսօր, յետմահու կենսագրութեան միւս երեսակներուն վրայ կը ճնշէ մարդկային կողմը։

Վերյիշման, ոգեկոչումի ու կարօտի խաչմերուկին վրայ՝ բի՜ւր յարգանք ու սէր Թոմոյին, որ յաչս շատերուն եկաւ աշխարհ, սակայն, չանցաւ-չգնաց այս աշխարհէն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2025