Չորեքշաբթի 14, Յունուար 2026
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՒՄԻԹ ԷՕԶՏԱՂԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց «Զաֆէր» կուսակցութեան ղեկավար Իւմիթ Էօզտաղը, որուն կ՚ընկերանային կուսակցական այլ դէմքեր։ Զրոյցի ընթացքին տրուեցան ընդհանուր համակեցութեան պատգամներ։ Օրակարգի վրայ եկան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան հարցերը։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ հայ համայնքի անդամներուն թիւը թափով կը նուազի, ինչ որ կորուստ մը կը համարուի Թուրքիոյ տեսակէտէ։
Չորեքշաբթի, Յունուար 14, 2026