Կիրակի 16, Փետրուար 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՃԱԲՈՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
Ճաբոնի կայսեր ծննդեան տարեդարձին առթիւ, երկրի հիւպատոսարանին նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան, քաղաքիս մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Պէշիկթաշի «Քոնրատ» պանդոկի համալիրէն ներս։ Այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որուն ընկերացաւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիմաւորուեցաւ Ճաբոնի աւագ հիւպատոս Քասահարա Քինիչիի կողմէ, որու անձին մէջ յղեց շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։ Իր կարգին, աւագ հիւպատոս Քինիչին ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան ներկայութեան համար։
Շաբաթ, Փետրուար 15, 2025