ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս մասնակցեցան TAZOF-ի կողմէ կազմակերպուած մտախաղերուն։ Անոնցմէ ոմանք մաս կազմեցին դափնեկիրներու շարքին, ինչ որ մեծ ուրախութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։

Բաց աստի, դպրոցի ներկայացուցիչ աշակերտները մասնակցութիւն բերին բանավէճի մրցոյթի մը։ Միջվարժարանային այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Արկիւման» գործարանի հետ համագործակցութեամբ, ENKA վարժարաններու ցանցին կողմէ։ Ֆէրիգիւղցիները խմբային դասաւորման մէջ դարձան երկրորդ, իսկ անհատական դասաւորման մէջ անոնցմէ մին հանդիսացաւ առաջին։ Այս մրցոյթին տղաքը պատրաստուած էին՝ թրքերէնի ուսուցչուհի Ժալէ Քայայի հսկողութեան ներքեւ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2025